Դրամի Միջազգային Կայսերապաշտութիւնը եւ Համաշխարհային Ապակայունացումը

Ան­պար­կեշ­տու­թիւն է հա­ւա­տալ բա­նի մը եւ զայն չապ­րիլ:
­Մա­հադ­մա Կան­տի

85=3.500.000.000:
Հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման եւ դրա­մի մի­ջազ­գա­յին կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան նո­րա­գոյն ու­սո­ղու­թիւնն է (mathematiques) այս հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը:

Լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը եր­բեմն ա­հա­զան­գող տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հա­ղոր­դեն, կ՚ի­մա­նանք, կը դնենք մեր հե­տաքրք­րա­սի­րու­թիւն­նե­րու զամ­բիւ­ղը, կը սպա­սենք նո­րե­րու: Դէպ­քե­րը կը դի­մա­ւո­րենք կրա­ւո­րա­կա­նու­թեամբ, միշտ խոր­հե­լով, որ ա­նոնք մե­զի չեն վե­րա­բե­րիր:

Թեր­թի մը մէջ լոյս տե­սած յօ­դուա­ծի մը վեր­տա­ռու­թիւ­նը կ՚ը­սէ, թէ տասնհն­գօ­րեակ մը որ կ՚անց­նի ի­րեն հետ կը տա­նի լե­զու մը: Զան­գուած­նե­րը այդ լսե­լով չեն ան­հանգստա­նար: Կար­ծէք այդ ա­հա­զան­գը Հրատ մո­լո­րա­կի բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար է: Բա­ցի «հա­սու­թա­բեր» հա­մա­րուած լե­զու­նե­րէն, ի՞նչ բա­նի կը ծա­ռա­յեն միւս լե­զու­նե­րը: Այս ախ­տէն վա­րա­կուած ենք ազ­գո­վին, Հա­յաս­տան եւ սփիւռք(ներ): Բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րը կը հաս­տա­տեն ընդ­հա­նուր վե­րա­բե­րու­մը:

Հե­ռա­տե­սի­լէն կ՚ը­սուի, կը լսենք, որ քա­նի մը տաս­նեակ ան­ձեր աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան կէ­սի հա­մա­գու­մար հարս­տու­թե­նէն եւ ե­կա­մու­տէն ա­ւե­լին ու­նին: Կը լսենք, չենք ան­հանգս­տա­նար, չենք հա­կազ­դեր: Այդ­պէս են մեծ եր­կիր­նե­րը, այդ­պէս են նաեւ փոքր եր­կիր­նե­րը, հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րը պա­հուած ըլ­լան թէ ոչ: Ան­հա­տա­պաշ­տու­թիւ­նը եւ սպա­ռո­ղա­կան ըն­կե­րու­թեան առ­թած թմրու­թիւ­նը կը փթաց­նեն ար­ժէք­նե­րու ըմբռ­նու­մը եւ հա­ւա­քա­կա­նի զգա­ցո­ղու­թիւ­նը:

Ո՞վ կը յի­շէ աշ­խար­հագ­րա­կան եւ հո­գե­կան փար­սախ­նե­րով մեզ­մէ հե­ռու այդ մա­հը:

Հին թուղ­թե­րուս մէջ կար­դա­ցի, որ 1987-ին, Գա­լի­ֆոր­նիոյ Փա­լա քա­ղա­քին մէջ մե­ռած էր 94 տա­րե­կան կին մը, որ վեր­ջին անձն էր «գու­բե­նօ» լե­զուն խօ­սող: Իր­մէ վերջ հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի բնիկ­նե­րու այդ լե­զուն ոչ ոք կը խօ­սի, ան կոր­սուած լե­զու­նե­րու դամ­բա­րա­նը գա­ցած է:

Մեր օ­րե­րուն լե­զու­նե­րու ան­հե­տաց­ման ըն­թաց­քը ա­րա­գա­ցած է թո­հու­բո­հին մէջ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման, որ ու­նի իր լե­զուն: Հաշուա­պա­հի պա­ղա­րիւ­նու­թեամբ կը յայ­տա­րա­րուի, որ ներ­կա­յի շուրջ 5000 լե­զու­նե­րու կէ­սը դար մը ետք պի­տի կոր­սուի: Ե­թէ ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին հո­լո­վոյ­թը մեր մատ­նե­րու ա­րան­քէն չդի­տենք, կը հասկ­նանք, որ երբ մա­նուկ­նե­րը չեն խօ­սիր ի­րենց ժո­ղո­վուր­դի լե­զուն, ան կը մեռ­նի:

Ժո­ղո­վուրդ­ներ կան, ո­րոնց զա­ւակ­նե­րը ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի պար­տադ­րան­քով, կամ ծնող­նե­րու քաղ­քե­նիա­կան ան­պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ, ի­րենց լե­զուն չեն խօ­սիր:

Ժո­ղո­վուրդ­ներ վտան­գուած են ոչ թէ պա­տե­րազ­մի կամ նոյ­նիսկ սո­վի պատ­ճա­ռով, այլ այ­լա­սե­րու­մով, կորսնց­նե­լով ի­րենց ինք­նու­թեան ա­ռանց­քը հան­դի­սա­ցող լե­զուն: Ոչ միայն փոք­րե­րը, այլ նաեւ մե­ծե­րը եւ նուազ մե­ծե­րը, են­թար­կուե­լով ժա­մա­նա­կա­կից հե­ղե­ղա­յին հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րու ծա­ւա­լու­մին եւ միօ­րի­նա­կա­նաց­ման, ո­րոնք տեղ չեն ձգեր փոք­րե­րուն:

Ցարդ մա­սամբ կը դի­մա­նան կարգ մը մե­ծեր, բայց միայն ի­րենց աշ­խար­հագ­րա­կան կամ ազ­դե­ցու­թեան գօ­տիին մէջ: Ե­թէ հա­մա­մո­լո­րա­կա­յին տագ­նապ կամ ցնցում մը չպա­տա­հի, պի­տի ըլ­լայ այն, որ պա­տա­հած է հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի լե­զու­նե­րուն: Ինչ­պէս են­թադ­րող­ներ ե­ղած են,- չհաս­տա­տուած են­թադ­րու­թիւն,- որ բո­լոր լե­զու­նե­րը սե­րած են մէկ մայր լե­զուէ մը, այժմ ա­ւե­լի քան են­թադ­րու­թիւն է, որ մարդ­կու­թիւ­նը կ՚ըն­թա­նայ դէ­պի մէկ հա­սա­րա­կաց լե­զու:

Ա­հա­զան­գող­ներ կան: Մե­նա­խօ­սող­ներ:

Հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը ի­րենց աք­ցա­նին մէջ ա­ռած դրա­մի կայ­սե­րա­պաշ­տու­թիւ­նը եւ սպա­ռո­ղա­կան քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը շար­ժիչ­ներն են այս հար­թու­մի ըն­թաց­քին: Ե­րէց­ներ եւ մա­նուկ­ներ բռնուած են հա­ղոր­դակ­ցա­կան հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի ար­դիա­կան եւ անշր­ջան­ցե­լի դար­ձող հա­ղոր­դա­կա­ցա­կան մո­լո­րա­կա­յին ցան­ցին մէջ: Աս­տի­ճա­նա­բար կը շեշ­տուի մշա­կոյթ­նե­րու եւ ազ­գա­յին ինք­նու­րոյ­նու­թիւն­նե­րու տե­ղա­տուու­թիւ­նը, սպա­ռո­ղա­կան ըն­կե­րու­թե­նէն բա­ժին ձեռք բե­րե­լու հա­մար, որ կը պար­տադ­րէ դրա­մի մի­ջազ­գա­յին կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան սար­քած խա­ղին մէջ մտնել:

Այդ խա­ղը կը հա­մա­րուի յա­ռաջ­դի­մու­թիւն, ար­դիա­կա­նու­թիւն:

Այդ խա­ղին մէջ տեղ չու­նին ոչ Մար­դը, գլխագ­րուած, ոչ մշա­կոյթ­նե­րը, ոչ ինք­նու­թեան պա­տուան­դան լե­զու­նե­րը: Ար­դա­րեւ, ինչ­պէ՞ս կրնան գո­յա­տե­ւել ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան ինք­նու­րոյ­նու­թիւն­նե­րը, երբ աշ­խար­հի 85 ա­մե­նէն հա­րուստ­նե­րը մո­լո­րա­կի բնա­կիչ­նե­րու կէ­սին, 3.5 մի­լիառ հա­մեստ­նե­րու հա­ւա­քա­բար ու­նե­ցա­ծէն ա­ւե­լի ու­նին: Մնա­ցեալ 3.5 մի­լեա­ռը կը կո­չեն մի­ջին խաւ, մանր քաղ­քե­նի­ներ, ո­րոնք յի­շուած 85-ի գոր­ծառ­նու­թիւն­նե­րուն են­թա­հողն են, կ՚ա­ճեց­նեն ա­նոնց հզօ­րու­թիւ­նը, ա­նոնց սար­քած պա­րին մէջ շո­րո­րուող­ներ են, կ՚ու­զեն այդ 85-ի ա­կում­բին ան­դամ դառ­նալ:

Այդ 85-ը կը ծրագ­րեն մեր ու­նե­նա­լիք պա­հանջ­նե­րը, զէն­քի ար­տադ­րու­թիւն, նաւթ, ծխա­խոտ, դե­ղի շու­կայ, մար­զա­խա­ղե­րը (ինչ­պէս Հռո­մի կրկէս­նե­րուն մէջ), զբօս­նե­րը, ե­ւ այլն: Մար­զանք եւ զբօս ա­ռող­ջու­թեան եւ վե­րա­նո­րոգ­ման չեն ծա­ռա­յեր, կրկին ը­սենք, գլխա­գիր Մար­դը չու­նին որ­պէս նպա­տակ, շե­ղած են ի­րենց նպա­տա­կէն, դրամ շա­հե­լու-դի­զե­լու մի­ջոց­ներ են: Պահ մը կը մտա­ծե՞նք, թէ ի՞նչ կը նշա­նա­կէ «մար­զիկ մը գնել» աստ­ղա­բաշ­խա­կան գու­մա­րով, ինչ­պէս Հռո­մի շու­կա­յին մէջ կը ծա­խէին եւ կը գնէին կրկէս-ամ­փի­թատ­րոն­նե­րու սրա­խա­ղե­րու մա­հա­պարտ մար­զիկ-մար­տիկ­նե­րը (gladiateurs): Մե­ծա­պէս հա­սու­թա­բեր է զէն­քի ար­տադ­րու­թիւ­նը եւ վա­ճառ­քը, միշտ ա­ւե­լի մա­հաս­փիւռ եւ միշտ շուտ հին­ցող, որ չա­րի­քի մի­ջոց է, բայց ա­նոնց ա­ռեւ­տու­րը մի­լեառ­նե­րով է:

Ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, մե­ծե­րը, մա­նա­ւանդ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն վտան­գուած փոք­րե­րը, փո­խա­նակ ճա­կա­տագ­րա­պաշ­տի կրա­ւո­րա­կա­նութեամբ սպա­սե­լու, որ ժա­մա­նա­կը, միօ­րի­նա­կա­նաց­նող ճար­տա­րա­գի­տու­թիւ­նը եւ դրա­մա­տի­րա­կան կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան ա­պա­կա­յու­նա­ցում­նե­րը, այ­լա­սեր­ման տա­նին զի­րենք, պի­տի կա­րե­նա՞ն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան դի­մադ­րա­կան ու­ղիի մէջ ընդգր­կուիլ: Պի­տի կա­րե­նա՞ն, յա­նուն իս­կա­կան մարդ­կայ­նու­թեան, ի­րաւ մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու շուրջ ստեղ­ծել ար­դա­րու­թեան հա­մա­խո­հու­թիւն, որ­պէս­զի 85-ի եւ 3.500.000.000 մի­ջեւ հա­ւա­սա­րի նշան չդրուի:

Մեր ժո­ղո­վուր­դը, Հա­յաս­տան եւ սփիւռք(ներ), հա­մաշ­խար­հա­յին նման կարգ ստեղ­ծե­լու ոչ հնա­րը եւ ոչ ալ ու­ժը ու­նի: Բայց ի՞նչ բան կ՚ար­գի­լէ, որ նե­րազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ, մենք գոր­ծենք այդ ուղ­ղու­թեամբ: Չեմ գի­տեր, թէ այդ 85-ի ա­կում­բին մէջ հա­յեր կա՞ն, թէ ոչ:

Բայց նե­րազ­գա­յին վե­րա­կանգ­նու­մը ա­ռաջ­նոր­դե­լու եւ մա­տա­կա­րա­րե­լու հա­մար բա­ւա­րար ուժ ու­նե­ցող­ներ կան, կա­րո­ղա­կան (potentiel) ու­ժը ու­նինք:

Ե­թէ մա­նուկ­նե­րը հա­յե­րէն չխօ­սին, լե­զուն կը մեռ­նի, ինչ­պէս որ մե­ռած է վե­րեւ յի­շուած 94 տա­րե­կան Ա­մե­րի­կա­յի բնի­կի լե­զուն, ո­րուն ցե­ղա­կից­նե­րը դեռ կ՚ապ­րին ու­րիշ լե­զու խօ­սե­լով:

Յի­շուած 85-ին քիչ թէ շատ նմա­նող­ներ պի­տի ընդգր­կուին ի­րենց ու­ժը ազ­գի վե­րա­կանգ­նու­մին ծա­ռա­յեց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քին մէջ: Խիղճ հան­դար­տեց­նող պա­ռա­ւա­կան բա­րե­սի­րու­թե­նէն տար­բեր յանձ­նա­ռու­թեամբ, Հա­յաս­տա­նը, Հա­յաս­տան­նե­րը դարձ­նե­լով հա­յե­րով բնա­կուած ազ­գի հայ­րե­նիք, կեն­սա­գոր­ծե­լով բնա­կե­ցում-հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը, փո­խա­նակ Հա­յաս­տան եւ մո­լո­րա­կի հե­ռու կամ մօտ ան­կիւն­նե­րը ա­պա­րանք­ներ կա­ռու­ցե­լու:

Հա­յաս­տան կը գոր­ծա­ծեն գե­նո­ֆոնդ բա­ռը, այ­սինքն ազ­գի գո­յա­տեւ­ման ծի­նա­յին դրա­մագ­լու­խը, որ տե­սու­թիւն չէ: Ազգն ալ տե­սու­թիւն չէ, ան մար­դոց­մով է, համ­րան­քով է, որ հո­ղին վրայ է, իր լե­զուով եւ մշա­կոյ­թով:

Հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը եւ զայն ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նե­լու աշ­խա­տան­քը ա­պա­գա­յա­տես քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն է, որ­պէս­զի գե­նո­ֆոն­դը մնայ եւ ա­ճի, մա­նուկ­նե­րը հա­յե­րէն խօ­սին եւ 94 տա­րե­կան պա­պի­կին կամ մա­մի­կին մա­հով լե­զուն ալ չմեռ­նի, եւ մեր մա­սին ան­ցեա­լով չխօ­սուի, ժա­մա­նակ մըն ալ օ­րօ­րուե­լով «ծա­գու­մով հայ»ու պար­զած պար­տուա­ծի պատ­կե­րով:

Ինչ­պէ՞ս ի­րա­կա­նաց­նել ի­րաւ վե­րա­կանգ­նու­մը:

Պի­տի կա­րե­նա՞նք ը­սել՝ վստա­հու­թիւն ներշն­չող հա­կա«էս­թէպ­լիշ­մընթ»ա­յին ղե­կա­վա­րու­թիւն, ո­րուն խօս­քին ան­սան զան­գուած­նե­րը:

Ինչ­պէ՞ս կրկին չմտա­ծել Մա­հադ­մա Կան­տիի մա­սին, որ ը­սած է. «Իմ կեանքս իմ միակ ու­սու­ցումս է»: Այս՝ ա­ռանց տի­րա­ցուա­կան ըլ­լա­լու:

Օ­րի­նա­կե­լի, հա­ւա­տա­ւոր եւ ան­բա­սիր:

Եւ չբաղ­դա­տել ու չբաղ­դա­տուիլ:

Օր մը կը գու­մա­րուի՞ վե­րա­կանգ­նու­մի խորհր­դա­ժո­ղով մը, ա­ռանց տուրք տա­լու բան չը­սող «էս­թէպ­լիշ­մընթ»ի հան­դի­սա­կան կամ խօ­սա­փող ան­կար­ծիք ե­րե­ւե­լի­նե­րուն, ո­րոնք յու­զուող զբօ­սաշր­ջի­կի պէս կ՚եր­թան, կը նկա­րուին եւ կը վե­րա­դառ­նան:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017