Ես Ու Սեւանի Հորթուկը
Նոյն տանիքին տակ քանի մը օրեր եւ գիշերներ միասին անցընելու համար, էրիկ կնիկ, ամերիկաբնակ եւ ներկայիս հայրենիք հաստատուած հին բարեկամի մը կողմէ, Սեւան գիւղաքաղաքի իր բնակարանը հրաւիրուեցանք: Ու ինչ մեղքս պահեմ, ամբողջ ճամբու ընթացքին, անհատնում հարցումներովս զինք գրեթէ յոգնեցուցած էի: Կը զգայի այդ մէկը: Բայց ձեռքս չէր: Անմեղ հետաքրքրութիւն:
-Ինչո՞ւ Սեւան եւ ոչ՝ Երեւան…, ուրկէ՞ ուր…, ինչպէ՞ս օրերդ ու ժամերդ կ՚անցընես. ու նման երկար-բարակ հարցումներ, որոնց բարեկամս մէկիկ մէկիկ ու մանաւանդ համբերատար՝ պատասխանեց: Ապա վերջը, իբրեւ նախապտոյտ՝ պատմական մեր «ծով»ուն՝ Սեւանայ լիճին շուրջ սանկ պզտիկ «կլոր» մը դառնալէ ետք, լիճէն քիչ մը անդին, գիւղական տարածութիւն մը յիշեցնող Սեւան «քաղաքը» մտանք, մտքիս մէջ ամրապէս փորագրած՝ Գեղամայ լեռներուն գեղեցկութիւնն ու հայրենի մեծ լիճին հիացմունքս:
Հազիւ տուն մտած, տանտէրս զիս իր բնակարանի երկրորդ յարկի պատշգամը տարաւ, հոնկէ դիտելու ամբողջ հորիզոնը: Ու ես չտեսի աչքերով, յափշտակուած դիտեցի քիչ մը հեռուն լեռներու ծոցին մէջ, կռնակի վրայ պառկած, աչքերը երկնքին յառած, ամէն տեսակի բարիքներով լեցուն երկնային այդ պարգեւը՝ լիճը: Կ՚ըսեն, թէ շատ դարեր առաջ, երբ ջրհեղեղը հայոց աշխարհին վրայ ցամքեցաւ, Աստուած ափ մը ջուր թափեց Գեղամայ լեռներուն վրայ եւ զայն անուանեց՝ Սեւանայ ծով: Ու հիմա, կը մտածեմ.- ի՞նչ պիտի ըլլար այս աշխարհը, եթէ չըլլար երկնքի այս գանձը: Եւ ի տես այս բոլորին՝ անկեղծօրէն երկար ժամանակ անշարժ մնացած էի: Մարդ ինչպէ՞ս կրնայ ենթարկուիլ այս տեսիլքին:
-Հարուստ, ե՛ւ հզօր, ե՛ւ գեղեցիկ երկիր մըն է, մեր երկիրը, ըսի ընթրիքի սեղանին շուրջ բոլորուած տնեցիներուն, որմէ ետք անհամբեր մանուկի մը նման աւելցուցի.- «կ՚ուզեմ ընթրիքէն ետք, քիչ մը մինակս քալել…, առանձինս…, գիւղը պտըտիլ…»:
Վայրկեանին, բոլորը կարծես խօսքերնին մէկ ըրած, զիս դիտեցին, համրիչի հատիկներու նման շարուած նայուածքներով:
-Հո՛ս, քեզի համար օտար տեղ է, նայէ՛, կրնաս կորսուիլ, ես ալ հետդ կու գամ, միջամտեց կինս, այնպէս ձայնով մը, որ լսողը պիտի կարծէր, թէ ինք տեղացի մըն էր: Երեւանցի այր մարդոց շեշտով, անմիջապէս խստօրէն ընդդիմացայ.- ո՛չ, մինա՛կս, ըսի խիստ վճիռ տուողի մը նման: Ապա տանտէրը, թաղերու անուններ, մայր պողոտայ, փողոց եւ այլ բացատրութիւններ տալով զիս ճամբու դրաւ նաեւ աւելցնելով.- տե՛ս, շուտով մայրամուտ է, եթէ կորսուելու ըլլաս «ձայն» մը տուր, ու յանձնեց իր հեռաձայնը:
Շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ բոլորին «ցը» մը ըսելէս ետք, ինկայ փողոց: Տակաւին կանաչ հովիտի մը մէջ անշարժ պառկած էր ամբողջ գիւղը: Բացայայտ էր, որ արեւը Գեղամայ լեռներէն սկսած էր հեռանալ: Ճամբաներէն չորցած խոտի, յարդի, քրտինքի եւ թրիքի հոտ կու գար: Նոյնիսկ հացի եւ տաք մոխիրի հոտ: Կը քալէի կէս երազի մէջ ինկած մարդու նման: Հոս հոն, տարեց եւ երիտասարդ մարդիկ, յաճախ դեղնած դէմքով, սիկառէթ մը իրենց մատներուն ծայրը, մայթերուն եզրին կամ իրենց տուներու շեմին նստած իրարու հետ կը զրուցէին: Շատեր ալ, իրենց ծիծաղը խառնելով թռչուններու երգին, բարձրաձայն կը խնդային:
Անցայ նեղ թաղերէ ու վերջապէս հասայ մայր փողոց: Եւ որպէսզի վերադարձի ճամբաս գտնէի, միշտ մտքիս մէջ կը պահէի յատկանշական «բաներ».- «սա փլատակ տունէն ձախ դարձած եմ», «փոյթով վաճառւում է» գրութենէն աջ»՝ «այս մաշած նաւակ»էն դէպի վեր, եւ այլն: Պէտք է, ըսել, որ գիւղի տեսարանը հրապուրիչ ալ էր: Ու չեմ գիտեր, որքան ատեն քալած էի ու նոյնիսկ չէի անդրադարձած, որ երեկոն արդէն եկած ու հասած էր արագ, մեղմ գոյներ հագած: Անոր համար էր, որ երբ ականջիս սկսած էին հասնիլ նախճիրներու եւ հօտերու «ձայները», նոյնիսկ տեսանելի էին թաղերուն մէջ անտարբեր շուներու խաղերն ու մարդոց ոտքերուն տակ պտըտող հաւերը, ինքզինքս շուտով «հաւաքեցի»: Ի՜նչ զուգադիպութիւն. յանկարծ դիմացս յայտնուեցաւ հորթուկ մը: Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ սեւով սրճագոյն խառն մորթով, քիչ մը աղտոտ ու փոշոտ, գիրուկ կազմով եւ շարունակ պոչը խաղցնող այս կենդանին, իր «խումբէն» սխալմամբ բաժնուած ըլլալու էր ու հոս հասած՝ եւ հիմա ալ կը փորձէր յառաջանալ դէպի տուն մը, որուն անգոյն դռնակը կռնակի վրայ բաց էր:
-Հաւանաբար իր տունը կը ճանչնար, ըսի մտովի, ինքզինքս արդարացնելով: Ու սկսայ հետեւիլ…: -Բայց… վայրկեան մը.- բացագանչեցի ես զիս սրբագրելով.- «այս անասունը, եթէ նոյնիսկ իր տունը ճանչնար, իր մուտքը ա՛յս դռնէն պէտք չէր, որ ըլլար…չէ՞…»: Ուստի անկեղծօրէն ըսելով, մէջս զինք բռնելու եւ նոյնիսկ վռնտելու ցանկութիւն մը կարծրացաւ: Ու ինքնաբերաբար ճչացի, սարսափած, նոյնքան ալ վախով:
-Հէ՜յ, հէ՜յ, ի՞նչ կ՚ընես…, ծօ՛, ծօ՛, ծօ՛, դուն ո՞ւր կ՚երթա՜ս… կեցի՛ր… հէ՜յ… քըշ… քըշ…: Նայեցայ շուրջս, անմիջական օգնութիւն խնդրողի մը աղաչանքով: Ոչ ոք: Ի՞նչ պիտի ընէի: Շուարած էի: Հորթուկը, որ արդէն տուն մտնելու պատրաստ էր, երբ ձայնս լսեց, կանգ առաւ: Գլուխը ինծի դարձուց, ապա զայն ծանրօրէն աջ ու ձախ շարժեց, պոչին հետ միատեղ: Կարծես «բաներ» մը ըսել կ՚ուզէր: Չհասկցայ: Է՛հ, ես ինչպէ՞ս կ՚ուզէիք, որ հասկնայի իր լեզուն, երբ յաճախ շուրջիններուս «լեզուն» նոյնիսկ շատ դժուար կը հասկնայի: Այս ուրիշ հարց էր: Եւ երբ տեսայ, որ տակաւին դէպի դուռ կը փորձէր յառաջանալ, դարձեալ պոռացի, նոյն ոճով եւ բառերով: Անպիտան հորթուկը կրկին ինծի դարձաւ: Հիմա երկուքս սկսած էինք իրար նայիլ: Զգացի, որ քրտնած էի, վախէ՞ս, թէ ո՛չ, ջղայնութենէս… չեմ գիտեր: Իսկ ինք՝ իրեն պէտք էր հարցնել: Հաստատապէս ապշած էր, կ՚ըսէի մտովի: Իր այրուող ու ճանճերու հետ «խաղացող» աչքերը կրկին մխրճած էր աչքերուս մէջ: Կարծես կռիւ փնտռող «մաֆյօզ»ներու նման ինծի հասկցնել կ՚ուզէր.- թէ «այդ հէ՛յը, պապադ է, ծօ՛, դո՛ւն, ո՞վ ես, որ այսպէս վրաս կը պո-ռաս, հէլէ՛, կեցիր պօյըդ տեսնեմ, քեզի ի՛նչ, ազատ եմ, հոս իմ երկիրս է, իսկ դո՛ւն, ո՞վ ես… որ»:
-Հէ՜յ, չես լսեր, ո՞ւր կ՚երթաս… կեցի՛ր…, կրկին պոռացի արագօրէն եւ աւելի բարձր: Ձայնս աւելի խորն էր եւ շեշտս ալ վճռական: Մտահոգ վախ մը ունէի: Կը հաւատայի, որ եթէ ներս մտնէր, կրնար մեծ վնասներ հասցնել: Կրնար նաեւ ինքզինք ալ վնասել: Փորձեցի փայտ մը գտնել կամ ալ գետնէն քար մը վերցնել ու ձեւով մը իր այդ տան մուտքը արգիլել: Կարծես գիւղացի մը կամ հովիւ մը ըլլայի, որովհետեւ սկսած էի անոնց նման տրամաբանել, միեւնոյն հոգեբանութեամբ եւ արդարացումով:
Հորթուկս դարձեալ կեցաւ: Կրկին դարձուց իր հաստ գլուխը, անընդհատ շարժելով իր պոչը: Ինծի կը թուէր, թէ իրապէս «իշու» մը նման եւ նոյնիսկ աւելի՝ յամառ ալ էր: Հաւանաբար հասկցած ըլլալու էր մտայնութիւնս, ուստի նախ մէկ քայլ ետեւ եկաւ: Ուրախացայ, «բան մը գլուխ հանողի» յաւակնութեամբ: Երանի կինս մօտս ըլլար, եւ տեսներ, թէ ես ինչպէ՜ս…:
Անմիջապէս անդրադարձայ, որ կենդանին պարզապէս կեցած զիս կը դիտէր: Հաստատապէս «վրաս կը խնդար»: Արդեօք անասուններն ալ «կրնա՞ն խնդալ»: Այս մէկն ալ ուրիշ հարց էր ու հիմա անոր քննարկման ո՛չ տեղն էր եւ ոչ ալ ատենը: Այսպէս երկար բարակ ինծի նայելով հաստատապէս կրկին ու կրկին անգամներ «վերէն վար» զիս չափած ըլլալու էր: Անոր համար էր, որ արժէք չունէին բոլոր «հէյ»երս: Մինչ մօտակայ պարտէզներէն լսելի էին թռչուններուն խմբական երգերը, ես պոռչտուքով ձայնս կրկին բարձրացուցի:
-Հէ՜յ, խուլ ես, ինչ ես, չե՛ս լսեր, ծօ, քեզի կեցի՛ր կ՚ըսեմ… կը զարնեմ, հա…- ըսի աւելի արագ եւ բարձր պոռալով: Իրապէս, որ ես ինծի անգիր իրաւունք տուած էի, տէր կանգնիլ այդ տան: Հորթուկը, որ աջ ոտքը դէպի առաջ նետած էր, չեմ գիտեր ի՞նչ բանի կը սպասէր: Փորձեց քայլ մը եւս դէպի դուռ յառաջանալ: Նշմարեցի, որ ծանր ու հաստ գլուխը դէպի ինծի դարձուցած էր: Աստուած իմ, ի՞նչ ընեմ: Իր այս չոր ու ցամաք եւ մանաւանդ անտարբեր նայուածքները ինծի ենթադրել կու տային, թէ այս անասունը կարծես ինծի ըսել կ՚ուզէր, թէ «խեղճ սփիւռքիստանցի հայ, դուն ո՞վ ես որ…, եւ ի՞նչ իրաւունքով ինծի կը հրամայես…, իմ հողիս վրայ…, գնա՛…, քու Ամերիկադ…անխելք կու կու…»:
Թերեւս ալ իրաւունք ունէր: Ես ո՞վ էի, իրեն համար: Ո՛չ հովիւն էի, ոչ ալ տէրը: Շատ իրաւունք ունէր: Թէեւ միտքս նոր «թռիչքներ» կ՚ապրէր, սակայն միւս կողմէ ալ մէջս տեսակ մը վախ մը կար: Յանկարծ միտքս տրամաբանեց.- այս հորթուկը ուրկէ՜ ուր լսած պիտի ըլլար «կեցի՛ր» կամ «չե՛ս լսեր» կամ «խուլ ե՛ս» բառերը եւ կամ նման բացագանչութիւններս:
-Հո՛ս Հայաստան էր, եւ ամէն մարդ ռուսերէնի կողքին, արեւելահայերէն ալ կը խօսէր… ես զիս այս ձեւով համոզեցի վերջապէս: Կարծես յանկարծ, այս մտածումէս ետք, փապուղիէն լոյսի նշան մը, դէմքիս նոր գոյն բերած ըլլար: Ուստի ինքզինքս հաւաքեցի ու այս անգամ աւելի քաղաքավար ըսի.
-Հէ՜յ, ճանա… ղուրպանդ ըլլիմ… արի իմ մօտ, էդպէս չի կարելի… արի՛, արի՛, մօտս…:
Եւ ո՜վ հրաշք: Ահա օրինակը: Հորթուկս դարձեալ ինծի նայեցաւ, աջ ոտքը գետին դրաւ, կարծես կրկին զիս «չափեց» ու ամբողջ մարմնով ետ դառնալով դէպի փողոց վազեց, իր ճան-ճոտ աչքերով խառնուելու թաղի ծայրէն նոր փողոց հասնող իր «ընկերներուն»: Արդէն հովիւին բարկացոտ ձայնը յստակօրէն կը հասնէր ականջիս: Զինք կը փնտռէր: Հաստատապէս տնակը փրկուած էր, իսկ ես ալ «յաղթանակած»…:
-Սեւան եմ, ու Հայրենիքս ալ է, հոս նոյնիսկ հորթուկները հայերէն կը հասկնան, ըսի ես ինծի, դէմքիս վրայ հետզհետէ լայնցող ժպիտ մը գծելով ու զիս դէպի տուն վերադարձիս ճամբան սկսայ յառաջանալ, մտքիս՝ նոր եւ «գունաւոր» թափառումներով միատեղ:
-Երեւակայեցէ՛ք…հայրենիքիս մէջ, հորթուկն անգամ հայերէն կը հասկնայ…իսկ անդին…:
Ու իսկապէս երջանկութեան հաւատացած էի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