ԱՍՏԱՆԱՅԷՆ ՎԵՐՋ ՀԻՄԱ ԴԷՊԻ ԺԸՆԵՒ

Թուր­քիոյ, Ռու­սաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի միջ­նոր­դու­թեամբ՝ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը գտնե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ Աս­տա­նա­յի մէջ կազ­մա­կեր­պուած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը հա­սան ի­րենց ա­ւար­տին։ Սու­րիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը եւ ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ նման ձե­ւա­չա­փի մը մէջ նստան նոյն սե­ղա­նին շուրջ։ Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րը կը հա­ղոր­դեն, որ Աս­տա­նա­յի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ա­ւար­տած են ու կը նա­խա­տե­սուի այդ աշ­խա­տան­քին շա­րու­նա­կուի­լը Ժը­նե­ւի մէջ։ Սու­րիոյ ընդ­դի­մու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս դժգո­հու­թիւն յայտ­նած է Աս­տա­նա­յի մէջ հրա­պա­րա­կուած հա­ղոր­դագ­րու­թե­նէն։ Ան­ցեալ տա­րի Ապ­րի­լին Ժը­նե­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած էր բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն վեր­ջին փու­լը։ Սու­րիոյ միայն քա­ղա­քա­կան ընդ­դի­մու­թիւ­նը մաս­նակ­ցած էր այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։ Ըստ ռու­սա­կան աղ­բիւր­նե­րուն, հա­ւա­նա­կան է, որ Ժը­նե­ւի յա­ռա­ջի­կայ խորհր­դա­տուու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հրա­ւէր ստա­նան նաեւ զի­նեալ ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Աս­տա­նա­յի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Լուրջ քննար­կում­ներ ծա­ւա­լուե­ցան, որ­պէս­զի ան­ցեալ Դեկ­տեմ­բե­րի 30-ին հռչա­կուած հրա­դա­դա­րը դառ­նայ մշտա­կան։ Երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան եւ ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ա­ռա­ջին փու­լին շփուե­ցան ուղ­ղա­կիօ­րէն, իսկ ա­ւե­լի վերջ միջ­նոր­դա­ւո­րուած ձե­ւով։ Մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան վե­րա­բե­րեալ խնդիր­ներն ալ ար­ժա­նա­ցան ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Թրքա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ու­նի այն հա­մո­զու­մը, որ Աս­տա­նա­յի մէջ առ­նուած քայ­լե­րը պի­տի նպաս­տեն քա­ղա­քա­կան ընդ­հա­նուր գոր­ծըն­թա­ցին։ Ռու­սա­կան կողմն ալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ Դա­մաս­կո­սի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը զգու­շա­ցուց հրա­դա­դա­րին հնա­զան­դե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Յա­մե­նայն­դէպս, հիմ­նա­կան շեշ­տադ­րու­մը մշտա­կան հրա­դա­դա­րի մը հաս­տատ­ման վրայ է։

Սու­րիա­յէ ներս վեց տա­րիէ ի վեր կը շա­րու­նա­կուի ա­րիւ­նա­լի ներ­քին պա­տե­րազմ մը։ Աս­տա­նա­յի մի­ջազ­գա­յին հան­դի­պու­մը ա­ռանձ­նա­ցաւ այն հան­գա­ման­քով, որ երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, զի­նուո­րա­կան­նե­րը, ընդ­դի­մու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ Թուր­քիա, Ռու­սաս­տան, Ի­րան եւ այլ ազ­դու մի­ջազ­գա­յին դե­րա­կա­տար­ներ ա­ռա­ջին ան­գամ հա­մախմ­բուե­ցան բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նի մը շուրջ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017