ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԾՈՎԱՃԱՅԵՐՆ ՈՒ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
Անցնող շաբաթներուն Լիբանանի հանրութեան համար կարեւոր օրակարգ կը դառնար Պէյրութի օդակայանին անվտանգութեան հարցը:
Անվտանգութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դառնար այս անգամ ոչ թէ որպէս իսրայէլեան կործանիչներու թիրախ (ինչպէս եղած էր 2006 թուականին, երբ Իսրայէլ սպառնացած ու ապա հարուածած էր օդանաւերու վայրէջքի գետինը), այլ շրջանին մէջ վերջին մէկ տարիներուն բազմացած ճայերուն պատճառով:
Յիշեցնեմ, որ ճայերը, որոնք նաեւ կը կոչուին ծովային ճայեր կամ ծովածիծառներ, թիւով անսպասելի աճ արձանագրած էին օդակայանին մօտակայքի «Ալ Ղատիր» գետինը, մանաւանդ, «Քոսթա Պրաւա» աղբանոցի գոյութեան հետեւանքով:
Այստեղ «աղբանոց» բառը արժանի է բացատրութեան, որովհետեւ երկրին մէջ 2006 թուականի ամրան ծագած աղբահանութեան տագնապէն ի վեր (որուն մասին քանիցս գրած ենք այս սիւնակով) կառավարութիւնը վճռած էր գործի մղել չորս աղբակայաններ, ուր պիտի հաւաքուէին մայրաքաղաք Պէյրութի եւ անոր շրջակայքի արուարձաններու եւ աւաններու աղբերը, ապա զտումի եւ այրումի գործընթացներուն անցնելու համար:
Ուրեմն «Քոսթա Պրաւա»ն կը հանդիսանար բաւական խնդրայարոյց «աղբանոց» մը՝ տրուած ըլլալով, որ այդ շրջանը բաւականին մօտ էր Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի» միջազգային օդանաւակայանին:
Այս առումով բաւական խնդայարոյց իրավիճակ մը կը պարզուէր 15 Յունուարի երեկոյեան, երբ լիբանանեան կայաններու մեծ տոկոսը կը ցուցադրէր կառավարութեան կողմէ «վարձուած» խմբակ մը որսորդներու, որոնք այդ շրջանը կու գային ճայ որսալու նպատակով:
Լուրը արագօրէն կը տարածուէր ու բնապահպանման միութիւններ տեսերիզի ցուցադրումէն ժամեր ետք կը շղթայազերծէին պայքար մը, որուն նպատակն ու առանցքը վտանգուած ճայերը ամէն գնով փրկելն էր:
Բնականաբար գլխաւոր մեղադրեալը կը համարուէր երկրի կառավարութիւնը, որուն պաշտօնական բոլոր բանբերները կը փորձէին անտեսել հարցը եւ անտեղեակ ձեւանալ դէպքին կապակցութեամբ։
Մինչ Լիբանանի հիմնական օդային ընկերութիւնը՝ «Միտըլ Իսթ»ը (MEA) իր տնօրէնին՝ Մուհամմէտ Հութի միջոցաւ արագօրէն կը հակազդէր կառավարութեան դէմ հնչած մեղադրանքներուն, անդին Միջին Արեւելքի թռչնազգիներու պաշտպանութեան կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Ասհատ Սըրհալ մտահոգութիւն կը յայտնէր, որ ծովային թռչուններու դէմ այս կազմակերպուած «ջարդ»ը կը կատարուէր ոչ միայն ճայերու, այլ նաեւ շարք մը «վտանգուած» թռչնատեսակներու դէմ:
Մուհամմէտ Հութ առանց բառերուն ետին թաքնուելու կը յայտարարէր, թէ լիբանանցիները յայտնուած են բաւականին լուրջ ընտրութեան մը առջեւ: «Կա՛մ թռչունները պիտի որսանք, կամ ալ MEA ընկերութեան օդանաւերը», կ՚ըսէր ան, նկատել տալով, որ կառավարութեան արարքը տեղին է, որովհետեւ այլընտրանքներ չկան:
Երկրի կենսոլորտի նախարարն ալ Հութի համահունչ ոճով կը խօսէր: Թարէք Ալ Խաթիպ մատնանշելով, որ իրավիճակը բաւական բարդ է եւ կառավարութեան համար հիմնախնդիր է ապահովել Պէյրութի օդակայանի անվտանգութիւնը՝ նկատել կու տար, որ կառավարութիւնը պատրաստ է լսել բոլոր կողմերուն առաջարկները։ Թէեւ մէկ պայմանաւ, որ այդ առաջարկներուն մէջ հիմնախնդիրը ըլլար օդակայանի անվտանգութեան ապահովումը:
Անդին «Լիբանանի բնապահպանութեան մարմին» միութեան նախագահ Փոլ Ապի Ռաշէտ բաւական կտրուկ յայտարարութիւնով հանդէս կու գար եւ «կը հաւաստիացնէր», որ կառավարութեան կատարածը «ոճրագործու-թիւն» մըն է:
Ան նաեւ կոչ կ՚ուղղէր կառավարական մարմիններուն արագօրէն դադրեցնել «ճայասպանութիւն»ը՝ նկատել տալով, որ Լիբանան այն երկիրներէն է, որ 1998 թուականին ստորագրած է բնապահպանութեան վերաբերեալ AEWA համաձայնագիրը:
Նշեմ, որ այս համաձայնագրին հիմնական կէտն է պաշտպանել այն թռչնազգիներն ու անասունները, որոնք հանդէս կու գան որպէս «հիւր» եւ «յարատեւ գաղթ»ի իրավիճակին մէջ կ՚ըլլան: Ու այս համաձայնագրի մէջ տեղ գտած թռչնազգիներու հիմնական ցուցակին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն ծովաճայերը:
Բնապահպանական տեսանկիւնէն խօսելով պէտք է առանձնացնել ճայերուն կատարած «բարերար» դերը: Այս թռչունները, որոնք Լիբանանի խօսակցական լեզուով կը կոչուին «ծովու առնէտներ», աղբէն ու անոր մնացորդներէն «կը մաքրեն» ծովեզերեայ շրջանները: Անոնք կը սիրեն ջուրը եւ կը բազմանան աղբերով «կուտակուած» շրջաններու մէջ: Անոնց բազմանալը նաեւ ցուցանիշ է տուեալ շրջանի մը մէջ ապականութեան բարձր աստիճանի գոյութեան:
Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ ցայսօր Լիբանան ունի աղբահանութեան բաւական բարդ օրակարգ մը: Ու մինչ գործող կառավարութիւնը յաջողած է մասնակի լուծումներով մայրաքաղաքը հեռու պահել աղբի նոր տագնապէ մը։ Սակայն յստակ է, որ ցարդ կիրառուած բոլոր լուծումները կարկտան ըլլալու զօրութիւն ունին:
Չմոռնանք, որ այս խնդրին մէջ կան միլիոնաւոր տոլարներ ու հարցին վերջնական լուծում մը տալու հաւանականութիւնը կը նուազի եւ կ՚ուշանայ, որովհետեւ ան կարիքն ունի բոլոր քաղաքական կողմերու համաձայնութեան:
Պէյրութի օդակայանի անվտանգութեան հարցը օրակարգ կը դառնար յատկապէս անցնող տարուան Ապրիլի, երբ երկրի Օդաչուներու միութեան նախագահ քարտուղար Ֆատի Ալ Խալիլ բաց նամակ մը կը յղէր օրուան կառավարութեան, կոչ ընելով նախ եւ առաջ փակել «Քոսթա Պրաւա»ի աղբանոցը, որմէ ետք պէտք է մտածել, թէ ի՛նչ միջոցներով կարելի է լուծել «ճայերու տագնապ»ը:
Ալ Խալիլ կ՚ըսէր նաեւ, որ ծովափնեայ օդակայանները միշտ ալ ունեցած են թռչնազգիներու տագնապ ու առաջինը չէ Պէյրութը, որուն օդակայանին մօտ ճայերու կամ ալ ծովային թռչուններու աշխուժութիւն կը նկատուի:
Այս բոլորէն անդին «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան պաշտօնական մարմինները, երբ ամէն առիթի մատնացոյց կ՚ընեն օդակայանի անվտանգութեան հարցը, կը յիշեցնեն նաեւ, որ 1953-2016 թուականներու ժամանակաշրջանին աշխարհի տարածքին (ու յատկապէս ծովային շրջաններու մերձ եղող օդակայաններու պարագային) պատահած են օդանաւի եօթանասունվեց արկածներ, որոնց հետեւանքով զոհուած են հարիւրաւոր քաղաքացիներ: Այստեղ խօսքը բնականաբար կը վերաբերի այն արկածներուն, որոնք պատահած են տուեալ օդակայանի մը տարածքին գտնուած թռչուններու օդանաւի մը շարժիչին մէջ «մտնելու» հետեւանքով:
Բացի թռչունները սպաննելով հարցը փակելու ընտրանքէն, կառավարական մարմիններ փորձած են շրջանին մէջ տեղադրել «թռչուն քշող» յատուկ սարքեր։ Այդ սարքերուն հանած ձայներուն միջոցաւ փորձած էին ճայերը անհանգստացնել ու «վտարել» շրջանէն, սակայն ի զուր:
Լիբանանցի մէկէ աւելի բնապահպաններ այս մասին խօսելով ըսած են, որ ճայերը «խելացի» թռչուններ են, հետեւաբար անհնար է զանոնք խաբել այդ սարքերով:
Մինչ կառավարութիւնը իր սեղանին դրած է խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելու նոր օրէնքի մշակման հարցը, անդին օդակայանի անվտնութեան եւ մանաւանդ աղբահանութեան հարցերը կը շարունակեն մնալ լիբանանցիներու հիմնական մտահոգութիւնները:
Ճիշդ է, որ նման հարցերու լուծումը կը կարօտի երկար ժամանակի եւ բոլոր կողմերու համաձայնութեան, բայց եւ այնպէս երկրին մէջ առկայ համաձայնութեան մը մթնոլորտը առնուազն երեւութապէս նոր յոյսեր կը ներշնչէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան