ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԿՈՄԻՏԱՍ
Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոսութեան նախաձեռնութեամբ միջոցէ մը ի վեր քաղաքիս ֆրանսախօս երախաներուն համար նախատեսուած է հետաքրքրական ծրագիր մը։ Այսպէս, Ֆրանսական կաճառը կը կազմակերպէ «Մետաքսի ճանապարհի պատմութիւնը» խորագրեալ շարք մը։ Այս ծրագրին շրջագծով կը ներկայացուին այն երկիրները, որոնք կը գտնուին պատմական Մետաքսի ճանապարհին վրայ։ Նախագծի առաջին երկու փուլերուն ֆրանսախօս երախաներուն համար ծանօթացուեցան Իտալիա եւ Յունաստան։ Իսկ այս շաբաթավերջին հերթը հասած էր Հայաստանին։ Ծրագրի այս երրորդ փուլին Հայաստանը ֆրանսախօս փոքրիկներուն համար ծանօթացուեցաւ բազմակողմանիօրէն։
Նախագծի պատասխանատուներէն Սերա Թորուն, Ճուլի Եաքըն եւ Նիքոլա Քորտօ մանրամասնօրէն ներկայացուցին Հայաստանի պատմութիւնը, մշակոյթը եւ այս ամբողջին մէջ կանգ առին մետաքսագործութեան արհեստին վրայ։ Անոնք փոքրիկներուն բացատրեցին, որ պատմականօրէն մետաքսագործութիւնը որքա՛ն կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հայաստանի մէջ եւ այդ արհեստին որքան լուրջ նպաստ մը բերուած էր հայոց կողմէ։
Թէեւ սահմանափակ ժամանակի մէջ, սակայն ձեռնարկի ընթացքին հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը ներկայացուեցան բազմակողմանիօրէն։ Ֆրանսախօս փոքրիկները տարրական պատկերացում մը կազմեցին նաեւ հայկական դիցաբանութեան շուրջ։ Անոնց պատմուեցաւ Անահիտ եւ Միհր չաստուածներուն մասին։ Նիքոլա Քորտօ յատկապէս այս ձեռնարկին համար տարած էր նախապատրաստական լուրջ աշխատանք եւ տուտուկ նուագել սորված էր ֆրանսախօս փոքրիկներուն համար։ Իր այս ելոյթը ստեղծեց բաւական լայն արձագանգ։
Ֆրանսայի հիւպատոսարանի համալիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցութիւն բերել հրաւիրուած էր նաեւ Երեւանէն արժէքաւոր արուեստագիտուհի Աննա Գէորգեան-Ուղուրլեան, որ վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած է քաղաքիս մէջ։ Ան երախաներուն ներկայացուց Կոմիտասի «Կաքաւիկ» երգը։ Ֆրանսախօս փոքրիկներուն տրամադրութեան տակ դրուած էր նաեւ գործին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը։ Աննա Գէորգեան-Ուղուրլեան Կոմիտասն ու իր այս գործը հակիրճ ներկայացնելէ վերջ, նաեւ փոքրիկներուն սորվեցուց մեծ վարդապետի այդ յայտնի գործը։ Ֆրանսախօս փոքրիկները հաճելի պահեր ապրեցան Կոմիտասի երգի կատարումով, հայկական աւանդական տուտուկի նուագակցութեամբ։ Սա օրուան ծրագրի վառ հանգրուաններէն մին էր եւ ընդհանրապէս «Մետաքսի ճանապարհի պատմութիւն» շարքի Հայաստանի վերաբերեալ այս փուլը արդարացաւ՝ ֆրանսախօս փոքրիկներուն վառ հետաքրքրութեամբ։