ԱՌԱՋԻՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնի գլուխ գալէն վերջ առաջին անգամ նորընտիր վարչախումբէն բարձրաստիճան դէմքեր անդրադարձան հայկական հարցին։ ԱՄՆ-ի նորանշանակ Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն այս նիւթին շուրջ խօսեցաւ Ծերակոյտէն ներս։ Այսպէս, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն ներս իր պաշտօնը վաւերացուեցաւ մէկ քուէի տարբերութեամբ։ Ան ExxonMobil քարիւղի հսկայ ընկերութեան նախկին ղեկավարն է։ Թիլըրսըն բոլորովին վերջերս այդ պաշտօնէն հրաժարեցաւ՝ պետական քարտուղար դառնալու համար։ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն ներս Նիւ Ճըրզիի ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզ իրեն հարցում մը ուղղեց հայկական հարցին շուրջ։ Ի պատասխան՝ Թիլըրսըն ըսաւ. «1915-ի ողբերգական չարագործութիւնները կը մնան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ցաւոտ խնդիրը եւ երկու երկիրներու միջեւ կայուն յարաբերութիւններու հաստատուիլը կը բխի Ամերիկայի շահերէն։ Նշանակուելու պարագային լիարժէք կերպով պիտի ուսումնասիրեմ պատմական իրադարձութիւնները եւ պիտի սկսիմ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան յանուն տարածքային կայունութեան»։
Ռեքս Թիլըրսըն անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ հիմնարար ազատութիւններու վերաբերեալ հարցերուն ու մտահոգութիւն յայտնեց կարգ մը գործողութիւններու մասին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան մատնանշեց, որ կրօնական ազատութիւնը ամերիկեան հիմնական սկզբունք մըն է եւ միջազգային խաղաղութեան ու կայունութեան ոլորտէն ներս կարեւոր բաղադրիչ մը։ «Պետական քարտուղարի պաշտօնին մէջ պիտի աշխատիմ Թուրքիոյ հետ՝ երաշխաւորելու կրօնական փոքրամասնութիւններու անվտանգութիւնը եւ նպաստելու անոնց մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ յարգանքին», ըսաւ Թիլըրսըն։
ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Նիքի Հէյլին ալ Ծերակոյտի լսումներուն նկատմամբ պատասխանեց այն հարցման, թէ «պիտի նպաստէ՞, որպէսզի ԱՄՆ հայոց ցեղասպանութիւնը կոչէ իր իսկ անունով»։ Նիքի Հէյլի ի պատասխան ըսաւ. «Ես երբեք չեմ վարանիր մատնանշել այն երկիրները, որոնց գործողութիւնները կը հակասեն ԱՄՆ-ի արժէքներուն եւ կը խախտեն մարդու իրաւունքներն ու միջազգային չափանիշները»։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլս նախընթաց օր յայտնած էր, որ տակաւին վաղ է գիտնալու համար Ուաշինկթընի նոր ղեկավարութեան վերջնական դիրքորոշումը հայկական հարցին շուրջ։