Պետրոս Դուրեան. Կեանքի Ու Սիրոյ Պաշտամունքով Հրկիզուող Բանաստեղծին Հանճարեղ Բոցավառումը

Յու­նո­ւար 21-ի օ­րը, 145 տա­րի ա­ռաջ, 21 տա­րի­քը նոր թե­ւա­կո­խած, բայց ար­դէն թո­քախ­տէ հիւ­ծած՝ երկ­րա­յին այս կեան­քէն առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցաւ վա­ղա­մե­ռիկ բա­նաս­տեղ­ծի իր հան­ճա­րեղ բո­ցա­վա­ռու­մով ան­մա­հա­ցած ­Պետ­րոս Դու­րեան (1851-1872), որ իր եր­գե­րով գրա­ւեց սիր­տը մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս բազ­մե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծե­րուն վե­րա­պա­հո­ւած իր գա­հին։

Ծ­­նած էր 1851-ին, ­Պոլ­սոյ Ս­­կիւ­տար թա­ղա­մա­սը, եր­կա­թա­գործ Զմ­­պա­յեա­նի աղ­քատ յար­կին տակ եւ հօ­րե­նա­կան ազ­գա­նու­նին հա­յա­ցու­մով էր, որ Պետ­րոս ­Դու­րեան գրչա­նու­նով ստո­րագ­րեց հա­զիւ 13 տա­րե­կա­նին իր գրած ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը։

Կեան­քը դա­ժան գտնո­ւե­ցաւ բնա­տուր տա­ղան­դով օժ­տո­ւած այս պա­տա­նիին նկատ­մամբ։ Աղ­քա­տու­թեան մէջ մեծ­նա­լով՝ չկրցաւ ուս­ման իր ծա­րա­ւը յա­գեց­նել եւ պա­տա­նի տա­րի­քէն աշ­խա­տան­քի աս­պա­րէզ նե­տո­ւե­ցաւ՝ ըն­տա­նի­քին կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու պար­տա­ւո­րու­թեամբ։

Գ­­րա­կա­նու­թեան հան­դէպ սէ­րը եւ բա­նաս­տեղ­ծա­կան եր­կուն­քի ներ­քին հու­րը այն­քան բուռն ու կրա­կոտ էին Դու­րեա­նի սրտին եւ մտքին մէջ, որ իբ­րեւ ապ­րուս­տի մի­ջոց ան ընտ­րեց ժա­մա­նա­կի հայ­կա­կան մա­մու­լին աշ­խա­տակ­ցու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս թա­տրե­րագ­րա­կան գոր­ծե­րով, ո­րով­հե­տեւ այդ օ­րե­րուն մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն կը վա­յե­լէր թատ­րո­նը։ ­Պա­տա­նի Դու­րեան նաեւ դե­րա­սա­նու­թեամբ իր ապ­րուս­տը ա­պա­հո­վե­լու հար­կին տակ գտնո­ւե­ցաւ։

Մա­նա­ւա՛նդ ա­ռող­ջա­կան ա­ռու­մով կեան­քը դա­ժան ե­ղաւ հայ գրա­կա­նու­թեան հան­ճա­րեղ այս պա­տա­նիին նկատ­մամբ, ո­րով­հե­տեւ կա­նու­խէն իր մէջ յայտ­նո­ւած թո­քախ­տը ուղ­ղա­կի քայ­քա­յեց մար­մի­նը կեան­քին ու սի­րոյ այն­քան ամ­րօ­րէն փա­րած ­Պետ­րոս ­Դու­րեա­նի։

Բայց գե­ղե­ցի­կի պաշ­տա­մուն­քին ան­մար կրա­կը ու­նե­ցող մա­հա­մերձ բա­նաս­տեղ­ծը անտր­տունջ չհե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ 1871-ին, մահո­ւան իր սնա­րին գա­մո­ւած, յա­ւեր­ժու­թեան յանձ­նեց «Տր­­տունջք» խո­րագրուած իր ան­մահ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը՝ ճակա­տագ­րի եւ մա­հո­ւան դէմ ընդվ­զու­մի ու ըմ­բոս­տաց­ման հան­ճա­րեղ եր­գը երկ­նե­լով.-

