ՀԱՆՐԱՔՈՒԷՆ՝ ԱՊՐԻԼԻ ՄԷՋ
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ Սահմանադրութեան փոփոխութեան ուղղեալ հանրաքուէն հաւանաբար տեղի ունենայ Ապրիլ ամսուան մէջ։ Ըստ իրեն, Սահմանադրութեան փոփոխութեան ուղղեալ առաջարկը ներկայացուած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հաւանութեան։
ԱՔ կուսակցութեան նահանգային մասնաճիւղերու ղեկավարներուն հետ մասնակցած ժողովին ընթացքին Պինալի Եըլտըրըմ ընդգծեց, որ հաւանաբար Ապրիլ ամսուան մէջ, առաջին քսան օրերու ժամանակաշրջանին յարմար թուական մը պիտի ճշդուի հանրաքուէին համար։ Ըստ իրեն, ներկայ շաբթուան ընթացքին պիտի հրապարակուի վերջնական թուականը։
Վարչապետը մատնանշեց, որ ՄՀՓ-ի հետ այս նիւթին շուրջ որդեգրուած են համատեղ նպատակներ։