Կ՚ուզէ՞ք ՀԱԶԱՐ Տարի Ապրիլ…
Շատ հին ժամանակներէն մարդիկ ամէն ճիգ ըրած են երկար ապրելու գաղտնիքը գտնելու: Գիտնականներու խումբ մը այժմ կ՚ըսէ, որ գերարդիական ճարտարագիտութեամբ մարդու կեանքի տեւողութիւնը մինչեւ 1000 տարի կ՚երկարաձգուի: Ներկայացուած գերարդիական արհեստագիտութիւնները ապշեցուցիչ են:
*
ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ
Կենսասառնարան. Կը կոչուի «Պիյօ ռոպոթ» սառնարան, որ ուտելիքը կը սառեցնէ բժշկական միջոցներով պատրաստուած եւ ճելոյի նմանող նիւթի մը մէջ: Սառնարանը դարակներ, բաժանմունքներ եւ դռներ չունի, դուք ուտելիքը ուղղակի այդ նիւթին մէջ կը դնէք:
Գերարագ «5 Ճի» համացանց՝ արեւային վահանակներով անօդաչուներ. Ատոր մշակումով կը զբաղի Կուկըլ ընկերութիւնը: Անօդաչուները տեսականօրէն համացանցի ծառայութիւն կը մատուցեն 40 անգամ աւելի արագ, քան «4 Ճի» ցանցերու մէջ՝ երկվայրկեանի մը ընթացքին «ճիկապայթ» տուեալներ հաղորդելով:
«5 Տի» սկաւառակներ թերապայթ տու-եալներու յաիտեան պահպանման համար. Գիտնականները ստեղծած են «5 Տի» սկաւառակ, որ 5 չափումով կ՚արձանագրէ տուեալները, որոնք կը պահպանուին միլիառաւոր տարիներու ընթացքին: Ատիկա կրնայ պահպանել 360 «թերապայթ» տուեալներ եւ դիմանալ մինչեւ 1000 աստիճան ջերմաստիճանի:
Թթուածինի մասնիկներու ներարկում. Պոսթընի մանկական հիւանդանոցի գիտնականները ստեղծած են թթուածինով լեցուած մանր մասնիկներ, որոնք արեան մէջ ներարկելով՝ դուք կ՚ապրիք, եթէ նոյնիսկ չէք կրնար շնչել:
Ընդծովեայ փոխադրամիջոցային փապուղիներ. Նորվեկիոյ մէջ ծրագրած են երկու ուղեգիծի համար բաւական ընդարձակ մեծ խողովակներու միջոցով ջուրին տակ 30 մեթր խորութեամբ կառուցել աշխարհի մէջ առաջին ընդծովեայ լողացող կամուրջները:
Գլանաձեւ ծալուող պատկերասփիւռներ. «Էլ.Ճի.» ընկերութիւնը ստեղծած է պատկերասփիւռի նախատիպ մը, որ կարելի է գլանաձեւ փաթթել, ինչպէս՝ թուղթը:
Ոսպնեակ՝ գերմարդկային տեսողութեան համար. Գանատացի բժիշկը կը պատրաս-տըւի փորձել արհեստական ոսպնեակներ, որոնք ցաւ չպատճառող 8 վայրկեաննոց վիրահատութեան միջոցով 100 առ հարիւր տեսողութիւնը 3 անգամ կը լաւացնեն:
Սրսկոց (սփրէյ) հագուստ. Սպանացի ձեւագէտ Մանել Թորէզ ստեղծած է աշխարհի մէջ առաջին սրսկոց հագուստը: Դուք կրնաք սրսկոցով ծածկել ձեր մարմնի որեւէ հատուածը, իսկ յետոյ հանել, լուալ եւ կրկին «հագնիլ»:
Անվարորդ ինքնաշարժներ. 2020 թուականին պիտի յայտնուին շուրջ 10 միլիոն անվարորդ ինքնաշարժներ. այս ձեւով 2014 եւ 2030 թուականներու միջեւ մահացու դէպքերու քանակը 2500-ով պիտի կրճատուի:
Քաղաք՝ գմբէթի տակ. Տուպայիի մէջ կ՚ընթանայ շինարարութիւնը առեւտուրի կեդրոնի մը, որ կը կոչուի «Աշխարհի մոլը»: Ատիկա ծածկուած է շարժական գմբէթով, որ կլիման կը վերահսկէ ներսէն եւ կ՚ապահովէ օդափոխութիւնը:
Արհեստական տերեւներ. Գիտնականները մշակած են նոր արեգակնային տարրեր, որոնք մթնոլորտին մէջ ածխաթթու կազը եւ արեւային ուժը վառելանիւթի կը վերափոխեն:
Կազմահիւթային (փլազմաթիք) դաշտ. Գիտնականները ստեղծած են այս տարրը, որ ինքնաշարժները կը պաշտպանէ դժբախտ արկածներէ եւ բախումներէ: «Պոյինկ» ընկերութիւնը արտօնագրած է կազմահիւթային դաշտի ստեղծման ձեւը՝ արագ տաքցնելով օդը, որպէսզի հարուածային ալիքները արագ կլանեն:
Լողացող քաղաքներ. Ճարտարապետ Վինսենթ Քալեպան առաջարկած է «Լիլիփատ» կոչուող լողացող կենսոլորտային քաղաքը, ապագայ կլիմայական տեղահանուածներու համար, իբրեւ ծովու մակարդակի բարձրացման խնդիրի երկարաժամկէտ լուծում: Քաղաքը կրնայ 50 հազար մարդ ընդունիլ՝ օգտագործելով ուժանիւթի վերականգնող աղբիւրները:
Արհեստական մասերով միջատներ. Գիտնականները միջատներու համար կը ստեղծեն արհեստական միջոցներ, որոնց շնորհիւ կարելի է զանոնք կառավարել եւ ուղղել դժուարամատչելի վայրեր, որպէսզի գտնեն երկրաշարժներու եւ տարերային այլ աղէտներու զոհ դարձած մարդիկ:
Երազները տեսանկարե՞լ. Գիտնականները յաջողած են «Եու-Թուպ»ի հոլովակները վերափոխել՝ յատուկ սարքով նկարելով մարդու ուղեղի տեսողական կեդրոնները: Ապագային արհեստագիտութիւնը բաւական պիտի յառաջդիմէ, որպէսզի կարելի ըլլայ երազները տեսանկարել:
Արտերկրային կեանքի որոնում. Չինաստանի մէջ կ՚աւարտի շինարարութիւնը աշխարհի ամենէն մեծ ՖԱՍՏ աստղադիտարանին, որ ունի ֆութպոլի 30 դաշտի մակերես ունեցող ցոլացուցիչ հայելի, որ կազմուած է արտերկրային կեանքի դիտման 4450 վահանակներէ:
Իբրեւ նուէր՝ գիտնականները կը յայտարարեն մարդկային կեանքի տեւողութիւնը մինչեւ 1000 տարի երկարելու կարելիութեան մասին:
ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «4 ՃԻ» ՑԱՆՑԸ Կ՚ԸՆԴԳՐԿԷ 22 ՔԱՂԱՔ
«Վիվասել» ընկերութիւնը կը շարունակէ ընդարձակել Հայաստանի մէջ իր առաջին եւ ամենէն ընդարձակ «4 Ճի» ցանցը, որ սկսած է գործել 6 տարի առաջ՝ 2010-ին, Հայաստանը դասելով այն ժամանակ «4 Ճի» ցանցը ներդրած տասնեակի մը հասնող, ճարտարագիտութեամբ զարգացած երկիրներու շարքին:
Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, բազմապատկուած աշխատանքներու իրականացման եւ խոշոր ներդրումներու շնորհիւ, «Վիվասել» յաջողեցաւ «4 Ճի» ցանցը հասանելի դարձնել նաեւ Հայաստանի՝ մեծութեամբ երկրորդ եւ երրորդ քաղաքներուն՝ Գիւմրիի եւ Վանաձորի, ապա՝ Ծաղկաձորի, Վաղարշապատի, Դիլիջանի, Ջերմուկի եւ Արմաւիրի մէջ՝ ապահովելով «4 Ճի» ցանց, բնակելի տարածքներու 46.6 առ հարիւրին մէջ:
«4 Ճի» ցանցի ընդարձակման երրորդ փուլին, աշխատանքներ իրականացուած են՝ Աբովեան, Աշտարակ, Եղվարդ, Արթիկ, Արտաշատ, Բերդ, Կապան, Մեղրի, Ագարակ, Եղէգնաձոր, Վայք, Ստեփանաւան, Սպիտակ քաղաքները եւս ներառելու: Մինչեւ տարեվերջ «4 Ճի» ցանցը հասանելի պիտի դառնայ բնակչութեան 52.5 առ հարիւրին:
«Վեց տարի առաջ, առաջին անգամ Հայաստանի մէջ, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ը ներդրաւ «4 Ճի./Էլ.Թի.Ի.» ցանցը: Գերարագ այս ցանցը հասանելի էր աշխարհի միայն տասը երկիրներու մէջ: Ցանցի աստիճանական զարգացման շնորհիւ՝ մինչեւ այս տարուան աւարտը «4 Ճի» ցանցը հասանելի պիտի դառնայ Հայաստանի արդէն 22 քաղաքներու մէջ: Ամբողջ աշխարհի մէջ «4 Ճի.» ցանցերու զարգացումը եւ տարատեսակ ծառայութիւններու տրամադրումը տնտեսական աշխուժութեան խթանման եւ աճի կարեւոր գործօն կը հանդիսանան», ըսած է «ՎիվաՍել- Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
«4 Ճի.» ցանցը Հայաստանի զանազան քաղաքներուն հասանելի դարձնելը կը հետապնդէ ոչ միայն գործարար աշխոյժ կեդրոններուն մօտ ըլլալու նպատակ, այլեւ յստակ ռազմավարութիւն է՝ մայրաքաղաքի եւ շրջաններու միջեւ արհեստագիտական անջրպետը վերացնելու:
«ՍԱՄՍՈՒՆԿ ԿԱԼԱՔՍԻ ԷՍ 8»Ի ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՏԵՍՔԻ ՆԿԱՐՆԵՐԸ
Համացանցին մէջ յայտնուած վերջին նկարները ցոյց կու տան, թէ ինչպիսին կրնայ ըլլալ «Սամսունկ կալաքսի Էս 8»ի վերջնական տեսքը: Նկարները հրապա-րակուած են վերջերս տարածուող լուրերու ծիրին մէջ:
Հարաւքորէական ընկերութիւնը հրաժարած է սմարթֆոնի վրայ առկայ «Հոմ» ֆիզիքական կոճակէն եւ կիրարկած է ծայրէ ծայր ձգուող պաստառի արհեստագիտութիւնը:
Սարքին վաճառքը պիտի սկսի Ապրիլին: Կ՚ակնկալուի, որ «Սամսունկ»ի նոր արտադրութիւնը կը ներկայանայ ամբողջովին վերափոխուած տեսքով:
Ըստ չինական մատակարար ցանցի տուեալներուն, «Կալաքսի Էս 8»ը երկու մոտելով պիտի ներկայանայ՝ 5.1 ինչ անկիւնագիծով կորացող պաստառով եւ 5.5 ինչ պաստառով:
«ՀՈՒԱՈՒԷՅ» ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՀԵՌԱՁԱՅՆՆԵՐ ԱՐՏԱԴՐԵԼ
Սմարթֆոններու չինական մեծագոյն արտադրողը՝ «Հուաուէյ»ը կը ծրագրէ նոր սարք (կաճեթ) ստեղծել՝ արհեստական բանականութեամբ արհեստագիտութեան կիրարկումով:
«Այս սարքերը իւրատեսակ «կամուրջ» կը դառնան թուային աշխարհի եւ մեզ շրջապատող իրականութեան միջեւ: Նման արհեստական բանականութեամբ հեռաձայնը պիտի ըլլայ բարձր արտադրողականութեամբ մարդամեքենայ, պարզապէս՝ առանց ձեռքերու եւ ոտքերու: Ան նոյնիսկ խելացի օգնական պիտի դառնայ մարդու համար», կ՚ըսէ ընկերութիւնը:
Արհեստական բանականութեամբ արհեստագիտութեան շնորհիւ՝ նոր սարքը պիտի մշակէ եւ ճանչնայ մեզ շրջապատող իրականութիւնը՝ առաջնորդուելով իրական ժամանակի մէջ որոշումներու կայացման համակարգով: Սենսըրային պաստառէն բացի, կը ծրագրեն զայն սարքաւորել նաեւ օդային հաղորդիչներով:
«ԷՅՍԸՍ» ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ԱՄԵՆԷՆ ԹԵԹԵՒ«ՆՈԹՊՈՒՔ»Ը՝ 14 ԻՆՉ ՊԱՍՏԱՌՈՎ
Թայուանի մէջ գործող «Էյսըս» ընկերութիւնը ներկայացուցած է «ԱՍՈՒՓՐՕ Պ9440 նոթպուք»ը, որ նման չափի ամենէն թեթեւ սարքերէն է:
14 ինչ պաստառով օժտուած «նոթպուք»ը կը կշռէ մէկ քիլօկրամէն քիչ մը աւելի: Կը նշուի, որ հակառակ նուրբ տեսքին եւ թեթեւ ծանրութեան՝ անիկա կը համապատասխանէ «ՄԻԼ-ՍԹՏ 810Ճ»ի չափանիշներուն եւ չի վնասուիր, եթէ մեծ բարձրութենէն իյնայ: Ստեղնաշարին (քիպորտ) նոյնպէս ոչինչ կը պատահի, եթէ յայտնուի հեղուկի մէջ:
Առանց վերալիցքաւորման՝ սարքը կրնայ աշխատիլ մինչեւ 10 ժամ: Սարքը, որ կ՚արժէ 1000 տոլար, պիտի սկսի վաճառուիլ Մայիսին:
ՏՆԱՅԻՆ ԳՈՐԾԵՐԸ ԸՆՈՂ «ՔՈՒՐԻ» ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՆ
«Մէյֆիլտ ռոպոթիքս» սկսնակ ընկերութիւնը ներկայացուց տան օգտագործման համար նախատեսուած փոքր մարդամեքենան, որուն ստեղծման համար մասնագէտները աշխատած են երկու տարի:
«Քուրի» անուան-ւած նորոյթը տան կապուած գործերու կարգադրութիւնները կ՚ընէ: Անիւներով տեղաշարժուող օգնականը կը կառավարուի ձայնային հրահանգներու միջոցով:
Սարքը օժտուած է շողարձակով, լուսա-նըկարչական սարքով, ինչպէս նաեւ՝ յատուկ ծրագիրով, որուն միջոցով կը կառավարէ տան մէջ գտնուող սմարթ սարքերը:
Մարդամեքենան, որ կ՚արժէ 700 տոլար, դէմքեր ճանչնալու ունակ է եւ կրնայ դիւրութեամբ ճանչնալ տան անդամները:
Անոր իւրայատկութիւններէն մէկն ալ այն է, որ «Քուրի»ն ծնողներուն հաղորդագիր կ՚ուղարկէ, երբ անոնց երախան կամ երախաները դուրսէն տուն կը վերադառնան:
ՖԱՐԱՏԷՅ ՖԻՒՉԸՐ ՍԿՍԱԾ Է ԸՆԴՈՒՆԻԼ ԱՊԱԳԱՅԱՊԱՇՏ ԻՐ ՄՈՏԵԼԻ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏՈՒԷՐՆԵՐԸ
Ամերիկեան «Ֆարատէյ Ֆիւչըր» ընկերութիւնը, որ մտադիր է մրցակցիլ ելեկտրա-կան ինքնաշարժներու արտադրութեամբ զբաղող «Թեսլա մոթըրզ»ի հետ, պաշտօնապէս ներկայացուցած է իր առաջին մոտելը՝ 1050 ձիաուժ հզօրութեամբ ելեկտը-րական «Քրոսովըր»ը:
Նորոյթը ստացած է «Էֆ.Էֆ. 91» անունը եւ անոր նախնական պատուէրները արդէն կ՚ընդունուին, հակառակ անոր որ ինքնաշարժին գինը տակաւին չէ հրապարակուած: Սակայն յայտնի է, որ պատուէր տալու համար անհրաժեշտ է 5 հազար տոլար վճարել:
Կը նշուի, որ ինքնաշարժը կրնայ մէկ լիցքաւորումով 700 քիլօմեթր տարածութիւն կտրել: «Քրոսովըր»ի երկարութիւնը 5.2 մեթր է, լայնքը՝ 2.28 մեթր, բարձրութիւնը՝ 1.59 մեթր: Ատիկա 100 քմ. ժամական արագութիւն կրնայ հաւաքել 2.39 երկվայրկեանի մէջ, որ կը գերազանցէ «Ֆերարի 488 Ճի.Թի.Պի.»ի ցուցանիշը:
«Քրոսովըր»ը օժտուած է գերձայնային տուիչներով, տեսախցիկներով, «ԼԻՏԱՐ» տեսողական հեռաչափով, ինքնակառավարման համակարգով, ինչպէս նաեւ՝ 4 ելեկտրական շարժիչներով, որոնց ընդհանուր հզօրութիւնը 1050 ձիաուժ է:
Ինքնաշարժը կրնայ առանձին տեղա-շարժուիլ եւ մօտենալ վարորդին, ինչպէս նաեւ՝ ճանչնալ անոր դէմքը:
Առաջին պատուիրատուները իրենց ինքնաշարժները կը ստանան 2018 թուականին:
«ՔՐԱՅԶԼԸՐ» ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿԻ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
«Քրայզլըր» ընկերութիւնը «Փանասոնիք օթոմոթիվ էտուանստ ինճինիրինկ» ընկերութեան հետ ստեղծած է «փորթըլ» փոքր «վան»ը:
«Սի.Ի.Էս.» սպառողական ցուցահանդէսին ներկայացուած նախատիպը նախա-տեսուած է 1980-1990-ական թուականներուն ծնած գնորդներու համար (հազարամեակի սերունդ):
Ելեկտրական մոտելը օժտուած է ինքնաշարժին մէջ գտնուող անձերու ձայներն ու դիմագիծերը ճանչնալու սարքով: Ինքնաշարժին ելեկտրական համակարգը ունակ է ճանչնալու ուղեւորներէն իւրաքանչիւրը եւ որոշ յարմարութիւններ ստեղծելու՝ ըստ անոր նախասիրութիւններուն, ինչպէս, օրինակ, ջերմաստիճանը, երաժշտութիւնը եւ այլն: Ինքնաշարժին մէջ տեղադրուած քամերան կարելի է օգտագործել ինքնանկար (սելֆի) ընելու համար:
Ինքնաշարժը կրնայ օգնել վարորդին եւ ուղեւորներուն՝ ծրագրելու երթուղին, կամ ճամբուն վրայ գտնուող որեւէ ճաշարան ընտրելու:
Ելեկտրական ինքնաշարժը մէկ լիցքաւորումով կրնայ 400 քիլօմեթր տարածութիւն ընթանալ: Յատուկ լիցքաւորման սարքի օգնութեամբ ընթացքը կարելի է երկարացնել 150 քիլօմեթրով, միայն 20 վայրկեանի մէջ:
1971-Ի «ԼԱՄՊՈՐԿԻՆԻ»Ն ԿՐԿԻՆ ՄՐՑՈՒՂԻԻ ՎՐԱՅ
«Լամպորկինի» ընկերութիւնը ցուցադրեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ 1971 թուականի արտադրութեան «Միուրա Էս.Վ.»ի բարեփոխուած ինքնաշարժը կը սուրայ մրցուղիին վրայ:
«Միուրա»ի վերականգնումով զբաղած է «Լամպորկինի» Փոլօ սթորիքօ ստորաբաժանումը, որ կը մասնագիտանայ իտալական մակնիշի հին ինքնաշարժներու սպասարկման եւ վերանորոգման գործին մէջ:
Ինքնաշարժի վերականգնման ընթացքին մասնագէտները ամբողջութեամբ կազմած են անոր ուժային համակարգը: Ի դէպ, որոշ մասեր անոնք ստիպուած եղած են պատրաստել ձեռքով:
1971 թուականին Ժընեւի ինքնաշարժներու ցուցադրութեան սրահին մէջ ներկայացուած երկու դուռով «Լամպորկինի»ն օժտուած է 3.9 լիթր ծաւալով, Վ12 վառելանիւթային շարժիչով, որ 385 ձիաուժ ունի:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւրներ՝ «Մոթոր Էքսփրէս», «Վըրճ», «Թերթ.էյ. էմ.», «Սինհուան» կայքեր
«Ազդակ», Լիբանան
Հարթակ
- 12/23/2024