Բայց Ո՞վ, Բայց Ինչպէ՞ս
Դրամի Միջազգային Կայսերապաշտութիւնը եւ Համաշխարհային Ապակայունացումը Վերջերս, համացանցի վրայ արեւմտահայերէնի պահպանման մասին գրութիւն մը ուշադրութիւնս գրաւեց. նիւթը յղողը լիբանանահայ ծանօթ լեզուագէտ բժ. Արմենակ Եղիայեանն էր, որուն լեզուագիտական յօդուածներուն կարեւորութեամբ կը հետեւիմ: Գրութիւնը կարդալէ ետք, համակարծիք ըլլալով յարգելի մտաւորականին, ջանացի իմ ալ մտածումներս թուղթին յանձնել վերոյիշեալ նիւթին կապակցութեամբ:
Վերջին տարիներուն, աւելի ճիշդ՝ Սուրիոյ պատերազմի վեցամեայ տարիներուն առընթեր, հոս ու հոն գումարուած գիտաժողովներուն, ժողովներուն ու հանդիպում-հարցազրոյցներուն մեծամասնութեան գլխաւոր նիւթը մէյ մը Սուրիոյ պատերազմն է, մէյ մըն ալ արեւմտահայերէնի պահպանման հարցը:
Շատ մելան հոսեցաւ, թէպէտ այլեւս մելան գործածող չմնաց, շատ ալ խօսք յեղուեցաւ այս երկու հրատապ հարցերու քննարկման ի խնդիր: Պատերազմի հարցն ու անկէ բխող տարատեսակ խնդիրները մէկ կողմ ձգենք ու խօսինք արեւմտահայերէնի պահպանման հարցին մասին, աւելի ճիշդ՝ արեւմտահայերէնի ճգնաժամին ու զայն փրկելու ի խնդիր առաջարկուած միջոցներուն մասին:
Ընդհանրապէս կ՚առաջարկուի, որ Սփիւռքի մէջ օգտագործուող լեզուին պահապանը ըլլայ Հայաստանը, քանի Սփիւռքը անկայուն է, իսկ Հայրենիքը կայացած պետականութիւն է: Առաջարկը որքան ալ տրամաբանական ըլլայ, ցանկատեսութեամբ, փափաքելով, կամ պետական, պաշտօնական որոշումով լուծուելիք հարց չէ:
Բացատրութիւնս կանխեմ ու ըսեմ, որ սփիւռքահայու խօսակցական լեզուն անհնար է Հայաստանի մէջ պահել, գրականութիւնը՝ այո՛ կարելի է, իսկ լեզուն, մեր գրաբարին նման կը պահպանուի միայն որոշ անձերու եւ որոշ նպատակներու ծառայելու համար եւ ոչ ամէնօրեայ խօսակցութեանց ճամբով: Ո՞վ պիտի օգտագործէ արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ եւ ինչո՞ւ, սուրիահայե՞րը, որ հաստատուած են այստեղ, բայց անոնք արդէն ընտելացած են տեղական լեզուին եւ կը փորձեն իւրացնել ու մերուիլ տեղացիներուն մէջ:
Թերեւս անհատ լեզուաբաններ, իրենց ուսումնասիրութեանց համար, թերեւս թատրոններ, արեւմտահայ թատրերգութեանց պարագային, գուցէ նաեւ ձայնասփիւռն ու հեռատեսիլը, եթէ ա-րեւմտահայերէնով շաբաթական յայտագիր մը ունենան իրենց ծրագրին մէջ, բայց ոչ ժողովուրդը: Գրողներն ու խօսողները ունին արդէն արմատացած իրենց լեզուական տարբերակները, զորս փոխել անհնար է:
Գալով արեւմտահայերէնին, ապա զայն պահողները պիտի ըլլան սփիւռքահայ գրողներն ու մամուլը, այնքան ատեն, որ Սփիւռք կայ եւ Սփիւռքի մէջ դպրոցներ կան, գրող եւ կարդացող կայ:
Հայրենի «Ազգ» շաբաթաթերթը ունի եւ յաճախ կը հիւրընկալէ արեւմտ
ահայերէնով եւ Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ սիւնակագիր-յօդուածագիրներ, երանի հայաստանեան ուրիշ թերթեր եւ լրատուամիջոցներ ալ հետեւին անոր օրինակին: Արեւմտահայերէնը պահպանելու կարեւոր քայլ մը չէ՞ ասիկա: Թող դպրոցներուն մէջ ալ շաբաթական գոնէ մէկ պահ յատկացնեն, որպէսզի աշակերտին աւելի մատչելի դառնայ արեւմտահայ գրականութիւնը:
Եթէ կայ ցանկութիւն, միջոցներ չեն պակսիր:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