ԽՍՏԱՇՈՒՆՉ ՁՄԵՌԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Հա­յաս­տա­նի մէջ կը շա­րու­նա­կուի խստա­շունչ ձմե­ռը։ Ինչ­պէս աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րուն մէջ, այն­պէս ալ Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին այս տա­րուան ձմե­ռը յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի խիստ է ու մա­նա­ւանդ՝ ձիւնն ալ ա­ռատ։ Երկ­րի գա­ւառ­նե­րէն ներս ձիւ­նը սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ է, սա­կայն այս տա­րի մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նին ալ ա­ռա­ւե­լա­գոյն բա­ժին կը հաս­նի տե­ղում­նե­րէն։ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նը ամ­բող­ջու­թեամբ սպի­տակ քօ­ղի տակ է։ Վեր­ջին օ­րե­րուն դար­ձեալ ձիւ­նած է եւ մայ­րա­քա­ղա­քի ա­ռօ­րեան բնա­կա­նոն հու­նի մէջ պա­հե­լու հա­մար պատ­կան մար­մին­նե­րը ձեռք կ՚առ­նեն բազ­մա­կող­մա­նի մի­ջոց­ներ։

Բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րով հան­դերձ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին ստեղ­ծուած է շատ գե­ղե­ցիկ տե­սա­րան մը ու նկա­րա­հա­նուած դրուագ­նե­րը հա­մա­զօր են գե­ղա­րուե­սա­կան աշ­խա­տան­քի։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017