ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ… ԵՒ ԱՆԳԱՐԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդմանակալութենէն ժամեր առաջ, ամերիկեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Անգարայի մէջ հանդիպումներ կ՚ունենար թուրք բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:
Աւելի վերջ, Յունուար 20-ի իր թիւին մէջ «Հիւրրիյէթ» (անգլերէն տարբերակ) օրաթերթը կը հրապարակէր հարցազրոյց մը՝ այդ պատուիրակութիւնը գլխաւորող «Ատլանտեան խորհուրդ»ի փոխ-քարտուղար Սթիվըն Հատլիի հետ: Հատլի, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներէն Ճորճ Ու. Պուշի խորհրդականներէն է, կը համարուի երկրի արտաքին քաղաքականութեան ազդեցիկ օղակներուն մօտ «խօսք ունեցող» անձնաւորութիւն մը:
Հատլիի հարցազրոյցը, զոր վարած է լրագրող Մուրատ Եէթքին, կ՚առանձանացուի յատկապէս, որովհետեւ կը տրուի այնպիսի հանգրուանի մը, երբ շրջանի բոլոր երկիրները ուշի ուշով կը հետեւին թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն:
Ամերիկացի փորձառու դիւանագէտը առանց թաքցնելու կը յայտարարէ, որ երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները բոլորեցին «քննութեան շրջան» մը եւ այսօր անոնք երկուքն ալ կը պատրաստուին նոր փուլի մը:
Հատլի, որ իր նախկին գործունէութեան բերումով բաւական «մանրազննին» հայեացք ունի միջինարեւելեան խնդիրներուն վրայ՝ լաւ գիտէ, որ Անգարան անհանգստացնող գլխաւոր խնդիրը Սուրիոյ պատերազմին մասնակցող քրդական ջոկատներուն եւ յատկապէս ԵՓԿ-ին Միացեալ Նահանգներու բացայայտ նեցուկն է, որ կը շարունակուի ցայսօր:
Մինչ Պարաք Օպամայի կառավարած վարչամեքենային համար Սուրիոյ մէջ «պայքարող» այդ խմբաւորումներուն մասին յստակ կեցուածք մը ունենալը բաւական բարդ կը համարուէր, անդին Անգարայի կողմէ այդ ահաբեկիչներուն զէնք մատակարարելու մասին զգուշացումները կամ զանոնք նոյն ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) մակարդակին դասելը կը մնային անարաձագանգ:
Ու այս կէտն էր, որուն մասին կարեւոր շեշտադրում կը կատարէր Հատլին՝ նշելով, որ այդ «քրդական թնճուկ»ին պատճառով է, որ Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները որոշ ցնցումներ ապրած էին:
Ան այս առումով բառացիօրէն կ՚ըսէր. «Միացեալ Նահանգներու կողմէ քրդական խմաբւորումներուն ցուացբերուած նեցուկը անհանգստութիւն ստեղծած է Անգարայի մօտ: Մեզի համար այս անհանգստութիւնը հասնկալի պէտք է ըլլայ»:
Հատլի նաեւ ընդհանուր վերաքաղ մը ընելով շեշտած է, որ Թուրքիոյ կողմէ առնուած որոշ կեցուածքներու վերաբերեալ ամերիկեան հասարակութեան մօտ որոշ անյստակութիւն, հետեւաբար, որոշ մերժում մը կայ։ Այս պատճառով է նաեւ, որ այդ հանրութիւնը (ամերիկեան) շատ յաճախ կոպիտ ձեւով կը հակազդէ։ Բան մը, որ աւելիով կը լարէ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Բաւական բարդ անկիւններէ կը խօսի ամերիկացի դիւանագէտը ու անոր մօտեցումներուն մէջ կան ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ հոգեբանական շերտեր:
Այստեղ պէտք է անպայման յղում ընել ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ փրակմաթիզմի յղացքները:
Այսինքն՝ Հատլիի հնչեցուցած խօսքերը պէտք է ընկալել որպէս բանակցութիւններու հանգրուանի մը աւարտին (բնականաբար դրական) կատարուած յայտարարութիւններ, որոնք աւելին են քան իղձերը, կամ տուեալ պարագային փափաքները:
Միացեալ Նահանգներ կարեւոր բանալիներ ունի Թուրքիոյ բոլոր հարցերուն առընթեր: Աւելի՛ն. երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման համար Միացեալ Նահանգներ պէտք է գոհացում տայ Անգարայի՝
ա.- Քրդական բոլոր ջոկատները ահաբեկչական խմբաւորումներ համարելով,
բ.- Լուծելով Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի հարցը: Առնուազն անոր արտայանձնումին փոխարէն՝ ճնշման սեղմ օղակի տակ առնելով Անգարայի համար «փերոսաննա նոն կրաթա» համարուող կրօնական գործիչը եւ անոր վերահսկողութեան տակ գործող բոլոր բջիջները կազմաքանդելով:
Այս հարցերուն դիմաց կան նաեւ Ուաշինկթընի կողմէ առկայ պահանջները։ Անոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ ներքին առկայ խնդիրները կարգաւորելու մասին կը դասակարգուին որպէս «փափաք»ներ, որոնք կը համարուին երկրորդ հարթութեան վրայ գտնուող հարցեր:
Երկու երկիրներու միջեւ ապրուած «ցնցում»ներուն առընթեր կարեւոր «դեր» ունեցաւ սուրիական տագնապը: Տագնապ, որ պատճառ դարձաւ երկու երկիրներու գլխաւոր պատասխանատուները տարբեր առիթներով կոշտ կեցուածքներով հանդէս գալու: Բացի այն փաստէն, որ լարուածութիւնը մնաց Էրտողան-Օպամա վերջին շրջանի յարաբերութեանց հիմնական խորագիրը։ Փաստ է նաեւ, որ ամերիկեան զինուորական բարձրաստիճան մարմիններու դէպի Անգարա այցելութիւնները երբեք չդադրեցան:
Իսկ գալով Սուրիոյ խնդրին, այդ առումով եւս բաւական յստակ է, որ այսօր ընթացող գործընթացներով այդ երկրին մէջ կատարուող բոլոր հիմնական նախաձեռնութիւնները անցած են Մոսկուային ձեռքը: Այսինքն, եթէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն սպասելի դրական տեղաշարժը ապրին, այն ատեն Ռուսաստան պիտի յաջողի փարատել Անգարա-Ուաշինկթըն այդ պատուհանի հարցերը՝ միաժամանակ լուծումներ տալով քիւրտերու հետ հարցերուն:
Ամենէն կարեւորը այն է, որ Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելք կը վերադառնայ: Կամ առնուազն կը փորձէ վերադառնալ: Ճիշդ է, որ հզօր կարողականութիւններ ունեցող այս երկիրը յատկապէս ձախող դրսեւորումներ ունեցաւ «մեր աւազան»ին մէջ ու իբր այդ ալ կարելի է ըսել, թէ ան կը վերադառնայ, կամ պիտի վերադառնայ:
Ու ասկէ վեր ամենէն կարեւորը այն է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան ճարտարապետներուն համար, որոնցմէ մէկն է Սթիվըն Հատլին, շատ յստակօրէն կ՚ուրուագըծ-ւի, թէ ամերիկեան քաղաքականութեան բարեյաջող վերադարձին համար կարեւոր դեր վերապահուած է Անգարային:
Այս մօտեցումները բնականաբար հիմնուած են շահերու եւ երկար տարիներու վրայ գումարուած փոխյարաբերութեանց ընդհանուր հանրահաշիւին վրայ:
Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահին համար կարեւոր փորձաքարը միայն Մոսկուայի հետ յարաբերութեանց կարգաւորումը չէ, այլ ճիշդ եւ արագ քայլերով Միջին Արեւելքի իր գործընկերներուն հետ «հաշտ եւ համերաշխ» գործելը:
Բացի Թուրքիայէն, Միացեալ Նահանգներու համար նոյնքան կարեւոր է Սէուտական Արաբիոյ հետ առկայ խնդիրներու կարգաւորումը եւ ընդհանուր հասարակ յայտարարի մը հասնիլը:
Ի վերջոյ միջինարեւելեան քարտէսին վրայ Սպիտակ տան երկու հիմնական դաշնակիցները Անգարան եւ Ռիատն են, որոնց հետ յարաբերութիւնները յայտնուած են բաւական նուրբ դրութեանց մէջ:
Միացեալ Նահանգներ պիտի կրնա՞յ վերստին «ջերմացնել» այդ յարաբերութիւնները: Պատասխանը յստակ չէ, սակայն եթէ նկատի առնենք առկայ տագնապներուն պարզած ընդհանուր պատկերը, ապա պարզ է, որ այդ յարաբերութիւններու վերակարգաւորման կամ «ժամանակաւոր ապահարզան»ի ժամկէտները հեռու չեն:
«Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող բազմաթիւներու նման, ես ալ լիայոյս եմ, որ նախագահ Թրամփ եւ իր վարչակազը կարեւոր եւ երեւելի ճիգեր կ՚ընեն ոչ միայն կարգաւորելու համար Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւնները, այլ նաեւ աշխատանք տանելու եւ ապահովելու Ամերիկայի դէպի Միջին Արեւելք վերադարձը եւ թէ բոլոր մակարդակներու վրայ», ըսած է Սթիվըն Հատլի եզրափակելով իր տուած հարցազրոյցը թրքական պարբերականին, ամրագրելով բոլոր այն միտքերը, որոնք արծարծուեցան այս յօդուածին մէջ:
Թրամփի Ամերիկան Միջին Արեւելք կ՚ուզէ վերադառնալ եւ այդ վերադարձի հիմնական դուռը՝ Անգարան է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան