ԱՌԱՋԻՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ա­ւար­տեց իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Մոս­կուա։ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րու շրջագ­ծով Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ե­րէկ Մոս­կուա­յի կեդ­րո­նին ծաղ­կեպ­սակ մը զե­տե­ղեց Ան­ծա­նօթ զի­նուո­րի յու­շար­ձա­նին մօտ։

Մոս­կուա­յի շփում­նե­րուն վեր­ջին օ­րը Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան այ­ցե­լեց նաեւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­սաս­տա­նի եւ Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Սուրբ Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւն ե­կե­ղե­ցին։ Ան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Եզ­րաս Արք. Ներ­սի­սեա­նի կող­մէ։ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան եւ իր կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը Սուրբ Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ եր­դի­քին տակ կա­տա­րե­ցին ի­րենց ուխ­տի ա­ղօթ­քը եւ մոմ վա­ռե­ցին։

Գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթ­քէն վերջ, Տ. Եզ­րաս Արք. Ներ­սի­սեան հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի եւ օրհ­նու­թեան խօս­քով մը։ Ան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի եւ ըն­կե­րա­կից­նե­րու այ­ցե­լու­թեան բե­րու­մով ու մաղ­թեց բա­րե­բեր աշ­խա­տանք։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը պատ­մա­կան ո­րա­կեց վար­չա­պե­տին այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ ընդգ­ծեց, որ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի ոչ միայն որ­պէս քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ, բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեայ, այլ նաեւ որ­պէս բա­րե­րար։

Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դին ու­ղեկ­ցու­թեամբ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան եւ ըն­կե­րա­կից­նե­րը շրջայց մըն ալ կա­տա­րե­ցին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ըն­դար­ձակ հա­մա­լի­րէն ներս։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017