Ի՞նչ ակնկալութիւններ ստեղծուած են համայնքէն ներս՝ Էրտողան-Շիրինօղլու հանդիպման լոյսին տակ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի եւ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) ու Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի մի­ջեւ ան­ցեալ շա­բաթ Պեշ­թե­փէի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Թէ ի՞նչ սպա­սում­ներ ստեղ­ծուած են հա­մայն­քէն ներս՝ Էր­տո­ղան-Շի­րի­նօղ­լու հան­դիպ­ման լոյ­սին տակ։ Այս նիւ­թը ներ­կա­յիս ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­նէ օ­րա­կար­գը։ Կա­րե­ւոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րէն մին այն է, որ Էր­տո­ղա­նի կար­գադ­րու­թեամբ հան­դիպ­ման ներ­կայ գտնուած է նաեւ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէմ։ Սա կա­րե­ւոր ե­րե­ւոյթ մըն է։ Ար­դա­րեւ, մեր հա­մայն­քի խնդիր­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեան լու­ծու­մը կա­խում ու­նի Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րէն։ Հե­տե­ւա­բար, Ատ­նան Էր­թէ­մի ներ­կա­յու­թիւ­նը այն­պէս կը մեկ­նա­բա­նուի, որ Էր­տո­ղան փա­փա­քած է ար­ծար­ծուած նիւ­թե­րուն զու­գա­հեռ ա­պա­հո­վել գործ­նա­կա­նու­թիւն մը։

Պեշ­թե­փէի մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած է Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հան­դի­պա­կաց եր­բեմ­նի բան­ջա­րա­նո­ցի տա­րած­քի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­դար­ձուի­լը, Պէյ­քո­զի եր­բեմ­նի գե­րեզ­մա­նա­տան տա­րած­քի վա­ղե­մի հար­ցը եւ բնա­կա­նա­բար մեր հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու առ­կա­խեալ ընտ­րու­թեան թնճու­կը։ Այս խնդիր­նե­րուն ա­ռա­ջին եր­կու­քը, այ­սինքն՝ հի­ւան­դա­նո­ցի նախ­կին բան­ջա­րա­նո­ցի եւ Պէյ­քո­զի նախ­կին գե­րեզ­մա­նա­տան հար­ցե­րը կը վե­րա­բե­րին զուտ մեր հա­մայն­քին։ Իսկ հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թեան խնդի­րը կը վե­րա­բե­րի ընդ­հան­րա­պէս երկ­րի ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն։ Բո­լոր հար­ցե­րուն ալ վերջ­նա­կան լու­ծու­մը կա­խում ու­նի Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րէն։

Թուր­քիա այս վեր­ջին շրջա­նին կ՚անց­նի ար­տա­սո­վոր ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծէ մը։ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն սկսեալ՝ մին­չեւ ա­հա­բեկ­չու­թեան ան­հա­մե­մա­տօ­րէն մագլ­ցի­լը, երկ­րի ան­մի­ջա­կան հա­րե­ւա­նու­թեամբ առ­կայ պա­տե­րազմ­նե­րէն սկսեալ՝ մին­չեւ Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը. այս բո­լո­րը հա­շուի առ­նե­լով կա­րե­լի է ան­վա­րան ընդգ­ծել, որ եր­կի­րը ան­ցու­մա­յին շրջան մը կը բո­լո­րէ։ Հասկ­նա­լի է, որ այդ ան­ցու­մա­յին շրջա­նը ո­րոշ յո­ռե­տե­սու­թիւն մը ստեղ­ծած է երկ­րէն ներս, ո­րով­հե­տեւ հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր բա­ժին­նե­րուն կը վի­ճա­կին լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­ներ։ Առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներն ու մա­նա­ւանդ մեր հա­մայն­քը եւս մատ­նուած են ո­րոշ չա­փով յո­ռե­տե­սու­թեան եւ այս ե­րե­ւոյ­թին մէջ ուղ­ղա­կիօ­րէն դեր կը խա­ղան նաեւ տնտե­սա­կան կեան­քի դժուա­րու­թիւն­նե­րը։ Հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րուն մօտ վեր­ջին շրջա­նին ստեղ­ծուած հո­գե­բա­նու­թիւ­նը այն էր, որ ան­ցու­մա­յին այս շրջա­նին դժուար թէ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կա­րե­նան ի­րենց ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դարձ­նել մեր հա­մայն­քա­յին հար­ցե­րը։ Ա­հա այս բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան յո­ռե­տե­սու­թեան յաղ­թա­հար­ման տե­սան­կիւ­նէն չա­փա­զանց կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ Էր­տո­ղան-Շի­րի­նօղ­լու տե­սակ­ցու­թիւ­նը։ Պե­տու­թեան գա­գա­թին վրայ հան­գա­մա­նօ­րէն անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ մեր հա­մայն­քա­յին խնդիր­նե­րուն։ Ան­շուշտ, ինչ­պէս յո­ռե­տե­սու­թեան, այն­պէս ալ լա­ւա­տե­սու­թեան պա­րա­գա­յին պէտք չէ ա­ճա­պա­րել, սա­կայն պե­տու­թեան գա­գա­թին վրայ տրուած ժա­մադ­րու­թիւն մը, բնա­կա­նա­բար բա­ւա­րար է գո­նէ հա­յեաց­քը կեդ­րո­նաց­նե­լու հա­մար բա­ժա­կի լե­ցուն բաժ­նին վրայ։ Էր­տո­ղան-Շի­րի­նօղ­լու հան­դի­պու­մը ե­կած է ա­պա­ցու­ցա­նել, որ ան­ցու­մա­յին ներ­կայ շրջա­նին մեր հա­մայն­քի խնդիր­նե­րը հա­րիւր տո­կո­սով ան­տե­սուած չեն ու պատ­կան մար­մին­նե­րը միշտ հե­տա­մուտ կը մնան ա­նոնց լուծ­ման։ Երկ­րորդ դի­տար­կու­մը, դար­ձեալ լա­ւա­տես, կրնայ ըլ­լալ այն՝ որ պե­տու­թեան մօտ կը շա­րու­նա­կուի քա­ղա­քա­կան կամ­քը, ո­րով մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը ի­րե­րա­յա­ջորդ բա­րե­փո­խում­ներ կա­տա­րուած էին երկ­րի փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար եւ այդ բո­լո­րը դրա­կան լուծ­ման յան­գե­ցու­ցած էին մեր հա­մայն­քի զա­նա­զան հար­ցե­րը, ո­րոնց լուծ­ման ակն­կա­լու­թիւ­նը կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր։ Ու­րեմն, այս եր­կու հան­գա­մանք­նե­րուն լոյ­սին տակ ներ­կա­յիս հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը են­թադ­րու­թիւն­ներ կը կա­տա­րեն յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նի հա­ւա­նա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հան­դի­պա­կաց եր­բեմ­նի բան­ջա­րա­նո­ցի տա­րած­քի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը հա­մայն­քին վե­րա­դարձ­նե­լու խնդի­րը այս ամ­բող­ջին մէջ կը հա­մա­րուի շատ խորհր­դան­շա­կան։ Պատ­ճա­ռը այն է, որ Ան­գա­րա­յէն կա­տա­րուած դրա­կան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րով մի­ջոց մը ա­ռաջ այդ ըն­դար­ձակ տա­րած­քին սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­դար­ձուած էր Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան։ Յա­ջոր­դող շրջա­նին Իս­թա­նու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը եւ Զէյ­թին­պուր­նուի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը դա­տա­կան մար­մին­նե­րուն մօտ մի­ջամ­տու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով կա­սե­ցու­ցած էին այդ կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն բնա­կա­նոն շա­րու­նա­կու­թիւ­նը։ Այս­պէ­սով սկսած էր վի­ճե­լի նոր շրջան մը, որ կը շա­րու­նա­կուի ցայ­սօր։ Ճիշդ է, որ մեր հա­մայն­քը, ի դէմս Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­ռայժմ թէեւ ո­չինչ կորսն­ցու­ցած է, սա­կայն ժխտա­կան բնոյ­թով մի­ջամ­տու­թիւ­նը ե­կած է պղտո­րել բո­լո­րին միտ­քը։ Հար­ցու­մը այն է, որ ար­դեօք վե­րա­դա՞րձ մը պի­տի ըլ­լայ դէ­պի ան­ցեալ։ Էր­տո­ղան-Շի­րի­նօղ­լու հան­դի­պու­մը ե­կած է փա­րա­տել այս կաս­կա­ծը։ Ար­դա­րեւ, հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ընդգ­ծած է, որ յար­մար կը դա­տէ այս խնդրին դրա­կան լու­ծում մը գտնե­լը եւ մեր հա­մայն­քի ի­րա­ւունք­նե­րուն պաշտ­պա­նուի­լը։ Այս ա­ռու­մով ծայր աս­տի­ճան ու­շագ­րաւ կը հա­մա­րուի Ատ­նան Էր­թէ­մի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Էր­տո­ղան-Շի­րի­նօղ­լու զրոյ­ցին։ Ո­րով­հե­տեւ Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թիւնն ու Զէյ­թին­պուր­նուի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը հի­ւան­դա­նո­ցի հան­դի­պա­կաց տա­րած­քի հար­ցին շուրջ դատ բա­ցած են ուղ­ղա­կիօ­րէն Վա­քը­ֆնե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան դէմ՝ սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­դարձ­նե­լու ուղ­ղեալ կար­գադ­րու­թեան բե­րու­մով։ Ի­րա­ւա­կան հար­թու­թեան վրայ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի խա­ղա­քար­տե­րը ա­մուր են, ո­րով­հե­տեւ այդ տա­րած­քը ընդգր­կուած է 1936 թուա­կա­նի յայ­տա­րա­րագ­րին մէջ։

Միւս հիմ­նա­կան խնդի­րը կը վե­րա­բե­րի Պէյ­քո­զի եր­բեմ­նի գե­րեզ­մա­նա­տան տա­րած­քին։ Այս խնդի­րը եւս եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը զբա­ղեց­նէ հա­մայն­քին օ­րա­կար­գը։ Տա­րած­քին մէկ հա­տուա­ծին վրայ կա­տա­րուած է ճա­նա­պար­հա­շի­նու­թիւն։ Այդ տա­րած­քէն այլ բա­ժին մըն ալ յատ­կա­ցուած է վար­ժա­րա­նի մը շի­նու­թեան հա­մար։ Ճա­նա­պարհ կա­ռու­ցուած հա­տուա­ծին բե­րու­մով մեր հա­մայն­քը, ի դէմս Պէյ­քո­զի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին, հա­տու­ցում կը պա­հան­ջէ Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թե­նէն։ Դպրոց կա­ռու­ցուած հա­տուա­ծի պա­րա­գա­յին ալ նոյ­նը խնդրոյ ա­ռար­կայ է Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն։ Այդ հա­տու­ցում­նե­րը վիթ­խա­րի գու­մար­ներ են եւ տա­կա­ւին ա­նոնք հա­մայն­քին չհա­սած՝ հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ ստեղ­ծուած են վէ­ճեր։ Վեր­ջին շրջա­նին Պէյ­քո­զի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին եւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան մի­ջեւ հա­մա­խո­հու­թիւն մը գո­յա­ցած է այդ հա­մայն­քա­պատ­կան կա­լուա­ծի ար­ժե­ւոր­ման հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ։ Սոյն փո­խըմբռ­նու­մը կը վե­րա­բե­րի թէ՛ հա­տու­ց­­ման գու­մա­րին եւ թէ տա­րած­քի մնա­ցեալ հա­տուա­ծի ա­պա­գայ ար­ժե­ւոր­ման հե­ռան­կար­նե­րուն։ Էր­տո­ղան-Շի­րի­նօղ­լու զրոյ­ցին ըն­թաց­քին այս խնդի­րը քննար­կուած է բո­լոր չա­փում­նե­րով։ Ցարդ այս հար­ցով զբա­ղած բո­լոր կող­մե­րը նա­խա­տե­սած են լուծ­ման զա­նա­զան եզ­րեր ու բո­լո­րը այ­սօր հե­տա­մուտ են զա­նա­զան փու­լե­րու մէջ ի­րենց տրուած խոս­տում­նե­րէն բխած ի­րա­ւունք­նե­րուն կամ պա­հանջ­նե­րուն։ Հա­շուի առ­նե­լով, որ այս մթնո­լոր­տը հա­մայն­քի գե­րա­գոյն շա­հե­րուն տե­սա­կէ­տէ կրնայ խնդրա­յա­րոյց պատ­կե­րի մը ծնունդ տալ՝ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ճա­կա­տագ­րա­կան մի­ջամ­տու­թիւն մը կա­տա­րած է՝ խնդի­րը ար­ծար­ծե­լով ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Այս տե­սան­կիւ­նէն ալ Էր­տո­ղան-Շի­րի­նօղ­լու զրոյ­ցին Ատ­նան Էր­թէ­մի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ե­ղած է շատ յատ­կան­շա­կան։ Մէկ կող­մէ Պէյ­քո­զի տա­րած­քին վե­րա­բե­րեալ ակն­կա­լուած հա­տու­ցում­նե­րու հնա­րա­ւո­րինս ա­րա­գաց­ման հո­րի­զո­նը ու­րուագ­ծուած է, իսկ միւս կող­մէ կա­րե­լի ե­ղած է վե­րա­հա­սու դառ­նալ նաեւ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան մօ­տե­ցում­նե­րուն։ Ատ­նան Էր­թէմ յայտ­նած է, որ հա­տուց­ման գու­մար­նե­րը պի­տի փո­խան­ցուին Պէյ­քո­զի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին եւ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թիւ­նը ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ պի­տի հե­տե­ւի ա­նոնց տնօ­րին­ման։

Հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րու խնդիրն ալ շօ­շա­փուած է դրա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Էր­տո­ղան յայտ­նած է, որ մօ­տա­լուտ հան­րա­քուէէն վերջ առ­կա­խուած այս հար­ցը պի­տի գտնէ իր լու­ծու­մը։  Էր­տո­ղա­նի այս խոս­տու­մը բնա­կա­նա­բար կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի։ Թէ՛ ժամ­կէ­տի մը ազ­դան­շա­նին ի­մաս­տով եւ թէ գա­գա­թնա­յին մա­կար­դա­կի վրայ վե­րընդգ­ծուած մտադ­րու­թեան մը ա­ռու­մով։ Բայց եւ այն­պէս, հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին խոս­տու­մով հան­դերձ զա­նա­զան խնդիր­ներ կը մնան առ­կայ։ Ընտ­րու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին Էր­տո­ղա­նի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը սկզբուն­քա­յին բնոյթ կը կրեն։ Այդ սկզբուն­քը անհ­րա­ժեշտ նա­խա­պայ­ման մըն է։ Բայց տա­կա­ւին կան բազ­մա­թիւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք այդ խոստ­ման հի­ման վրայ պի­տի յստա­կա­նան։ Խօս­քը ա­ռա­ջին հեր­թին կը վե­րա­բե­րի հա­ւա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու դրու­թեան։ Ակն­յայտ է, որ մեր հա­մայն­քէն ներս միա­կար­ծու­թիւն մը չկայ այս նիւ­թին շուրջ։ Զա­նա­զան հաս­տա­տու­թիւն­ներ կողմ­նա­կից են ընտ­րա­կան զա­նա­զան ձե­ւե­րու, ըստ քուէար­կե­լիք զան­գուա­ծի սահ­մա­նում­նե­րուն։ Բնա­կա­նա­բար այս հար­ցին վե­րա­բե­րեալ վերջ­նա­կան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի ըլ­լան դի­ւա­նա­կա­լա­կան հար­թու­թեան վրայ։ Այս տե­սան­կիւ­նէն կա­րե­լի է ը­սել նաեւ, որ սպաս­ման շրջա­նը կը շա­րու­նա­կուի։ Իսկ այդ սպաս­ման շրջա­նը լա­ւա­գոյնս ար­ժե­ւո­րե­լու ու մեր հա­մայն­քէն ներս ա­ւե­լի միաս­նա­կան մթնո­լորտ մը ձե­ւա­ւո­րե­լու տե­սա­կէ­տէ կա­րե­լի է ձեռ­նար­կել շատ կա­րե­ւոր աշ­խա­տան­քի մը։ Սա է՝ մեր հա­մայն­քի ընտ­րող­նե­րու ցու­ցակ­նե­րուն պատ­րաս­տու­թիւ­նը։ Մեր բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ընտ­րող­նե­րու ցան­կե­րը ներ­կա­յիս չեն կազ­մեր ա­ռողջ ամ­բողջ մը։ Եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր չեն վե­րա­նո­րո­գուած ա­նոնք։ Ակն­յայտ է, որ մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը ժո­ղովր­դագ­րա­կան տե­սա­կէ­տէ մեծ շար­ժու­մի մը մէջ են, ա­ւե­լի՛ն, մէ­կէ ա­ւե­լի շրջան­նե­րու մէջ ար­ձա­նագ­րուած են նոյն ան­ձե­րը։ Տա­կա­ւին կան մա­հա­ցած­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը։ Հե­տե­ւա­բար, հա­մայն­քա­յին բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը ընտ­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խնդրին ի­րենց վի­ճա­կած բա­ժի­նը լու­ծած կրնան ըլ­լալ՝ ե­թէ ան­մի­ջա­պէս միաս­նա­կան ու ներ­դաշ­նակ աշ­խա­տան­քի մը ձեռ­նար­կեն՝ ընտ­րող­նե­րու ցու­ցակ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան ճա­նա­պար­հին։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, Էր­տո­ղան-Շի­րի­նօղ­լու զրոյ­ցի ըն­թաց­քին շօ­շա­փուած է նաեւ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան խնդի­րը։ Այս ընտ­րու­թեան պա­րա­գա­յին ալ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը նշած է, որ մօ­տա­լուտ հան­րա­քուէէն վերջ պի­տի կա­տա­րուի անհ­րա­ժեշ­տը։ Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան խնդի­րը, իր բնոյ­թով, բնա­կա­նա­բար էա­պէս տար­բեր է քննար­կուած միւս խնդիր­նե­րէն։ Բայց եւ այն­պէս, շուրջ ութ տա­րիէ ի վեր կը շա­րու­նա­կուի սպաս­ո­ղա­կան շրջան մը եւ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ ար­տա­յայ­տուած խօս­քը գո­նէ ժամ­կէ­տի մը սահ­ման­ման տե­սա­կէ­տէ կը ցո­լաց­նէ պե­տու­թեան շի­նիչ վե­րա­բեր­մուն­քը։

Ամ­փո­փե­լով յայտ­նենք, որ եր­կար սպաս­ման շրջա­նով մը հան­դերձ, հա­մայն­քա­յին խնդիր­նե­րուն նկատ­մամբ ան­տար­բե­րու­թիւն մը գո­յու­թիւն չու­նի պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ։ Սա ակն­յայտ դար­ձած է Էր­տո­ղան-Շի­րի­նօղ­լու զրոյ­ցով։ Այ­սօր կը ստեղ­ծուի այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, որ մեր հա­մայն­քա­յին խնդիր­նե­րը ան­կա­րե­ւոր չեն պատ­կան մար­մին­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ, սա­կայն պե­տա­կան մե­քե­նան, ու­զենք-չու­զենք, կ՚ըն­թա­նայ իր հրա­տապ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րով։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017