ԽՈՀԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՐՈՒԵՍՏ

Ա­ռիթ ու­նե­ցած ենք Ֆրան­սա­յի Լիոն քա­ղա­քէն աշ­խար­հահռ­չակ հայ խո­հա­րար՝ Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեա­նի գոր­ծու­նէու­թեան հա­մա­ռօտ կեր­պով անդ­րա­դառ­նա­լու: Ան Հա­յաս­տա­նի մէջ յա­ճա­խա­կիօ­րէն կը մաս­նակ­ցի զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րու, ուր վար­պե­տու­թեան դա­սեր կ­­՚ա­ւան­դէ մա­նա­ւանդ գիւ­ղաբ­նակ­նե­րուն հա­մար՝ ստեղ­ծե­լով տե­ղա­կան ու­տե­լի­քի մի­ջո­ցաւ զար­գաց­ման ծրա­գիր­ներ: Միշտ կը հե­տե­ւինք իր նո­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ա­ռողջ ապ­րե­լա­կեր­պի, ու­տես­տա­յին մշա­կոյ­թի քա­րոզ­ման լա­ւա­գոյն օ­րի­նակ­ներն են:

Ե­րե­ւա­նի մէջ, հար­ցազ­րոյց կա­տա­րե­լով բա­րե­կա­մա­ցած ենք Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեա­նի հետ, ինք ալ, իր կար­գին, միշտ իր լու­րե­րուն մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ մե­զի։ Վեր­ջին նո­րու­թիւ­նը, ո­րուն մա­սին տե­ղե­կա­ցանք, այն է, որ բազ­մա­թիւ փա­ռա­տօ­նե­րու մաս­նա­կից, սպա­սարկ­ման ո­լոր­տի շքան­շան­նե­րու տի­րա­ցած՝ Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան այս օ­րե­րուս իբ­րեւ յանձ­նա­խում­բի ան­դամ կը մաս­նակ­ցի սնուն­դի եւ հիւ­րըն­կա­լու­թեան SIRHA հա­մաշ­խար­հա­յին փա­ռա­տօ­նին, որ սո­վո­րա­բար տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Յու­նուա­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան Լիո­նի մէջ, այս տա­րի՝ 21-25 Յու­նուա­րին, ո­րուն կը մաս­նակ­ցին սպա­սարկ­ման տասն­մէկ զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին յա­ռա­ջա­տար­ներ:

SIRHA (Salon international de la restauration, de l’hôtellerie et de l’alimentation) ցու­ցա­հան­դէս-փա­ռա­տօ­նը կը հա­մա­րուի ճա­շա­րա­նա­յին գոր­ծի սար­քա­ւո­րում­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան սնուն­դի աշ­խար­հի ա­մե­նէն մեծ մաս­նա­գի­տա­ցուած ձեռ­նար­կը: Տե­ղի կ՚ու­նե­նայ 1983 թուա­կա­նէն ի վեր, ո­րու ըն­թաց­քին կը կազ­մա­կեր­պուին հա­մա­ժո­ղով­ներ եւ տաս­նեօթ ար­հես­տա­վարժ մրցոյթ­ներ, ինչ­պէս՝ բարձ­րա­կարգ խո­հա­րա­րու­թեան Bocuse d’Or մրցոյ­թը:

Տա­րուէ տա­րի SIRHA փա­ռա­տօ­նը կ­­՚ընդ­լայ­նէ իր աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը եւ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ մաս­նա­կից­նե­րու թի­ւը կը բազ­մա­նայ: Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար կ­­՚ընտ­րեն ա­մե­նէն ար­հես­տա­վարժ­նե­րը, ո­րոնք տեղ­ւոյն վրայ հմտու­թեամբ, վար­պե­տու­թեամբ, ստեղ­ծա­րա­րու­թեամբ եւ նո­րու­թեամբ պի­տի մրցին ի­րա­րու հետ եւ ցոյց տան բարձր խո­հա­րա­րա­կան ա­րուեստ:

Ինք՝ Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան, իր պատ­կե­րա­ցում­նե­րը ու­նի ժա­մա­նա­կա­կից խո­հա­րա­րու­թեան մա­սին, թէ՛ Ֆրան­սա­յի մէջ, ուր ան կը բնա­կի, եւ թէ աշ­խար­հի տա­րած­քին, ուր կը ճամ­բոր­դէ եւ կը ներ­կա­յաց­նէ իր գա­ղա­փար­նե­րը:

Մեր հայ­րե­նա­կի­ցը ճանչ­ցուած է իբ­րեւ բնա­պահ­պա­նա­կան սնուն­դի մեծ ջա­տա­գով, ինչ­պէս նաեւ ան կը քա­րո­զէ 1960-ա­կան­նե­րէն ի վեր աշ­խար­հի մէջ սկիզբ ա­ռած Ար­դար ա­ռեւ­տուր (Fair trade) շար­ժու­մը: Այդ մէ­կը ար­տօ­նագ­րուած եւ բնա­պահ­պա­նա­կան բնամ­թեր­քի ար­տադ­րան­քին վրայ աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րելն է, նաեւ՝ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ բա­ցա­սա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու ձե­ւա­ւո­րու­մը ստըր-կա­կան աշ­խա­տան­քին հան­դէպ:

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեա­նի ու­շադ­րու­թիւ­նը ուղ­ղուած է դէ­պի Հա­յաս­տան: Մին­չեւ տասն­հինգ տա­րե­կա­նը իր հայ մեծ­մօր հետ ապ­րած Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան, հա­յու­թիւ­նը վե­րագ­տած է վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, երբ զգա­ցած է, որ Ֆրան­սա­յի մէջ, ուր կը բնա­կի, ա­րա­գօ­րէն կը ստուա­րա­նայ հա­յե­րուն թի­ւը եւ այդ մէ­կը տե­ղի կ­­՚ու­նե­նայ նա­եւ Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թող հա­յե­րու հաշ­ւոյն: Այս հան­գա­ման­քը մտա­հո­գած է հռչակ վա­յե­լող խո­հա­րա­րը եւ ան ճամ­բայ ին­կած է դէ­պի Հա­յաս­տան, որ­պէս­զի հասկ­նայ, թէ ին­չո՞ւ մար­դիկ կը լքեն ի­րենց հայ­րե­նի­քը, որ ե­րա­զա­յին վայր մըն է բազ­մա­թիւ սփիւռ­քա­հա­յե­րու հա­մար:

Հայազգի խոհարար Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան զար­մա­ցած է տես­նե­լով Հա­յաս­տա­նի մա­նա­ւանդ գիւ­ղա­կան կեան­քի բա­րիք­նե­րը, մա­քուր, բնա­պահ­պա­նա­կան կա­նոն­նե­րով ար­տադ­րուող բնամ­թեր­քը, Հա­յաս­տա­նի լեռ­նա­յին եւ դաշ­տա­յին կլի­մա­յի զա­նա­զա­նու­թիւն­նե­րու ներ­քոյ դան­դաղ ա­ճող պտուղ­ներն ու բան­ջա­րե­ղէ­նը, ո­րոնց ար­ժէ­քը թե­րեւս տե­ղա­ցի­ներն իսկ չեն գի­տեր:

Փոր­ձե­լով իր չա­փով կան­խել ար­տա­գաղ­թը՝ Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան գիւ­ղա­կան քա­նի մը հա­մայնք­նե­րու մէջ հիմ­նած է զար­գաց­ման ծրա­գիր­ներ, ո­րոնք հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տան տե­ղաբ­նակ­նե­րը պա­հել ի­րենց ապ­րած վայ­րե­րուն մէջ եւ ա­նոնք ստի­պուած չեն ըլ­լար օ­րուան հա­ցը վաստ­կե­լու հա­մար հաս­նիլ այլ եր­կիր­ներ:

Ֆրան­սա բնա­կող հայ­ազ­գի խո­հա­րա­րը ընդգր­կուած է G2iA Հայ­կա­կան Միջ­մաս­նա­գի­տա­կան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն մէջ։ Այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, ո­րուն ան­դամն է Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան, ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րէն ի վեր կը գոր­ծէ Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ կը փոր­ձէ գտնել Ֆրան­սա բնա­կող եւ հայ­կա­կան ար­մատ­ներ ու­նե­ցող կա­յա­ցած մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնք կրնան օգ­տա­կար դառ­նալ Հա­յաս­տա­նին: 2008 թուա­կա­նէն ի վեր, այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը գիւ­ղե­րու մէջ ՝ մեղ­րի, պտղա­հիւ­թե­րու, ա­նու­շե­ղէն­նե­րու, ու­տե­լի բոյ­սե­րու, կաթ­նամ­թեր­քի եւ այլ բնամ­թեր­քի ար­տադ­րու­թեան ուղ­ղու­թեամբ ծրա­գիր­ներ մշա­կած է եւ հայ­կա­կան գիւ­ղե­րուն մէջ պատ­րաս­տուած մա­քուր ար­տադ­րան­քը ար­տա­հա­նած է Ֆրան­սա:

Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան, ներ­կայ ըլ­լա­լով ա­ռայժմ Տա­ւու­շի եւ Լո­ռիի մար­զե­րուն մէջ հիմ­նուած փոք­րիկ ար­տադ­րա­մա­սե­րուն, իր բա­ղադ­րա­տոմ­սե­րը կ­­՚ա­ռա­ջար­կէ տե­ղա­ցի­նե­րուն, որ­պէս­զի ար­տադ­րան­քը, ըլ­լա­լով մա­քուր եւ բնա­պահ­պա­նա­կան, նաեւ ֆրան­սա­ցի­նե­րուն ծա­նօթ համ պա­րու­նա­կէ: Ան ֆրան­սա­կան հա­մը կը հա­ղոր­դէ հայ­կա­կան մա­քուր ու­տե­լի­քին՝ դարձ­նե­լով զայն ճա­նա­չե­լի եւ ըն­դու­նե­լի: Հա­մեր ներդ­նե­լու այս ծրա­գի­րը իր յա­ջո­ղու­թիւ­նը ու­նե­ցած է եւ Ֆրան­սա­յէ ներս վա­ճառ­քի հա­նուած հայ­կա­կան Ախ­թա­լա­յի մէջ շի­նուած ա­նուշն ու մրգա­թա­նը: Ան միշտ կ՚ը­սէ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ պատ­րաս­տուած պտղա­յին, բան­ջա­րե­ղէ­նա­յին ու­տե­լիք­նե­րը աշ­խար­հի ոչ մէկ վայ­րին մէջ նոյն հա­մը ու­նին, քա­նի որ Հա­յաս­տա­նի ա­րեւն ու ան­տառ­նե­րը այլ համ կու տան հայ­կա­կա­նին:

Այ­սօր ան կ­­՚ը­սէ, որ բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ ե­ղած է, բայց Հա­յաս­տա­նը ի­րեն հա­մար կը մնայ ա­մե­նէն սի­րե­լի եր­կի­րը՝ աշ­խար­հի վրայ:

Խո­հա­րա­րի իր փոր­ձա­ռու­թեան Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան սկսած է պզտիկ տա­րի­քէն: Թե­րեւս իր խնա­մա­կալ մեծ­մօր պատ­րաս­տած հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցի ճա­շերն ալ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած են ի­րեն վրայ, իբ­րեւ խո­հա­րա­րի, մա­նա­ւանդ՝ հայ­կա­կա­նի ջա­տա­գո­վի:

Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան այ­սօր կը նկա­տուի ոչ միայն ֆրան­սա­կան, եւ­րո­պա­կան, այ­լեւ՝ հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցի մաս­նա­գէտ: Ծա­գու­մով հայ ըլ­լա­լը քիչ հան­գա­մանք չէ խո­հա­րա­րի մը հա­մար, որ պե­ղե­լով աշ­խար­հի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն լա­ւա­գոյն խո­հա­նոց­նե­րը, գտած է նաեւ հայ­կա­կան հնա­գոյն խո­հա­նո­ցը, հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով նաեւ հա­յաս­տան­ցի նշա­նա­ւոր խո­հա­րա­րար­նե­րու, ինչ­պէս՝ Սեդ­րակ Մա­մու­լեա­նին հետ։

Լիո­նի մէջ 1986 թուա­կա­նին իր հիմ­նած L’Alexandrin ճա­շա­րա­նին մէջ այ­սօր, ի թիւս այլ խո­հա­նոց­նե­րու, փա­ռա­բա­նուած է նաեւ հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցը: Իր սե­փա­կան ճա­շա­րա­նին մէջ ան հայ­կա­կան տոլ­ման կը մա­տու­ցէ՝ խա­ղո­ղի տե­րե­ւով տե­սա­կը, տուրք տա­լով ֆրան­սա­հայ հա­մայն­քի ա­ւան­դոյթ­նե­րէն մէ­կուն, երբ Ե­ղեռ­նէն ետք Ֆրան­սա գաղ­թած հա­յե­րը իբ­րեւ հայ­կա­կան խորհըր-դա­նիշ ի­րենց տու­նե­րուն կից, բա­կե­րուն մէջ խա­ղո­ղի որ­թեր տնկած եւ խնա­մած են:

L’Alexandrin ճա­շա­րա­նը «Միշ­լի­նի ու­ղե­ցոյ­ց­»ի կող­մէ ճանչ­ցուած է իբ­րեւ կրկնա­կի աստ­ղա­կիր, իսկ 2005 թուա­կա­նին Ա­ռաջ­նորդ­նե­րու ա­կում­բին կող­մէ պար­գե­ւատ­րուած է «Ար­մա­ւե­նիի ոս­կեայ ճիւ­ղ» մրցա­նա­կով՝ նկա­տուե­լով Ֆրան­սա­յի լա­ւա­գոյն ճա­շա­րա­նը:

Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան ցա­ւով կը նկա­տէ, որ Հա­յաս­տա­նը, օժ­տուած ըլ­լա­լով ա­րե­ւով, լեռ­նե­րով, մա­քուր օ­դով, ու­տե­լի­քով, ու­նի սննդա­ռու­թեան, ապ­րե­լու կո­պիտ սխալ­ներ, ո­րոնք ի­րենց անդ­րա­դար­ձը կ­­՚ու­նե­նան մար­դոց ա­ռող­ջու­թեան վրայ:

Ան­գամ մը, երբ Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեա­նի հետ հան­դի­պե­ցանք Կաս­կատ, ուր ան իր թարգ­ման­չու­հիին՝ Ա­նա­հի­տին հետ էր, բա­ցօ­թեայ սրճա­րա­նին մէջ նստած, ան նկա­տեց, որ թէ՛ նստած, թէ՛ քա­լող ա­մէն երկ­րորդ տղա­մար­դը կը ծխէ եւ այդ մէ­կը ար­մա­տա­ցած սո­վո­րու­թիւն է մա­նա­ւանդ գիւ­ղե­րու մէջ, ուր հա­սուն տղա­մար­դոց 99 առ հա­րիւ­րը կը ծխէ: Իսկ վեր­ջին շրջա­նին ծխե­լը տա­րա­ծում գտած է նաեւ քա­ղա­քաբ­նակ կի­նե­րու մօտ:

Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան ծխե­լը վա­տա­ռողջ ապ­րե­լա­կեր­պի տա­նող ա­ռա­ջին քայ­լը նկա­տեց հա­յե­րուն հա­մար, ա­ւելց­նե­լով, որ հա­յե­րը բա­ւա­կան իւ­ղոտ կը սնուին՝ ա­ւե­լորդ իւ­ղի քա­նակ ա­ւելց­նե­լով մի­սին, որ ար­դէն իւ­ղոտ է Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ըստ խո­հա­րա­րի դի­տար­կում­նե­րուն, հա­յաս­տան­ցի­նե­րը սո­վո­րու­թիւն չու­նին մի­սը զա­տել իւ­ղէն, որ ընդու­նուած է աշ­խար­հի մէջ: Ա­լեք­սա­նեա­նը զար­մա­ցու­ցած է նաեւ այն հան­գա­ման­քը, որ մի­սը պատ­րաս­տե­լու հա­մար տան­տի­կին­նե­րը սո­վո­րա­բար կեն­դա­նա­կան յա­գե­ցած իւղ կ­­՚ա­ւելց­նեն: Ըստ հա­յազ­գի խո­հա­րա­րին, ա­սոնք ար­մա­տա­ցած ա­ւան­դոյթ­ներ են, ո­րոնց­մէ պէտք է ձեր­բա­զա­տուիլ եւ որ դժուար չէ, պար­զա­պէս մար­դիկ եր­բեմն տար­րա­կան գի­տե­լիք չու­նին այդ ա­մէ­նուն մա­սին եւ կ­­՚ա­ռաջ­նոր­դուին հի­նէն ե­կած սո­վո­րոյ­թով:

 Ան յա­ճախ դա­սըն­թացք­ներ, հա­մա­ժո­ղով­ներ կը կազմակերպէ Հա­յաս­տան իր այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ, կը խօ­սի թէ՛ ծխե­լու վնա­սա­կա­րու­թեան, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ու­տե­լիք­նե­րու, թէ՛ ալ ալ­քոլ գոր­ծա­ծե­լու սխալ­նե­րուն մա­սին: Ըստ բարձ­րա­կարգ խո­հա­րա­րնի, ճեր­մակ ալ­քո­լը՝ օ­ղին, որ յա­ճախ կը գոր­ծա­ծուի Հա­յաս­տա­նի մէջ, մար­սո­ղա­կան հա­մա­կար­գի թիւ մէկ թշնա­մին է, ան շա­քա­րի եւ իւ­ղի մաս­նիկ­նե­րը կը խտաց­նէ մարմ­նին մէջ: Ան նկա­տած է նաեւ, որ հա­յաս­տան­ցի­նե­րը ան­կա­նոն սնուե­լու սո­վո­րոյթ ու­նին եւ ժու­մե­րէն դուրս յա­ճախ կը համ­տե­սեն զա­նա­զան ու­տեստ­ներ: Ե­թէ ա­սոր գու­մա­րենք այն, որ սո­վո­րա­բար մար­զան­քին մօտ չեն, ա­պա կա­րե­լի է պատ­կե­րաց­նել ա­ռող­ջա­կան այն խնդիր­նե­րը, ո­րոնք առ­կայ են հա­յաս­տան­ցի­նե­րուն մօտ:

Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան յա­ճախ կը խօ­սի այդ սխալ­նե­րուն մա­սին, նկա­տի ու­նե­նա­լով մա­նա­ւանդ այն հան­գա­ման­քը, որ ճիշդ սնուի­լը մար­դոց տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը կա­յուն պա­հե­լու, միւս կող­մէ ա­ռողջ սե­րունդ տա­լու գրա­ւա­կանն է, որ այ­սօր նաեւ ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան հարց է:

Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան կը հա­ւա­տայ խո­հա­նո­ցա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան: Ըստ ի­րեն, այ­սօր աշ­խար­հը կ­­՚եր­թայ դէ­պի terroir cuisine-ի. տեղ­ւոյն վրայ ա­ճող ա­մէն բա­նէ պատ­րաս­տուած խո­հա­նո­ցը ա­մե­նէն ար­ժէ­քա­ւորն է: Ան դէմ է երկ­րի մը մէջ ներ­մու­ծուած ու­տե­լի­քի, բան­ջա­րե­ղէ­նի կամ կա­նա­չե­ղէ­նի մի­ջո­ցով «հրաշ­ք» ճա­շեր պատ­րաս­տե­լուն, քա­նի որ օ­դա­նա­ւի, նա­ւի, բեռ­նա­տար ինք­նա­շար­ժի կամ այլ մի­ջոց­նե­րով տե­ղա­փոխ­ման ըն­թաց­քին, սա­ռեց­նե­լով կամ զա­նա­զան կլի­մա­յա­կան պայ­ման­նե­րու են­թար­կե­լով, հա­մո­զուած է, որ հում­քը չի կրնար ա­ռողջ մնալ, ուս­տի ան միշտ քա­ջա­լե­րած է տե­ղա­յին թարմ ե­ղա­նա­կի սնուն­դը: Խո­հա­րար-մաս­նա­գէ­տը դէմ է նաեւ ե­ղա­նա­կէ դուրս մթերք­ներ գոր­ծա­ծե­լու, կը սի­րէ գոր­ծա­ծել իր աճ­ման լա­ւա­գոյն ե­ղա­նա­կին ա­մէն պտուղն ու կա­նա­չե­ղը, ո­րոնց մէջ ալ կը պահ­պա­նուին բնա­կան համն ու հո­տը: Իր վար­պե­տու­թեան դա­սըն­թացք­նե­րուն եւ գիւ­ղա­կան փա­ռա­տօն­ե­րուն մաս­նակ­ցե­լու ժա­մա­նակ յա­ճախ տեղ­ւոյն վրայ կը պատ­րաս­տէ բնա­կան ըմ­պե­լիք­ներ՝ չո­րամր­գե­րով կամ թարմ միր­գե­րով կամ ալ լեռ­նա­յին բոյ­սե­րով՝ ուր­ցով, ա­նա­նու­խով կամ դաղ­ձով: Զա­նոնք կը հա­մե­մէ մեղ­րով եւ կ՚ը­սէ, որ աշ­խար­հի ա­մե­նէն բնա­կան թէ­յը (պաղ կամ տաք) կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Հա­յաս­տա­նի զար­գա­ցու­մը ան կը կա­պէ գիւ­ղե­րուն հետ եւ խոր­հուրդ կու տայ ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նել ոչ թէ միայն մայ­րա­քա­ղա­քին կամ այլ քա­ղաք­նե­րու, այլ՝ գիւ­ղե­րուն, ո­րոնք միա­պա­ղաղ կեանք ու­նին, հա­կած են դա­տար­կուե­լու, սա­կայն ճիշդ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պա­րա­գա­յին այդ գիւ­ղե­րուն մէջ կա­րե­լի է գտնել իս­կա­կան գան­ձեր: Այդ գան­ձե­րէն մին ֆրան­սա­հայ խո­հա­րա­րը կը նկա­տէ հա­յաս­տան­ցի գեղ­ջուկ կի­նե­րը, ո­րոնք պատ­րաստ են նուի­րու­մով կա­տա­րել ո­րե­ւէ աշ­խա­տանք եւ ո­րոնց հետ ալ յա­ճախ կ­­՚ըլ­լայ իր գոր­ծը:

Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան կը փո­խան­ցէ նաեւ հա­մեղ ու­տե­լիք պատ­րաս­տե­լու իր գաղտ­նիք­նե­րէն մին։ Իբ­րեւ խո­հա­րար, ան ոչ միայն երկ­րէ եր­կիր ապ­րանք չ՚ապսպ­րեր, այ­լեւ՝ Լիո­նի մէջ, ուր կը բնա­կի, նոյ­նիսկ հե­ռա­խօ­սով չ­­՚ապսպ­րեր ապ­րան­քը, ան­ձամբ կ՚այ­ցե­լէ եւ շու­կա­յէն, յա­ճախ ալ գիւ­ղա­ցի­նե­րէն կը գնէ պէտք ե­ղա­ծը:

Միայն այդ պա­րա­գա­յին կա­րե­լի է ստա­նալ հա­մեղ ու սննդա­րար ճաշ, հա­մո­զուած է Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան, ը­սե­լով, որ հա­մեղ ճաշ պատ­րաս­տե­լու հա­ճոյ­քը ի­րեն հա­մար կը սկսի շու­կա­յէն, ա­ռա­ւօտ կա­նուխ, երբ ան կ­­՚ընտ­րէ մթեր­քը այդ ու­րա­խու­թիւ­նը ար­դէն կը փո­խան­ցէ խո­հա­նոց:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017