Է՜, մը­նաք բա­րով, Աս­տո­ւած եւ ա­րեւ,

Որ կը պըլ­պը­լաք իմ հոգ­ւոյս վե­րեւ…­

Աստղ մ­­՚ալ ես կ­­՚եր­թամ յա­ւե­լուլ

եր­կինք,

Աստ­ղերն ի՜նչ են որ ե­թէ ոչ ան­բիծ­

եւ թշո­ւառ հոգ­ւոց ա­նէ՜ծք ող­բա­գին,

Որք թը­ռին այ­րել ճա­կատն երկն­քին.

Այլ այն Աս­տու­ծոյն՝ շան­թե­րո՜ւ ար­մատ՝

Յա­ւե­լուն զէն­քերն ու զար­դերն հը­րատ…­

Այլ, ո՜հ, ի՞նչ կ­­՚ը­սեմ… շան­թա­հա­րէ՛ զիս,

Աս­տո­ւա՛ծ, խոկն հսկայ փշրէ՛ հիւ­լէիս՝­

Որ ժպրհի ձգտիլ, սու­զիլ խորն երկ­նի,

Ել­նել աստ­ղե­րու սան­դուխքն ա­նա­լի…։

Հի­ւան­դոտ կեան­քը եւ ա­նոր յա­ռա­ջա­ցու­ցած յու­սա­հա­տու­թիւնն ու յո­ռե­տե­սու­թիւ­նը ծանր անդ­րա­դարձ ու­նե­ցան սի­րոյ խոր զգա­ցում­նե­րով եւ ա­լե­կո­ծում­նե­րով հա­մա­կո­ւած այս բա­նաս­տեղ­ծին յու­զաշ­խար­հին վրայ։

Կրկ­­նա­կիօ­րէն դա­ժան, հի­ւան­դի ու չքա­ւո­րի այ­սօ­րի­նակ տա­ռա­պա­լից կեանք մը ապ­րե­լով՝ Պետ­րոս ­Դու­րեան բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ ո­րո­նեց եւ գտաւ ինք­նադր­սե­ւոր­ման ու ինք­նա­հաս­տատ­ման իր կեն­սու­նակ աշ­խար­հը։ ­Թէեւ ժա­մա­նա­կը չու­նե­ցաւ բե­ղուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան, բայց հա­զիւ քա­ռա­սու­նի հաս­նող իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը ինք­նին բա­ւա­րար ե­ղան, որ­պէս­զի ­Պետ­րոս ­Դու­րեան հո­րի­զոն բա­նայ հայ քնա­րեր­գու­թեան առ­ջեւ ու թռիչք տայ սի­րոյ եւ տա­ռա­պան­քի մարդ­կա­յին ա­մենէն վա­ւե­րա­կան, յորդ ու ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րը գե­ղա­րո­ւես­տա­կա­նօ­րէն բա­նա­ձե­ւե­լու եւ յա­ւեր­ժու­թեան յանձ­նե­լու եր­կուն­քին։

Ճա­կա­տագ­րի հան­դէպ ­դառ­նու­թեան խո­րա­գոյն զգա­ցո­ղու­թիւ­նը եւս Դու­րեան բա­նաս­տեղ­ծա­կա­նօ­րէն յա­ւեր­ժա­ցուց՝ հայ գրա­կա­նու­թեան կտա­կե­լով իր անկրկ­նե­լի «Լ­­ճակ»ը.-

Շա­տե­րը զիս մեր­ժե­ցին,

«­Քը­նար մ­­՚ու­նի սոսկ» - ը­սին.

