Կլէյտիս Պէրէճիքլեան դարձած է Նոր Հարաւային Ուելսի Վարչապետ
Կլէյտիս Պէրէճիքլեան դարձած է Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի 45-րդ վարչապետը: Ան, Յունուար 23ին, միաձայն ընտրուած է Լիպերալ կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով բրիտանական The Guardian պարբերականը:
Լիպերալ կուսակցութեան կողմէ հրաւիրած հանդիպումը տեւած է առաւելագոյնը 15 վայրկեան: Պէրէճիքլեան, իբրեւ կուսակցութեան առաջնորդ ընտրելուելէն զատ, անոր փոխը ընտրուած է ելեւմտական նախարար Տոմինիք Փերոտետը:
Կ՚ակնկալուի, որ Պէրէճիքլեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը տեղի ունենայ Կառավարութեան տան մէջ կայանալիք ձեռնարկին:
Նոր Հարաւային Ուելսի նորընտիր վարչապետը տեղեկացուցած է, որ իր նոր գրասենեակը որոշելու համար կը պահանջուի շուրջ մէկ շաբաթ ժամանակ: