ՆՈՐ ԲԺՇԿԱՊԵՏ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդիսութիւն մը, որով պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ բժշկապետի փոփոխութիւնը։ Այսպէս, աւելի քան տասնամեայ երախտաշատ աշխատանքէ մը վերջ՝ Տքթ. Արտաշէս Աքտաղ բժշկապետի պաշտօնը կը փոխանցէ ուրիշ նուիրեալ անունի մը՝ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեանին, որ շուրջ երեսունհինգ տարիէ ի վեր անձնուիրաբար կը ծառայէ գթութեան յարկին։ Ազգին տունէն ներս տեղի ունեցած այս հերթի փոփոխութիւնը լայն արձագանգ գտած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Արդարեւ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը ներկայիս կ՚ապրի իր պատմութեան ամենափայլուն շրջանը, առանց չափազանցութեան։ Շէնքի ֆիզիքական պայմաններու նախանձելի վիճակէն սկսեալ՝ մինչեւ թեքնիկ արդի, նոյնիսկ գերարդի սարքաւորումներու յագեցածութիւնը, վարչատնտեսական կայունութենէն սկսեալ՝ մինչեւ մատուցուած ծառայութիւններուն որակը եւ տակաւին մնայուն բնակիչներու կացութենէն սկսեալ՝ մինչեւ ելմտական հաւասարակշռութիւնները։ Աւելի՛ն, Ազգային հիւանդանոցը միջոցէ մը ի վեր դարձած է քաղաքիս հեղինակաւոր մասնագէտներու ժամադրավայրը։ Զանազան ճիւղերու անուանի մասնագէտներ Ազգային հիւանդանոցին մէջ կը կատարեն գործողութիւններ, մաս չկազմելով հանդերձ հաստատութեան մշտական անձնակազմի շարքերուն։ Անոնք յաճախ բարդ վիրահատութիւններ կ՚իրականացնեն՝ շնորհիւ գործողութեան սրահներու ընձեռած հնարաւորութիւններուն։ Աւելորդ է ըսել, որ հիւանդանոցը այս մակարդակին հասած է՝ հետեւողական ու վիթխարի ջանքերու շնորհիւ։ Սա գործ մըն է, որ յառաջ կը տարուի երաշխաւորուած ենթագետնի մը վրայ ու կատարելագործումը, վերելքը մշտանորոգ գործընթացի մը վերածուած են։ Հետեւաբար Ազգային հիւանդանոցը ներկայիս նոր ոստումի մը սեմին է, ինքնավստահ քայլերով կը յառաջանայ դէպի նոր հորիզոններ։ Բժշկապետի փոփոխութիւնն ալ զուգադիպած է ահա այսպիսի ժամանակաշրջանի մը, ինչ որ առաւել ուշագրաւ կը դարձնէ հոգաբարձութեան կարգադրութիւնը։
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ իր ընկերները բոլոր անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ըրած են՝ որպէսզի հարթ հերթի փոփոխութիւն մը տեղի ունենայ հիւանդանոցէն ներս։ Այդ տնօրինութեան արդիւնքներն ալ, ընդհանրապէս, ողջունելի են համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Ազգային հիւանդանոցի վերջին տարիներու գործունէութիւնը յառաջ տարուած է առաջանցիկ թափով։ Այս վերընթաց սլացքին մէջ իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունեցած է Տքթ. Արտաշէս Աքտաղ՝ որպէս բժշկապետ եւ պատասխանատու տնօրէն։ Գլխաւոր մասնագէտի դերին մէջ ան ի գործ դրած է իր ամբողջ կարողութիւնը, եռանդն ու բազմամեայ փորձառութիւնը։ Ան համերաշխ համագործակցութեան մէջ եղած է նաեւ հոգաբարձութեան հետ, ինչ որ գրաւականներէն մին է ներկայ փայլուն համայնապատկերին։ Ի լրումն այս բոլորին, երկարատեւ ու իսկապէս մաշեցուցիչ ծառայութենէ մը վերջ Տքթ. Արտաշէս Աքտաղ որոշած է կոչուիլ հանգստեան։ Անտարակոյս, Ազգային հիւանդանոցի տարեգրութեանց մէջ միշտ պիտի առանձնանայ իր բազմակողմանի աշխատանքը՝ արդար գնահատանքով։
Համայնքային շրջանակները հանգիստ խղճով ու մտքով կ՚ողջունեն նաեւ նոր բժշկապետը։ Արդարեւ, Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան Ազգային հիւանդանոցի մասնագիտական անձնակազմի սիւներէն մին եղած է՝ շուրջ չորս տասնամեակէ ի վեր։ Ան հեղինակաւոր մասնագէտ մըն է ու շատ փորձառու անուն մը։ Անցեալի մէջ ալ զբաղեցուցած է զանազան վարչական պաշտօններ։ Թէ՛ երկրի առողջապահական համակարգին մօտէն ծանօթ եւ թէ այդ ամբողջին մէջ մեր հիւանդանոցը առաւել նպատակասլաց դիրքաւորելու ընդունակութեամբ բժիշկ մըն է ան։ Մեր համայնքէն ներս ալ համակրանքի ու վստահութեան առարկայ դարձած է Տքթ. Մեծատուրեան։ Վստահաբար յառաջիկայ շրջանին իր ջանքերուն եւ կորովին շնորհիւ բազմապատկուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բարի համբաւը։