Մին՝ «դող­դոջ է, գոյն չու­նի» -

Միւսն ալ ը­սաւ.- «կը մեռ­նի»։­

 

Ոչ ոք ը­սաւ,- «­Հէ՛ք տը­ղայ,

Ար­դեօք ին­չո՞ւ կը մը­խայ,

Թե­րեւս ըլ­լայ գե­ղա­նի,

Թէ որ սի­րեմ, չը մեռ­նի»։­

 

Ոչ ոք ը­սաւ՝ - «­Սա տը­ղին

Պատ­ռե՛նք սիր­տը տըրտ­մա­գին,

Նա­յինք ին­չե՜ր գրո­ւած կան…»

- Հոն հրդեհ կայ, ո՛չ մա­տեան։

Իր օ­րին ար­դէն ­Պետ­րոս ­Դու­րեան շատ ա­րագ սի­րո­ւած եւ փնտռո­ւած բա­նաս­տեղ­ծը դար­ձաւ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան։ Իր «Ին­չո՞ւ ապ­շած ես լճակ»ը, «Տր­­տունջք»ը, «­Հե­ծեծ­մունք»ը, «Ինչ կ­­՚ը­սեն»ը, «Թր­­քու­հին» ու «Իմ մա­հը» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը դար­ձան ե­րի­տա­սարդ սրտե­րու եւ հո­գի­նե­րու հա­րա­զատ թարգ­մա­նը, ա­նոնց շրթնե­րուն շա­րու­նակ հնչող եր­գե­րը…

Դու­րեա­նի մե­ծու­թիւ­նը չսահ­մա­նա­փա­կո­ւե­ցաւ իր ցա­ւին ու տա­ռա­պան­քին ա­հագ­նու­թեամբ։
­Նո­րա­րա­րու­թիւ­նը տի­րա­կան գի­ծը դար­ձաւ ­Դու­րեա­նի գրա­կա­նու­թեան։

Թատ­րո­նի մէջ, ժա­մա­նա­կի ընդ­հա­նուր հու­նով պատ­մա­կան թա­տե­րա­խա­ղեր գրե­լով հան­դերձ, Դու­րեան թա­գա­ւոր­նե­րու եւ իշ­խան­նե­րու կող­քին բեմ բարձ­րա­ցուց նաեւ պարզ ժո­ղո­վուր­դը՝ ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին մեր հիմ­նա­կան հար­ցե­րը ար­ծար­ծե­լով։ ­Մա­նա­ւանդ որ Ազ­գա­յին Զար­թօն­քի շար­ժու­մին եւ աշ­խար­հա­բա­րի տա­րած­ման դրօ­շա­կիր­նե­րէն էր ­Դու­րեան, որ այս ա­ռու­մով եւս պայ­քա­րի դիր­քե­րը ա­կա­մայ լքե­լու ճա­կա­տագ­րին դէմ ընդվ­զե­ցաւ՝ «Իմ ­Ցա­ւը» բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ ա­ւա­ղե­լով.-

Հէք մարդ­կու­թեան մէկ ոս­տը գօս՝

Հայ­րե­նիք մը ու­նիմ թշո­ւառ,

Չօգ­նած ա­նոր մեռ­նի՜լ անն­շան,

Ո՜հ, ա՛յս է սոսկ ցաւ ինձ հա­մար։

Նաեւ ըն­կե­րա­յին ա­զա­տամ­տու­թեան դրօ­շա­կիր ե­ղաւ ­Դու­րեան, որ չվա­րա­նե­ցաւ պահ­պա­նո­ղա­կան կաշ­կան­դու­մնե­րը մեր­ժե­լու եւ կեղծ բա­րո­յա­պաշ­տու­թեան պա­տո­ւար­ներ քան­դե­լու. «Թր­­քու­հին» խո­րագ­րո­ւած իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը վկա­յու­թիւնն է սի­րոյ եւ գե­ղե­ցի­կի ան­հուն պաշ­տա­մուն­քին եւ սան­ձա­զերծ թռիչ­քին.-

Լանջն է յու­զեալ Ով­կէա­նի մը նման,

Կ՚ու­զէ սի­րել… համ­բոյ­րի մ՚ հետ նո­ւա­ղիլ,

Նէ շո­ղե­րու, բոյ­րե­րու է թա­գու­հի,

Խոնջ թի­թեռ­նիկ մ­­՚որ կը խնդրէ ծաղ­կէ թառ.

