Մե­ծա­րող Բամ­բա­սանք­ներ

Եր­բեմն այն­քան կը փա­փա­քիմ վե­րաց­նել դռն­­փակ սեն­եակ­նե­րու դռ­­ներն ու պա­տու­հան­նե­րը ու թոյլ տալ այն­տեղ սե­ղան­նե­րու շուրջ ըս­ուած խօս­քե­րուն, որ թե­ւեր առ­նեն ու սփռ­­ուին ա­մէ­նու­րեք: Եր­թան ի­րենց հաս­ց­­է­ա­տէ­րե­րուն, եր­թան եւ լսե­լի դառ­նան ա­նոնց՝ ի­րենց մա­սին խօսուած­նե­րը: Եր­թան եւ ան­կեղ­ծութեամբ փո­խան­ցեն այն բո­լոր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը, որ կեր­պա­րա­նա­փոխ­ուած կը լսեն ի­րենք:

Քա­ղա­քա­վա­րա­կան, ա­մօթ­խա­ծու­թեան, թշ­­նա­մու­թիւն չսեր­մա­նե­լու կամ այլ պատ­ճառ­նե­րով կ՚ար­դա­րա­նայ մար­դոց վե­րա­բեր­մուն­քը ի­րենց իս­կա­կան տե­սա­կէտ­նե­րը չյայտ­նե­լու կամ վե­րա­պահ գտն­­ուե­լու առըն­չու­թեամբ: Սա­կայն ար­դա­րա­ցում կա­րե­լի չէ գտ­­նել ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք ի­րենց տե­սա­կէ­տը բո­լո­րո­վին կը խե­ղա­թիւ­րեն եւ ճշ­­մար­տու­թիւ­նը շրջ­­ուած կը փո­խան­ցեն:

Սեղմ շր­­ջա­նակ­նե­րու կամ մտեր­միկ հան­դի­պում­նե­րու մէջ կը լսես մէ­կու մը նկա­րա­գի­րին կամ վարք ու բար­քին մա­սին ար­տա­յայտ­ուած վատ տե­սա­կէտ­ներ, ուր պատ­կե­րա­ւոր ո­ճով կը ներ­կա­յաց­ուին ա­նոր մեր­ժե­լի կամ խո­ցե­լի կող­մե­րը: Ա­պա յան­կարծ կը կաս­կա­ծիս ըմբռ­նո­ղու­թեանդ վրայ, երբ ա­կան­ջա­լուր կ՚ըլ­լաս այն խօ­սակ­ցու­թեան, ուր նոյն անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը, որ այդ­քան քն­­նա­դա­տեց, եր­բեմն բամ­բա­սեց տու­եալ ան­ձը՝ մե­ծա­պէս կը գո­վեր­գէ ա­նոր պար­կեշտ նկա­րա­գի­րը կամ ա­ռա­քի­նի վար­քը: Կ՚ե­րե­ւի եր­բեմն բամ­բա­սանք­­նե­րը կը մե­ծա­րեն:

Յե­տոյ չես զար­մա­նար, երբ այդ նկա­րագ­րա­յին բազ­մա­պի­սի թե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցո­ղը անսպա­սե­լի­օ­րէն դիր­քե­րու վրայ յայտն­ուի եւ մար­դիկ կա­մայ-ա­կա­մայ պար­տա­ւոր­ուին զինք յար­գել: Յե­տոյ կը հարց­նես՝ արդ­եօք ին­չո՞ւ բա­րո­յա­կան չա­փա­նիշ­նե­րը կը նա­հան­ջեն: Ար-դ­եօք ին­չո՞ւ:

Թե­րեւս կար­ճա­ժամ­կէտ կամ եր­կա­րա­ժամ­կէտ յի­շո­ղու­թեան կո­րուս­տի հի­ւան­դու­թիւ­նը վեր­ջերս ընդ­հան­րա­ցած է: Կր­­նայ ըլ­լալ որ այս հի­ւան­դու­թիւ­նը վա­րա­կիչ է, կր­նայ ըլ­լալ մար­դիկ այ­սօր մոռ­նան ե­րէկ­ուան ի­րենց խօ­սա­ծը: Կ՚ե­րե­ւի այդ­պէս է, թէ ոչ շատ բան փոխ­ուած կ՚ըլ­լար այ­սօր:

Դպ­­րոց­նե­րու կար­գա­պա­հա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ շատ լաւ ըն­թա­ցա­կարգ մը կը գոր­ծէ, ըստ ո­րուն իւ­րա­քան­չիւր ա­շա­կերտ իր դաստ­­ի­ա­րա­կին մօտ կ՚ու­նե­նայ կար­գա­պա­հա­կան էջ մը: Այդ է­ջին վրայ կ՚ար­ձա­նագր­ուին տար­ուան ըն­թաց­քին ա­շա­կեր­տին գոր­ծած սխալ­նե­րը եւ ստա­ցած պա­տիժ­նե­րը: Տա­րե­վեր­ջին, երբ պի­տի գնա­հատ­ուի ա­շա­կեր­տին վարք ու բար­քը եւ նիշ ար­ձա­նագր­ուի, դաստ­ի­ա­րա­կը կը վե­րա­դառ­նայ այդ տետ­րա­կին եւ հոն­կէ կ՚ո­րո­շէ տար­ուան կար­գա­պահ, օ­րի­նա­պահ եւ օ­րի­նա­կե­լի ա­շա­կեր­տը, նա­եւ ան­կար­գա­պահ ու ա­նօ­րէն ա­շա­կեր­տը, ո­րուն է­ջին վրայ գրե­լու տեղ մնա­ցած չ՚ըլ­լար եւ կը մտած­ուի զինք յա­ջորդ տա­րե­շրջա­նին դպ­­րոց չըն­դու­նե­լու մա­սին:

Ինչ լաւ կ՚ըլ­լայ, ե­թէ այս ձե­ւը ընդ­հան­րա­նայ շատ ու շատ տե­ղեր, գէթ կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ սր­­բագ­րել բազ­մա­թիւ սխալ­ներ, երբ տա­կա­ւին ուշ չէ:

ՄԱ­ՐԻԱ ԳԱԲ­ՐԻԷ­ԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2017