ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան դէ­պի Մոս­կուա եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցուց՝ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Օ­դա­կա­յա­նին մէջ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան դի­մա­ւո­րուե­ցաւ զի­նուո­րա­կան պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով եւ ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան «Կոր­քի» պա­լա­տը։ Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի վար­չա­պետ­նե­րը այս առ­թիւ նախ ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, ո­րու ա­ւար­տին գլխա­ւո­րե­ցին ընդ­լայ­նուած կազ­մով պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Եր­կու վար­չա­պետ­նե­րը ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման ուղ­ղեալ շարք մը նոր փաս­տա­թուղ­թե­րու ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։ Ա­նոնք ա­ւե­լի վերջ հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սով մը, ո­րու ըն­թաց­քին զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն առ­ջեւ ամ­փո­փե­ցին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը եւ անդ­րա­դար­ձան Ե­րե­ւան-Մոս­կուա հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­պա­գա­յին վե­րա­բե­րեալ հե­ռան­կար­նե­րուն։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ող­ջու­նե­լով Կա­րա­պե­տեա­նը Մետ­վե­տեւ ը­սաւ, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ դաշ­նակ­ցա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու մշտա­պէս կան քննար­կե­լիք հար­ցեր։ Իր կար­գին, Կա­րէն Կա­րա­պե­տեանն ալ մատ­նան­շեց, որ ա­ւան­դա­բար հայ-ռու­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գը բա­ւա­կան յա­գե­ցած է։ «Գի­տենք, որ ռու­սա­կան դրա­մագը-­լու­խը լայ­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուած է Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան մէջ։ Այ­նուա­մե­նայ­նիւ կը կար­ծեմ, որ պէտք չէ հանգս­տա­նալ եւ այ­սօր կրնանք քննար­կել աշ­խու­ժաց­նե­լու եւ նոր ազ­դակ հա­ղոր­դե­լու ուղ­ղու­թիւն­նե­րը։ Այ­սօր Հա­յաս­տա­նի մէջ շարք մը բա­րե­փո­խում­ներ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին ներդ­րող­նե­րու հա­մար բա­րեն­պաստ մի­ջա­վայր ձե­ւա­ւո­րե­լու նպա­տա­կով եւ մենք մե­ծա­պէս կ՚ող­ջու­նենք ռու­սա­կան դրա­մագ­լու­խի ներգ­րա­ւու­մը։ Այս հա­մա­տես­քին մէջ մենք այ­սօր ե­կած ենք շարք մը նոր ա­ռա­ջարկ­նե­րով, ո­րոնք թոյլ պի­տի տան տե­սա­կա­ւո­րել եւ ընդ­լայ­նել մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­լորտ­նե­րը։ Ես նոյն­պէս վստահ եմ, որ կա­ռու­ցո­ղա­կան զրոյց մը պի­տի ու­նե­նանք», ը­սաւ Կա­րա­պե­տեան։

Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ւան­դա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր, նոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման թափ տա­լու, ռու­սա­կան դրա­մագլու­խը հա­մա­տեղ նա­խագ­ծե­րու մի­ջո­ցաւ Հա­յաս­տա­նի գոր­ծա­րա­րու­թեան մէջ ներգ­րա­ւե­լու վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Հայ­կա­կան կող­մը ա­ռա­ջար­կեց՝ հայ-ռու­սա­կան ներդ­րու­մա­յին հիմ­նադ­րա­մի մը ստեղ­ծու­մը։ Սա հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տայ մա­տա­կա­րա­րե­լու Հա­յաս­տա­նի տե­սա­կէ­տէ ա­ռաջ­նա­հերթ տնտե­սա­կան ճիւ­ղե­րը։ Ռու­սա­կան կող­մը դրա­կան գնա­հա­տեց այս ա­ռա­ջար­կը։

