ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ՉՏԱՐՈՒԻԼ

Յի­սուս երբ մկրտուե­ցաւ ե­րին­քէն լսուե­ցաւ ձայն մը, որ կ՚ը­սէր. «Ա­տի­կա է իմ սի­րե­լի Որ­դիս, ո­րուն ես հա­ճե­ցայ»։ Յե­տոյ Յի­սուս Սուրբ Հո­գիին կող­մէ տա­րուե­ցաւ ա­նա­պատ՝ Սա­տա­նա­յէն փոր­ձուե­լու հա­մար։

Ար­դա­րեւ մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ միշտ կա՛ն եւ պի­տի ըլ­լան փոր­ձու­թիւն­ներ եւ գայ­թակ­ղու­թիւն­ներ, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Յի­սուս. «Գայ­թակ­ղու­թիւն­ներ ան­պայ­ման պի­տի պա­տա­հին, բայց վա՛յ այն մար­դուն, ո­րուն ձեռ­քով ու­րիշ­ներ գայ­թակ­ղու­թեան մէջ կ՚իյ­նան» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 7)։ Ուս­տի աշ­խար­հի վրայ ան­պա­կաս են փոր­ձու­թիւն­ներ եւ գայ­թակ­ղու­թիւն­ներ, բայց ա­ւե­լի եւս պա­տաս­խա­նա­տու են ա­նոնք՝ ո­րոնք պատ­ճառ կ՚ըլ­լան փոր­ձու­թիւն­նե­րու եւ գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րու եւ որ կը գոր­ծեն Սա­տա­նա­յին դրդու­մով։ Ու­րեմն փոր­ձու­թիւն­նե­րու եւ գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջին պատ­ճա­ռը եւ պա­տաս­խա­նա­տուն է՝ Սա­տա­նան՝ ա­մէն չա­րի­քի նա­խա­պատ­ճա­ռը, ա­մէն մո­լո­րու­թեան սկիզ­բը։

Եւ որ­պէս «կա­տա­րեալ մարդ», Յի­սուս ալ մատ­նուե­ցաւ այդ փոր­ձու­թիւն­նե­րուն, որ­պէս­զի օ­րի­նակ ըլ­լայ մարդ­կու­թեան՝ թէ ի՛նչ­պէս կա­րե­լի է դի­մադ­րել եւ տե­ղի չտալ փոր­ձու­թիւն­նե­րուն։

Ու­րեմն մար­դուն պար­տա­կա­նու­թիւնն է՝ հե­տե­ւե­լով Յի­սու­սի օ­րի­նա­կին, դի­մադ­րել, տո­կալ, չխրտչիլ փոր­ձու­թիւն­նե­րէ եւ համ­բե­րու­թեամբ վա­նել զա­նոնք եւ հե­ռաց­նել ի­րենց կեան­քէն, որ­պէս­զի չվնա­սեն ի­րենց կեան­քի բնա­կան ըն­թաց­քին։

Ար­դա­րեւ, Յի­սուս ալ փոր­ձուե­ցաւ ա­նա­պա­տի մէջ Սա­տա­նա­յէն, բայց դի­մադ­րե՛ց։

Երբ Սա­տա­նան փոր­ձե­լով Յի­սու­սը՝ կը ջա­նար հա­մո­զել, որ ան վար նե­տուի տա­ճա­րին աշ­տա­րա­կէն, վստա­հեց­նե­լով զայն Սուրբ Գիր­քի սա խօս­քով, թէ՝ «Աս­տուած իր հրեշ­տակ­նե­րուն պի­տի պա­տուի­րէ քե­զի հա­մար եւ քեզ ի­րենց ձեռ­քե­րուն վրայ պի­տի վերց­նեն, որ­պէս­զի ոտքդ քա­րի չզար­նուի» (ՄԱՏԹ. Դ 6),  ան­յար­մար եւ ան­հա­մա­պա­տաս­խան վկա­յու­թիւն մը բե­րաւ, քա­նի որ խօս­քին միտ­քը այն չէ՛ թէ Աս­տուած անվը-նաս ու ա­պա­հով կը պա­հէ զա­նոնք թէ՛ իր ընդ­հա­նուր եւ թէ իր յա­տուկ խնամ­քով, երբ կո­չուած են կա­տա­րել սո­վո­րա­կան կամ ար­տա­սո­վոր պար­տա­ւո­րու­թիւն մը։ Ուս­տի եւ Յի­սուս մեր­ժեց՝ հեր­քեց Սա­տա­նա­յին սխալ վկա­յու­թիւ­նը՝ Հին Կտա­կա­րա­նէն մէջ­բե­րե­լով ու­րիշ յար­մար եւ հա­մա­պա­տաս­խան վկա­յու­թիւն մը՝ որ կը յայտ­նէր ա­նոր խա­բէա­կան թե­լադ­րու­թիւ­նը։

Յի­սուս ը­սաւ. «Գրուած է թէ Քու Տէր Աստուածդ չփոր­ձե՛ս» (ՄԱՏԹ. Դ 7)։­

Ա­սով, Յի­սուս ը­սել ու­զեց, թէ՝ քու ա­ռա­ջար­կու­թիւնդ չեմ կրնար կա­տա­րել, քա­նի որ այդ­պի­սի գոր­ծի պէտք չկայ, այլ եւ ե­թէ կա­տա­րեմ, օգ­տա­կար ար­դիւնք մը յա­ռաջ պի­տի չգայ, հա­պա զԱս­տուած փոր­ձած պի­տի ըլ­լամ։ Ուս­տի չե՛մ կրնար ակն­կա­լել, ըն­դու­նիլ, թէ վտան­գէ ու վնա­սէ պի­տի պա­հէ զիս։

