ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ ՄԷՋ
Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն, ձեռամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի։ Այս մասին Ատրպատականի Ազգային Առաջնորդարանէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։ Այսպէս, Թաւրիզի Լիլաւա հայաշատ թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագի տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն, ձեռամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի: Սարկաւագական կարգ ստացան՝ Վարդան Կիսասարկաւագ Տէր Մարտիրոսեան եւ Յովիկ Կիսասարկաւագ Ղուկասեան:
«Զի ողորմած»ի պահուն ընծայեալները ծնրադիր յառաջացան դէպի սուրբ խորան եւ ձեռնադրիչ Սրբազանին կողմէ կոչուեցան սարկաւագութեան պաշտօնին: «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» շարականի երգեցողութեան ընթացքին, Վարդան եւ Յովիկ կիսասարկաւագները բաց ափերով դէպի ժողովուրդ ծնրադիր կանգնած, նուիրուեցան եկեղեցւոյ ծառայութեան, մինչ «Կոմիտաս» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ երաժիշտ Վարդան Վահրամեանի, միաբերան կÿերգէր՝ «Արժանի են» վկայութիւնը, փոխան համայնքին:
Ճաշու Աւետարանի ընթերցումէն ետք երգուեցաւ «Հաւատամք»ը եւ շարունակուեցաւ Ս. Պատարագը մինչեւ «ողջոյն»ի պահը, երբ դարձեալ սկսաւ ձեռնադրութեան կարգը: Այս միջոցին, յատուկ աղօթքներէ եւ ընթերցումներէ ետք, իրենց թեւերուն վրայ կախուած ուրարները Սրբազանը կախեց իւրաքանչիւրին ուսէն, ձեռնադրութեան Մաշտոցին բառերով՝ «մաքուր ու սուրբ ուրարները Քրիստոսի ձեռքէն» ստանալէ ետք Ս. Սեղանին սպասաւորելու պատիւը ընծայելով նուիրեալներուն: Ապա Սրբազան Հայրը անոնց յանձնեց Ս. Աւետարանը, խորանէն զայն կարդալու իշխանութիւն տալով ընծայեալներուն: Խնկարկութեամբ անուշահոտ խունկ բուրելու իշխանութիւնը տրուեցաւ խորանի բեմին կեդրոնէն, երբ իւրաքանչիւր ընծայեալ «Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք, ընկալ կեցո՛ եւ ողորմեա՛. օրհնեա՛ Տէր» ըսելով, երիցս Սրբազան Հօր մատոյց բուրվառը եւ օրհնութիւն ստանալէ ետք՝ խնկարկեց ժողովուրդին: Հաւատացեալ ժողովուրդը բարեպաշտութեամբ խաչակըն-քեց, Աստուծոյ Ս. Խորանին համար նորոգ ձեռնադրեալ սպասարկուներէն ընդունելով խորանէն բուրող խունկին գուլաները: Ապա, «Պահպանիչ» աղօթքով, Սրբազանը օրհնեց նորոգ ձեռադրեալ զոյգ սարկաւագները Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ յաւուր պատշաճի քարոզ խօսեցաւ:
Ձեռնադրութեան Աւետարանէն վերցնելով իր բնաբանը, որ կը ներկայացնէր Յիսուսի մէկ խօսքը ուղղուած իր աշակերտներուն, թէ՝ երանի՜ ձեզ, որ ձեր աչքերով տեսաք այն ինչ որ ուրիշներ ուզեցին տեսնել, բայց՝ չտեսան։ Սրբազանը սոյն բնաբանով յիշեցուց, թէ՝ շուրջ յիսուն տարիներէ ի վեր Ատրպատականի մէջ սարկաւագական ձեռնադրութիւն տեղի չէր՛ ունեցած եւ շատե՜ր փափաքեր են տեսնել այն՝ ինչ որ այսօր բարեպաշտ ժողովուրդը տեսաւ…: Սրբազանը բացատրեց Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան փոքր աստիճանները մինչեւ սարկաւագական կարգը, երկար ատեն նման ձեռնադրութիւն չտեսած ժողովուրդին հոգեւոր դաստիարակութեան համար: Ի վերջոյ, ան անդրադարձաւ ձեռնադրուած անձերու կենսագրութեան, որոնցմէ առաջինը՝ Վարդան սարկաւագը արդէն երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէր սուրբ եկեղեցիին, իսկ Յովիկ սարկաւագը, որ շուտով քահանայական ձեռնադրութիւն պիտի ստանայ, Թաւրիզի հոգեւոր հովուութեան կոչուելու համար:
Ս. Պատարագի աւարտին ներկայ հաւատացեալները խորանի բեմին առջեւ շնորհաւորեցին նորընծայ զոյգ սարկաւագները, յարատեւ ծառայութեան բարեմաղթանքներ յղելով անոնց: