ՏԱԿԱՒԻՆ ՎԱՂ Է…
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլս երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարին շուրջ։
ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնի գլուխ գալէն վերջ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներէն ներս պաշտօնավարող ամերիկացի դեսպանները իրենց հրաժարականները ներկայացուցած են Ուաշինկթըն։ Ռիչըրտ Միլս այն սակաւաթիւ դեսպաններէն է, որ Տանըլտ Թրամփի գործի գլուխ գալուն զուգահեռ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ «Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան ըլլալը աշխարհի լաւագոյն աշխատանքն է, ոչ մէկուն ըսէք», լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին կատակեց Ռիչըրտ Միլս։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ տակաւին վաղ է Թրամփի վարչակազմէն դիրքորոշում մը ակնկալելը՝ 1915 թուականի դէպքերուն շուրջ։
Նախագահ Տանըլտ Թրամփ արդեօք յառաջիկային կրնա՞յ անդրադառնալ հայկական հարցին։ Այս հարցման պատասխանը տակաւին ծանօթ չէ Ռիչըրտ Միլսի համար։ Արդարեւ վաղ է ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմի դիրքորոշումը այս եւ մի քանի այլ հարցերու շուրջ ճշդելու համար։ «Որքան ես գիտեմ, որպէս թեկնածու՝ իր քարոզարշաւին ժամանակ Պարոն Թրամփ երբեք չէ անդրադարձած հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ առայժմ վաղ է, որ կարենամ ըսել, թէ ինչպէս կ՚ըլլայ նոր վարչակազմի դիրքորոշումը շարք մը հարցերու, ներառեալ՝ այս հարցին վերաբերեալ։ ԱՄՆ կը փափաքի, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ փոխըմբռնում ու հաշտութիւն ըլլայ, որովհետեւ սա կը բխի տարածքաշրջանի, Կովկասի շահերէն։ Սա է, որ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պիտի բերէ տարածքաշրջանին», ըսաւ ամերիկացի դեսպանը։
Երէկ, Երեւանի մէջ Ռիչըրտ Միլս մասնակցեցաւ «Կամրջելով պատմութիւնները» խորագրեալ ցուցահանդէսի մը, որ բաց պիտի մնայ շուրջ երկու շաբաթ։ Հայ եւ թուրք լուսանկարիչներու գործերը համատեղ ներկայացուած են այս ցուցահանդէսի ծիրէն ներս։ Ըստ Ռիչըրտ Միլսի, այս ցուցահանդէսը կարեւոր է, որովհետեւ ցոյց կու տայ, թէ որքան ընդհանրութիւններ կան հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ։ Ան շարունակեց.
«Այս ընդհանրութիւններու գիտակցումն իսկ կրնայ օգնել հաշտութեան հասնելու. հաշտութիւն, որ մենք կը փափաքինք տեսնել հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ։ Մենք միշտ յստակ նշած ենք, թէ հաշտութեան համար անհրաժեշտ է, որ ըլլայ լիարժէք, անկեղծ եւ արդար ճանաչում։ Այն դէպքերուն համար, որոնք տեղի ունեցած են հարիւր տարի առաջ՝ 1915 թուականին»։
Հարկ է նշել, որ վերոյիշեալ ցուցահանդէսը բացուեցաւ Երեւանի Ժամանակակից արուեստի կեդրոնի երդիքին տակ։