ՄՆԱՑ ԵՐԿՈՒ ԱՄԻՍ

Հա­ղոր­դակ­ցու­թեան նա­խա­րար Ահ­մէտ Արս­լան յայ­տա­րա­րեց, որ Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կարս եր­կա­թու­ղին պի­տի բա­ցուի փու­թով։ «CNN Türk»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խա­րա­րը յայտ­նեց, որ շի­նա­րա­րու­թեան հա­մար մնա­ցած է շուրջ եր­կու ամ­սուան գործ մը։ Ներ­կա­յիս աշ­խա­տանք­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին թա­փով։ Այժ­մու կան­խա­տե­սում­նե­րուն մէջ հա­շուի կ՚առ­նուին նաեւ ձմրան պայ­ման­նե­րու դժուա­րու­թիւն­նե­րը։ Հե­տե­ւա­բար, հա­ւա­նա­կան է, որ շի­նա­րա­րու­թիւ­նը հաս­նի իր ա­ւար­տին Մար­տին կամ Ապ­րի­լին։

Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քէն ներս զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ նա­խա­րա­րը անդ­րա­դար­ձաւ այս ծրագ­րի շի­նա­րա­րու­թեան հա­մար ցարդ յաղ­թա­հա­րուած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն։ Աշ­խա­տանք­նե­րու զա­նա­զան փու­լե­րուն մէջ դա­տա­կան գոր­ծըն­թաց­ներ խնդրոյ ա­ռար­կայ դար­ձած են եւ այս բո­լո­րին հե­տե­ւան­քով շուրջ ե­րեք տա­րուան յա­պա­ղում մը խնդրոյ ա­ռար­կայ դար­ձած է։ Ութ ա­մի­սէ ի վեր մրցոյ­թէն յաղ­թա­կան դուրս ե­կած ըն­կե­րու­թիւ­նը կ՚աշ­խա­տի ար­տա­սո­վոր ջան­քե­րով։

Այս եր­կա­թու­ղին «կեդ­րո­նա­կան նրբանց­քի» կա­րե­ւոր օ­ղակ­նե­րէն մին պի­տի ըլ­լայ։ Նա­խա­րար Արս­լա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, Կարս-Թիֆ­լիզ-Պա­քու ուղ­ղու­թե­նէն ա­ւե­լի հե­ռուն պի­տի եր­թայ այդ մէ­կը։ Կար­սէն մին­չեւ Պա­քու եր­կա­թու­ղին պի­տի շա­րու­նա­կուի որ­պէս մէկ գիծ։ Պա­քուէն ան­մի­ջա­պէս վերջ թէ՛ Ղա­զա­խիս­տա­նի եւ թէ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի վրա­յով ան պի­տի շա­րու­նա­կուի դէ­պի Մի­ջին Ա­սիա՝ նաեւ եր­կու­քի պի­տի բաժ­նուի դէ­պի Չի­նաս­տան հաս­նե­լիք ձե­ւով։ Արս­լան մատ­նան­շեց, որ այս­պէ­սով բեռ­նա­փո­խադ­րու­թեան լուրջ շար­ժում մը պի­տի ստեղ­ծուի։ Վե­րո­յի­շեալ ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն վրայ շուրջ 26.5 մի­լիոն թոն բեռ­նա­փո­խադ­րու­թիւն պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի։ Միայն Ղա­զա­խիս­տան կ՚ե­րաշ­խա­ւո­րէ տա­րե­կան 10 մի­լիոն թոն բեռ­նա­փո­խադ­րու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նել այս գի­ծով։ Նա­խա­րա­րին խօս­քե­րով, Չի­նաս­տա­նէն դէ­պի Եւ­րո­միու­թիւն ու­ղար­կուած ապ­րանք­նե­րուն նոյ­նիսկ 10 տո­կո­սը ե­թէ փո­խադ­րուի այս գծին մի­ջո­ցաւ, ա­պա 24 մի­լիոն թոն բեռ­նա­փո­խադ­րու­մի մը պի­տի հա­մա­պա­տաս­խա­նէ։ Մնա­ցեալ եր­կիր­ներն ալ ար­դէն ներ­կա­յիս կը դիր­քա­ւո­րուին ըստ այդմ, կը կա­ռու­ցեն նոր գի­ծեր։

Արս­լան ընդգ­ծեց, որ այս եր­կա­թու­ղիին շնոր­հիւ ա­րե­ւել­քէն դէ­պի ա­րեւ­մուտք բեռ­նա­փո­խադ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար ժա­մա­նակ պի­տի խնա­յուի շուրջ 25 տո­կո­սով։ Արս­լան ա­ւել­ցուց նաեւ, որ Թուր­քիա հա­սա­նե­լիու­թեան եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռու­մով հա­սած է շատ լաւ կէ­տի մը։ Բեռ­նա­փո­խադ­րու­թեան բո­լոր նրբանցք­նե­րը կը կա­ռու­ցուին՝ զա­նոնք հա­մա­րե­լով հա­մաշ­խար­հա­յին բեռ­նա­փո­խադ­րու­թիւն­նե­րու նրբանցք­նե­րուն մէկ մա­սը։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017