Ե­թէ շիկ­նի,

Կ՚ը­սես.- «­Հի՜­մա կը բռնկի»։­

Այդ էր պատ­ճա­ռը, որ իր թա­ղու­մը ազ­գա­յին մեծ շու­քով ու չորս հա­զա­րէ ա­ւե­լի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ տպա­ւո­րիչ թա­փօ­րով կա­տա­րո­ւե­ցաւ։ ­Ման­րա­վէ­պի նշա­նա­կու­թիւն ու­նի, բայց կ­­’ար­ժէ հոս մէջ­բե­րել ­Մու­շեղ Իշ­խա­նի այն վկա­յու­թիւ­նը, որ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը փա­փա­քած է ­Դու­րեա­նի թա­ղու­մը նո­ւա­գա­խում­բի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ կա­տա­րել, հա­կա­ռակ ա­նոր որ մեր ե­կե­ղե­ցին այդ ժա­մա­նակ կ­­’ար­գի­լէր նման բան։ Այդ խնդրան­քով ալ ե­րի­տա­սարդ­ներ դի­մած են օ­րո­ւան ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիարք Խ­­րի­մեան Հայ­րի­կին, ո­րուն պա­տաս­խա­նը՝ «Հ­­րա­ման չեմ տար, բայց կը նե­րեմ»ը շատ բան կ­­’ը­սէ մեր ժո­ղո­վուր­դի սրտին մէջ ­Պետ­րոս ­Դու­րեա­նի գրա­ւած տե­ղին եւ հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղ­ծի ա­նոր ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան մա­սին։

«Իմ մա­հը» բա­նաս­տեղ­ծու­թեան վեր­ջին տու­նով՝ ­Պետ­րոս ­Դու­րեան ար­տա­յայ­տած է մա­հո­ւան սնա­րին գտնո­ւող ա­մէն մար­դու խո­րա­գոյն ցաւն ու վա­խը, գրե­լով որ՝

Իսկ անն­շան ե­թէ մնայ­

երկ­րի մէկ խորշն հո­ղա­կոյտն իմ,

եւ յի­շա­տակս ալ թա­ռա­մի,

ա՜հ, ա՛յն ա­տեն ես կը մեռ­նիմ»…

­Բայց մա­հէն ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր ե­ղաւ ­Դու­րեա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը։

Ոչ միայն չթա­ռա­մե­ցաւ ­Դու­րեա­նի յի­շա­տա­կը, այ­լեւ՝ իր եր­գե­րով ­Դու­րեան մնա­յուն ըն­կե­րա­կի­ցը դար­ձաւ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն։

Ան­մա­հու­թիւ­նը նո­ւա­ճեց։

Թէեւ կեան­քը ա­նո­ղոք գտնո­ւե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան ­Հան­ճա­րեղ ­Պա­տա­նիին նկատ­մամբ, բայց ինչ­պէս ­Դու­րեան ինք՝ իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ, նոյն­պէս եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը՝ իր սե­րունդ­նե­րու հո­գիին մէջ վառ պա­հե­լով ­Դու­րեա­նի ժա­ռան­գու­թիւ­նը, յաղ­թե­ցին մա­հո­ւան եւ ան­մա­հու­թեան ար­ժա­նա­ցու­ցին վա­ղա­մե­ռիկ բա­նաս­տեղ­ծի հան­ճա­րեղ բո­ցա­վա­ռու­մը շնչա­ւո­րած ան­զու­գա­կան եր­գի­չի­ն։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2017