Սրբա­զան մա­տե­նա­գիր­ներ, Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րեր, մինչ խօս­քով եւ օ­րի­նակ­նե­րով կը սոր­վեց­նեն մե­զի, թէ մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն է քննե՛լ Սուրբ Գիր­քը եւ ա­նով փոր­ձել եւ ա­պա­ցու­ցա­նել ա­մէն վար­դա­պե­տու­թիւն, ա­մէն ու­սու­ցում. կը խրա­տեն նաեւ զգու­շա­նա՛լ ծռե­լէ, փո­փո­խու­թեան են­թար­կե­լէ Աս­տու­ծոյ խօս­քին վկա­յու­թիւ­նը՝ որ է «ճշմար­տու­թիւն»ը։

Եւ այս կը նշա­նա­կէ, թէ կրօ­նը հրա­մա­յա­կա­նոն դրու­թիւն մը չէ՛, այլ պէտք է զգու­շու­թեամբ քննել, ու­սում­նա­սի­րել եւ յե­տոյ կի­րար­կել զայն։

Պետ­րոս Ա­ռա­քեալ, մատ­նան­շե­լով կարգ մը «տգէտ եւ ան­հաս­տատ» մար­դոց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, կ՚ը­սէ. «Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալն ալ գրեց ձե­զի, Աս­տուծ­մէ ի­րեն շնոր­հուած ի­մաս­տու­թեամբ։ Ա­նի­կա նոյն այս բա­նին մա­սին խօ­սած էր իր բո­լոր նա­մակ­նե­րուն մէջ ալ։ Այդ նա­մակ­նե­րուն մէջ կարգ մը դժուար հասկ­նա­լի մա­սեր կան, ո­րոնց ի­մաս­տը չա­րա­փո­խու­մի կ՚են­թար­կուի տգէտ եւ փո­փո­խա­միտ մար­դոց կող­մէ։ Ա­նոնք միւս Սուրբ Գիր­քե­րը եւս կը չա­րա­փո­խեն, ի­րենց սե­փա­կան կո­րուս­տը պատ­րաս­տե­լով» (Բ ՊԵՏ. Գ 15-16)։

­Սա­կայն այս ը­սե­լով Պետ­րոս Ա­ռա­քեա­լի նպա­տա­կը չէ՛ վհա­տեց­նել մար­դիկ, որ չձեռ­նար­կեն քննել, ու­սում­նա­սի­րե՛լ իսկ Սուրբ Գիր­քի դժուա­րին մա­սե­րը։ Ա­ռա­քեա­լին միտքն ու նպա­տակն է՝ հասկց­նել միայն թէ՝ մարդ պար­տի մեծ ջանք եւ զգու­շու­թիւն ը­նել Սուրբ Գիր­քը ու­սա­նե­լու եւ հասկ­նա­լու մէջ։ Ուս­տի մա­կե­րե­սա­յին ո՛չ մէկ քննու­թիւն, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն բա­ւա­կան է՛ հասկ­նա­լու եւ հաս­նե­լո՛ւ ճշմար­տու­թեան, որ միայն կա­րե­լի է խո­րը թա­փան­ցե­լով…։

Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով է, որ կրօ­նը եր­բեք հրա­մա­յա­կա­նոն (dogmatique) դրու­թիւն մը չէ՛։

Ուս­տի եւ Ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ. «Ու­րեմն դուք, սի­րե­լի­ներ, ա­ռա­ջուց գիտ­նա­լով զգոյշ ե­ղէք, որ չըլ­լայ թէ ա­նօ­րէն­նե­րուն խա­բէու­թե­նէն բռնուած՝ ձեր հաս­տա­տու­թե­նէն իյ­նաք, հա­պա ա­ճե­ցէք մեր Տէր ու Փրկիչ Յի­սուս Քրիս­տո­սի շնորհ­քո­վը ու գի­տու­թիւ­նո­վը» (Բ ՊԵՏ. Գ 17-18)։­

Ար­դա­րեւ, մարդ ա­ռանց քննե­լու, ու­սում­նա­սի­րե­լու կրնա՞յ գիտ­նալ եւ ա­ռանց գիտ­նա­լու ինչ­պէ՞ս կրնայ դի­մադ­րել փոր­ձու­թիւն­նե­րու, խա­բէու­թիւն­նե­րու։ Մարդ ա­մե­նէն շատ ու դիւ­րին կը հա­ւա­տայ այն բա­նե­րուն՝ ո­րոնց մա­սին հաս­տատ եւ խոր տե­ղե­կու­թիւն չու­նի եւ չի կրնար զա­նա­զա­նել՝ բա­րին ու չա­րը, օգ­տա­կա­րը եւ վնա­սա­կա­րը։ Մինչ­դեռ գիտ­նա­լով ա­ւե­լի լա՛ւ հա­մո­զում կը գո­յաց­նէ եւ ա­ւե­լի՛ հաս­տատ հի­մե­րու վրայ կը կազ­մէ իր հա­մո­զու­մը՝ հա­ւատ­քը։ Գիտ­նալ եւ հա­ւա­տալ ա­մե­նէն ա­պա­հով ճամ­բան է հա­ւատ­քին՝ ճշմար­տու­թեան։ Երբ բան մը որ «ճշմա­րիտ» է, զայն քննե­լով, ու­սում­նա­սի­րե­լով չի փո­խուիր, ճշմար­տու­թիւ­նը կը մնայ միշտ «ճշմար­տու­թի՛ւն»…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Յու­նուար 23, 2017, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017