ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐԵՐՈՒ
Եւրոպայի յառաջատար երկիրներէն ղեկավարներ յառաջիկայ օրերուն իրերայաջորդ պիտի այցելեն Թուրքիա։ Անգարայի ղեկավարութիւնը այս շաբաթավերջին պիտի հիւրընկալէ Անգլիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյը։ Շաբաթ նախատեսուած են իր հանդիպումները Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ։ Բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գայ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ ձեռնարկուած միջազգային պայքարը։ Բաց աստի, Թուրքիա-Անգլիա առեւտրական յարաբերութիւնները խոշորացոյցի տակ պիտի առնուին՝ հաշուի առնելով, որ Անգլիա կը պատրաստուի դուրս գալ Եւրոմիութենէն։
Փետրուար ամսուան սկիզբին ալ Անգարա աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ, որ եւս պիտի հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Մերքէլի շփումներուն ընթացքին եւս օրակարգի վրայ պիտի գայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ Գերմանացի շանսէօլիէն կանգ պիտի առնէ նաեւ սուրիացի գաղթականներու հարցին վրայ։