ՆԱՄԱԿԸ

Նա­մակ մըն է, որ կը հնչէ. նախ ձայն կու տայ, ա­յո ձայն մ­­՚է ան, որ կը տե­ղե­կաց­նէ նա­մա­կի մը գա­լուն մա­սին: Ա­մէն ինչ դիւ­րին է հի­մա, աշ­խարհն ամ­բողջ ա­փիդ մէջն է կար­ծես, բջի­ջա­յի­նիդ դո­ղը, ձայ­նէն ա­ռաջ, կը յու­շէ լու­րի մը մա­սին: Ար­դեօք ի՞նչ է նա­մա­կին պա­րու­նա­կու­թիւ­նը: Ու­րա­խա­նա՞լ, եր­ջան­կա­նա՞լ, թէ տխրիլ է պէտք: Աս­տուած մի ա­րաս­ցէ, գէշ լուր մը ե­թէ ըլ­լայ, չբա­նա՞մ ար­դեօք, չմօ­տե­նա՞մ իսկ ցնցուող ու եր­գող բջի­ջա­յի­նին:

Կը յի­շեմ գոյ­ժը, ո­րուն մա­սին տե­ղե­կա­ցայ նոյ­նինքն այս դո­ղա­ցող ու եր­գող գոր­ծի­քէն, այդ օ­րուան հա­րուա­ծէն տա­կա­ւին չեմ սթա­փած կը կար­ծեմ, քա­նի ա­մէն այս ցնցու­մին ու թրթռա­ցու­մին կը վե­րապ­րիմ նոյն այդ պա­հուն սոս­կու­մը: Սոս­կում մը, որ թէեւ խոր սպի­ներ թո­ղուց, բայց եւ պար­գե­ւեց մտա­ծե­լու կա­րո­ղու­թիւն մը, մտա­ծու­մը հա­սաւ ու ծած­կեց ա­նոր վրայ, բա­լա­սա­նեց ալ զայն եր­բեմն, յի­շե­ցուց որ շնչող մարմ­նէս կտոր­ներ կան, գոյ են ու ա­ռա­ջուը­նէ ա­ւե­լի ին­ծի հի­մա կա­րիք ու­նին: Ա­հա այդ կա­րի­քին հա­մար ալ պար­տա­ւո­րուած զցա­ցի մարմ­նիս շնչող հա­տուած­նե­րը հե­ռաց­նել ա­մէն ին­չէ, որ կրնայ վտանգ պատ­ճա­ռել թէ­կուզ ա­նոնց ոտ­քին ճկոյ­թին: Հե­ռա­ցում մը յա­ջոր­դեց այն օ­րուան ո­րո­շու­մին, հե­ռա­ցանք... ա­մէն ինչ ձգե­լով ե­ղա­ծին պէս: Ա­մէն իր, ա­մէն պատ­կեր, ա­մէն, ա­մէն ինչ, որ նիւ­թէն ա­ւե­լի մեծ ի­մաստ­ներ կը կրէին ի­րենց մէջ:

Ե­րէկ, երբ մտիկ կ՚ը­նէի ծա­նօթ մե­ղե­դի մը, շատ ծա­նօթ մե­ղե­դի մը, որ նոյն հնչիւն­նե­րով կը քնաց­նէր անդ­րա­նիկս, ան­կո­ղի­նին ե­տե­ւի պա­տէն կա­խուած դե­ղին գե­ղե­ցիկ տնա­կին մէ­ջէն կը լսուէր, տնա­կին տա­կի թե­լը կը քա­շէր ձա­գուկս ու մատ­նե­րով կը պա­րէր ու հետզ­հե­տէ մատ­նե­րուն շար­ժու­մը կը դան­դա­ղէր ու կը կե­նար, երբ ար­դէն քնա­ցած կ՚ըլ­լար: Դեռ հոն, պա­տին վրայ կա­խուած է այդ տնա­կը: Ինչ­պէ՞ս չբե­րի հետս, այս­քան քաղցր յու­շեր պա­րու­նա­կող այդ գոր­ծի­քը ինչ­պէ՞ս ձգե­ցի հոն: Միայն ա­նի­կա չէ, շատ բա­ներ ձգած եմ, ե­թէ այս­պէս պի­տի մտա­ծէի, ու­րեմն միայն տանս յա­տա­կին ա­նիւ­նե­ր դ­նե­լով ու քա­շե­լով հետս պէտք է բե­րէի, ինչ­պէս Մ. Իշ­խան Մա­սի­սը կը քա­շէ:

Բայց ոչ, ես կը կար­ծէի, որ երբ բան չբե­րեմ հետս, ան­ցեա­լը իր բո­լոր դառ­նու­թիւն­նե­րով ու եր­բեմ­նի քաղցր յու­շե­րով կրնամ ջնջել, տե­ղը յու­շե­րուս տոպ­րա­կը լեց­նել նոր ու քաղցր ապ­րում­նե­րով, պատ­կեր­նե­րով: Սա­կայն ա­մէն ան­գամ, երբ անն­շան բան մ­­՚իսկ պա­տա­հի, ան­ցեա­լի յու­շե­րը գլուխ կը ցցեն տոպ­րա­կին մէ­ջէն, կա­րե­լի չէ ջնջել զա­նոնք, բայց ին­չո՞ւ ջնջել, ինչ­պէ՞ս մտա­ծած եմ այս­քան ան­միտ բան մը, երբ ա­շա­կերտ­նե­րուն յա­ճախ կը հա­ղոր­դէինք նոյն սխա­լը չկրկնե­լու հա­մար նախ­կին սխալ­նե­րուն միշտ նա­յիլ ու ա­ռաջ­նոր­դուիլ ա­նոնց­մով, բիւ­րե­ղաց­նել միտքն ու խել­քը, սոր­վիլ ա­նոնց­մէ: Մի­թէ ան­ցեալն ալ փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ չի՞ պա­րու­նա­կեր, ո­րոնց­մէ պէտք է օգ­տուիլ:

Հա­հա, կը կար­ծէի, որ նո­րե­րը քաղցր կ­­՚ըլ­լան: Հայ­րե­նի­քի մէջ հիաս­թա­փու­թիւն­նե­րը եր­բեք ալ քաղց­րու­թիւն չու­նէին ի­րենց մէջ: Տա­րի­նե­րով հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն քա­րո­զած, ու ա­շա­կերտ­նե­րուն մտքին մէջ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան սեր­մեր ցա­նա­ծիս հա­մե­մատ, եր­բեք ալ հա­ճո­յա­լի ե­րե­ւոյթ­նե­րու չհան­դի­պե­ցայ հոս: Բա­րե­կամ մը, աս նոյն զգա­ցում­նե­րէն հիաս­թա­փուած, ո­րո­շեց ըն­տա­նեօք լքել հայ­րե­նի­քը՝ «Ես, Հա­լէ­պէն ա­ւե­լի օգ­տա­կար կրնա­յի դառ­նալ հայ­րե­նի­քիս, մինչ հոս, հա­զիւ օ­րա­պա­հի­կի մա­քա­ռում մըն է, ո­րուն կը գու­մա­րուի օ­տա­րու­թեան զգա­ցու­մը, որ եր­բեք չէի ու­զեր զգալ հոս՝ մեր ե­րա­զա­յին հայ­րե­նի­քին մէ­ջ», ը­սաւ ան:

Ի­րօք, երբ կը թեր­թենք հա­մա­ցան­ցը ու ա­կա­նա­տես կ­­՚ըլ­լանք աշ­խար­հաց­րիւ հա­լէ­պա­հա­յե­րու նուա­ճում­նե­րուն, հա­լէ­պա­հայ մա­նուկ­նե­րու ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն, կը խոր­հինք, որ ա­նոնց այս նուա­ճում­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս հա­յուն ու յատ­կա­պէս հայ­րե­նի­քին փառքն է որ կը պսպղաց­նեն: Նո­րու­թիւն ալ չէ ար­դէն աշ­խար­հահռ­չակ հին ու նոր հայ ա­նուն­նե­րու դափ­նի­նե­րը, միայն զի­նուո­րագ­րուե­լով չէ, որ մէ­կը հայ­րե­նա­սէր կրնայ ըլ­լալ, կամ հայ­րե­նի­քին ա­նու­նը բարձր կրնայ պա­հել:

Այս­քան խորհր­դա­ծու­թիւն նա­մա­կի՞ մը հա­մար, այ­լեւս նա­յիլ պէտք է, թէ ի՞նչ է ա­նոր պա­րու­նա­կու­թիւ­նը:

Օօօօ, օ­դա­նա­ւի տոմ­սի պատ­կեր մըն է, տղաս ղրկած է, մօտ օ­րէն գա­լուն մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ: Այս ի՞նչ գե­ղե­ցիկ ա­նակն­կալ մըն է, ի՞նչ եր­ջան­կու­թիւն, մէկ շա­բա­թով պի­տի գայ ըն­դա­մէ­նը, բայց հոգ չէ, կը բա­ւէ որ գրկեմ զինք, զգամ իր ջեր­մու­թիւ­նը, տես­նեմ հա­սա­կը ինձ­մէ ե­լած այդ կտոր մը շնչա­ւոր մի­սին, թող ցնդի քիչ մը կա­րօտ ը­սուած այդ դա­ժան զգա­ցու­մը, տե­ղը տայ եր­ջան­կու­թեան, գիր­կընդ­խառ­նու­մին ու հա­ճոյ­քին, խինդ ու ծի­ծա­ղին:

Հի­մա պէտք է մտա­ծենք իր սի­րած ճա­շե­րուն ու ա­նու­շե­ղէն­նե­րուն մա­սին ու օ­րե­րը հա­մե­մենք հա­մեղ բոյ­րով, հո­տա­ւէտ քաղց­րե­ղէն­նե­րով, հա­րա­զատ­ներ հա­մախմ­բե­լով, տե­սու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պե­լով ու մեր յու­շե­րուն տոպ­րա­կը հարս­տաց­նե­լով քաղ­ցու­թեամ­բը ներ­կա­յին:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017