Դիլիջանի Միջազգային Դպրոցը՝ Forbes-ի Վարկանիշի Լաւագոյն Հնգեակին ՄԷՋ
UWC Dilijan Միջազգային դպրոցը, որ հիմնած է գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեան, յայտնուած է Forbes-ի վարկանիշի լաւագոյն հնգեակի մէջ: Դպրոցը ներառուած է ռուս միլիառատէրներու մասնակցութեամբ ստեղծուած լաւագոյն դպրոցներու վարկանիշին մէջ, որուն կարելի է ծանօթանալ Forbes հրատարակութեան պաշտօնական կայքին մէջ: Ռուբէն Վարդանեանի հիմնած UWC Dilijan դպրոցը վարկանիշին մէջ գրաւած է երկրորդ տեղը:
«2014 թուականին Ռուբէն Վարդանեան իր կնոջ հետ հիմնած է Դիլիջանի Միջազգային դպրոցը: UWC Dilijan դպրոց կը յաճախեն տաղանդաւոր երախաներ: Անիկա կը գտնուի Հայաստանի համանուն քաղաքին մէջ եւ կը մտնէ United World Colleges միջազգային դպրոցներու ցանցին մէջ: Այս մէկը կը նշանակէ, որ ընդունելութեան քննութիւններէն ետք, ընդունող յանձնաժողովը կրնայ աշակերտը ուղարկել այլ երկիր մը ուսանելու, ուր նոյնպէս կայ ցանցի դպրոց: Այսօր դպրոց կը յաճախեն 198 ուսանողներ՝ աշխարհի 72 երկիրներէ», կը գրէ Forbes-ը:
Վարկանիշին մէջ ներառուած են նաեւ հարուստ բարերաներու միջոցներով ստեղծուած այլ նախագիծեր. Զիյաուտին Մակոմետովի «Փերիմեթր»ը (Տաղիստան), Վատիմ Մոշքովիչի «Լեթովօ»ն (Մոսկուա), Ելենա Փատուրինայի «Առաջին մոսկովեան մասնաւոր կիմնազիա»ն (Լիփքի), «Սիրիուս»ը (Սոչի):