Շաբաթ յետմիջօրէին, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ տօնական հաւաքոյթի մը մթնոլորտը։ Հոգաբարձութիւնը թէ՛ հաստատութեան անձնակազմի եւ թէ համայնքային շրջանակներու նկատառման պաշտօնապէս յանձնեց բժշկապետի փոփոխութեան կարգադրութիւնը։ Այս հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ նաեւ թրքահայ բժշկական դասու յոբելեար անդամներու մեծարման։ Ծանօթ է, որ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը ամէն տարեմուտին մասնաւոր հաւաքոյթ մը կը կազմակերպէ՝ մեր համայնքէն առողջապահութեան բնագաւառին նուիրուած եւ այդ ասպարէզէն ներս յոբելեան ողջունած բժիշկներուն համար։ Ներկայ տարեմուտի արտասովոր պայմաններուն պատճառով՝ ակամայ յետաձգուած էր այդ աւանդական հաւաքոյթը։ Ուրեմն, շաբաթավերջի ընդունելութիւնով համատեղուած եղան այս երկու շարժառիթները։
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր մասնակիցները։ Հաւաքոյթի կազմակերպչական աշխատանքները գլխաւորած էր՝ ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, որու վերահսկողութեան ներքեւ ամէն ինչ ընթացաւ անթերի։ Ներկաներու շարքին էին՝ բժշկական կազմէն դէմքեր, նախկին բժշկապետներ, նախկին հոգաբարձուներ եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։ Բոլորն ալ մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին՝ ականատես դառնալով այս կարեւոր հերթի փոփոխութեան։ Հոգաբարձութեան կողմէ յուշանուէր մը պատրաստուած էր՝ Տքթ. Աւետիս Տեմիրի համար, որ քառասուն տարին բոլորած է ասպարէզէն ներս։ Յուշանուէրը յանձնեց՝ ...: Յուշապնակ մըն ալ պատրաստուած էր այլ յոբելեար անունի մը՝ ...ի համար, որ կամքէ անկախ պատճառներով բացակայեցաւ հանդիսութենէն։ Աւելի վերջ հանդիսաւորապէս յանձնուեցան Տքթ. Արտաշէս Աքտաղի եւ փոխ-բժշկապետ Թերճան Միլտանօղլուի յուշանուէրները։ Հանգստեան կոչուելու փուլին անոնք արժանացան ներկաներու ջերմ ծափողջոյններուն։ Տքթ. Թերճան Միլտանօղլուի յուշապնակը յանձնեց Տոց. Տքթ. Վահէ Ալեքսանեան, իսկ Տքթ. Արտաշէս Աքտաղինը՝ Պետրոս Շիրինօղլու։
Այս փուլին տեղի ունեցան նաեւ ելոյթներ։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ անոնց ծառայութիւններուն մասին։ Ան մասնաւորապէս վերյիշեց Տթք. Աքտաղի հետ իրենց տարած համատեղ աշխատանքէն վառ դրուագներ։ Շիրինօղլու վստահութիւն յայտնեց, որ ան պիտի շարունակէ մաս կազմել հիւանդանոցի ընտանիքին եւ ի պահանջել հարկին իր փորձառութիւնը միշտ ի սպաս պիտի դնէ հաստատութեան համար։ Իր կարգին, Տքթ. Աքտաղ նշեց, որ տասը տարի առաջ Ազգային հիւանդանոցը չէր համագործակցեր որեւէ ապահովագրական ընկերութեան հետ, իսկ այսօր կնքուած պայմանագրերով լրիւ ներգրաւուած է այդ համակարգէն ներս։ Ան ընդգծեց, որ վերջին վիճակագրական տուեալները ուշագրաւ արդիւնքներ կը ցոլացնեն Ազգային հիւանդանոցին տեսակէտէ։ Այսպէս, Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը կը գլխաւորէ ցուցակը Իսթանպուլի այն հիւանդանոցներուն, ուր կ՚իրականացուին առաւելագոյն համեմատութեամբ ուռուցքաբանական վիրահատութիւններ։ Հուսկ, Տքթ. Աքտաղ նշեց, որ մեր համայնքէն ներս Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետ ըլլալը կը համարուի բարձր պատիւ մը ու որպէս հայ բժիշկ մը՝ ինք տասը տարի հպարտօրէն ստանձնած է այդ առաքելութիւնը եւ շնորհակալ կը զգայ բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք իրեն վստահած էին այդ պարտականութիւնը։
Իր կարգին, նորանշանակ բժշկապետ Արմենակ Մեծատուրեանն ալ արտասանեց հակիրճ սրտի խօսք մը։ Ան յիշեցուց, որ երեսունհինգ տարիէ ի վեր կը ծառայէ Ազգային հիւանդանոցէն ներս։ Շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար եւ խոստացաւ առաւելագոյնը ընել՝ բժշկապետի պատասխանատու ու պատուաբեր պաշտօնին գլուխը։
Հաւաքոյթի ծրագրի գործադրութենէն վերջ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ շարունակուեցաւ ընդունելութիւնը, որու մասնակիցները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։