ԼԱՒՐՈՎ ԵՒ ՄԱՄԷՏԵԱՐՈՎ ԽՕՍԵՑԱՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻՆ ՇՈՒՐՋ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովը։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին եւ այդ ամբողջէն բխած արդի հարցերուն շուրջ։ Անոնք աչքէ անցուցին նաեւ երկկողմանի միջոցառումներու ծրագիրը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սէրկէյ Լաւրով եւ Էլմար Մամէտեարով անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ռուս եւ ազէրի նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին հակամարտութեան առկայ փուլին շուրջ։ Անոնք կանգ առին նաեւ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ընթացքին նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն վրայ։