Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԵՒՍ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ
Արցախի ճակատին վրայ նախորդ գիշեր հայ զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ դիպուկահարի մը կողմէ բացուած կրակին զոհ գնաց Կարէն Ուլուպապեան (1995)։ Պատկան մարմինները քննութեան ձեռնարկած են դէպքին մանրամասնութիւնները ճշդելու համար։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը ճնշած են Ատրպէյճանի զօրքերու նախայարձակ աշխուժութիւնը՝ պատասխան գործողութիւններով։
Կը հաղորդուի, որ վերջին շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումները թափ ստացած են վերստին։
Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017