Կող­մե­րը անդ­րա­դար­ձան նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ Ի­րա­նի հետ սահ­մա­նա­կից հա­տուա­ծէն ներս ա­զատ տնտե­սա­կան գօ­տիի ստեղծ­ման եւ այն­տեղ ռու­սա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թեան։ Մետ­վե­տեւ կա­րե­ւո­րեց այս ա­ռա­ջար­կը ու կար­ծիք յայտ­նեց, որ ռու­սա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը վստա­հա­բար հե­տաքրք­րու­թիւն պի­տի ցու­ցա­բե­րեն այս ուղ­ղու­թեամբ։

Մոս­կուա­յի ե­րէ­կուան շփում­նե­րուն զու­գա­հեռ յայ­տա­րա­րուե­ցաւ, որ եր­կու եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պի­տի կա­րե­նան ներ­քին անձ­նագ­րե­րով փո­խա­նա­կել այ­ցե­լու­թիւն­ներ։

Վար­չա­պետ­նե­րու հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ալ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին շուրջ։ «Կը փա­փա­քիմ յայ­տա­րա­րել ու­ղիղ, ա­ռանց ա­ւե­լորդ դի­ւա­նա­գի­տու­թեան, մենք շատ գոհ ենք այ­սօ­րուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն եւ այն ար­դիւնք­նե­րէն ու յանձ­նա­րա­րա­կան­նե­րէն, ո­րոնք տրուած են հա­մա­պա­տաս­խան կող­մե­րուն՝ հե­տա­գայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան առ­թիւ», ը­սաւ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան եւ ա­ւել­ցուց, որ թէեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը շատ բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կը գտնուին, սա­կայն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­նոնք ու­նին զար­գաց­ման շատ մեծ նե­րուժ։

ՌՈՒ­ՍԱ­ՀԱՅ ՀԱ­ՄԱՅՆ­ՔԻ ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱ­ՑՈՒ­ՑԻՉ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒՄ

Մինչ այդ, Մոս­կուա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան եր­դի­քին տակ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան եւ իր կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը մէկ­տե­ղուե­ցան ռու­սա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Այս հան­դիպ­ման ներ­կայ գտնուե­ցան ռու­սա­հայ հա­մայն­քէն բազ­մա­թիւ յայտ­նի դէմ­քեր, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­սաս­տա­նի Թե­մի Ա­ռան­ջորդ Տ. Եզ­րաս Արք. Ներ­սի­սեան, ռու­սա­հայ ծա­նօթ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ ու գիտ­նա­կան Ար­թուր Չի­լին­կեա­րով, Մոս­կուա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի նախ­կին դես­պան­նե­րէն Կէոր­կի Տէր-Ղա­զա­րեանց, յայտ­նի գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան եւ այլ ծա­նօթ ա­նուն­ներ։ Հան­դիպ­ման սկիզ­բին Մոս­կուա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Օ­լէկ Ե­սա­յեան հա­կիրճ ե­լոյ­թով մը ող­ջու­նեց Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը։ Լա­զա­րեան ճե­մա­րա­նի պատ­մա­կան շէն­քին մէջ տե­ղա­կա­յուած Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան եր­դի­քին տակ ա­ւե­լի վերջ Կա­րա­պե­տեան հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։ Ան այս առ­թիւ յստակ եւ յու­սադ­րիչ պատ­գամ­ներ փո­խան­ցեց ռու­սա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ «Ես ոչ վաղ ան­ցեա­լին ե­ղած եմ ձեզ­մէ մէ­կը։ Ես շատ լաւ գի­տեմ, որ դուք բո­լորդ կ՚ապ­րիք մտա­ծում­նե­րով, ետ նա­յե­լով եւ ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեամբ, թէ ի՛նչ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Վստահ ե­ղէք՝ հա­յե­րու հա­մար ա­մե­նա­լաւ եր­կի­րը պի­տի ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նը։ Ես գի­տեմ, որ բո­լո­րիդ մօտ հպար­տու­թեան եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան զգա­ցու­մը կա­խուած է այն բա­նէն, թէ Հա­յաս­տան ինչ­պէս կը զգայ ինք­զին­քը։ Ես կը խոս­տա­նամ, որ մեր խում­բը պի­տի ը­նէ հնա­րա­ւոր ա­մէն ինչ», ը­սաւ Կա­րա­պե­տեան։

 

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017