Փարիզի Մէջ Միջազգային Մրցաշարք
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի վեց անդամ, ներառեալ՝ 2016 թուականի Ողիմպիական խաղերու ախոյեան, 98 քկ. քաշային Արթուր Ալեքսանեան, Յունուարի 27-29 թուականներուն պիտի մասնակցին Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ կայանալիք միջազգային մրցաշարքին:
Փարիզեան մրցումներուն, բացի Արթուր Ալեքսանեանէն, Հայաստանի ընտրանին պիտի ներկայացնեն Գէորգ Ղարիպեան (59 քկ.), Կարէն Ասլանեան (66 քկ.), Ռաֆայէլ Ալեքսանեան (71 քկ.), Կարապետ Չալեան (75 քկ.) եւ Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ.):
Ըստ մրցաշարքի ժամանակացոյցին, Յունուարի 27-ին պիտի կայանայ 71, 75, 85, 98 քկ. քաշային կարգերու ընբիշներու կշռման արարողութիւնն ու վիճակահանութիւնը: Յաջորդ օրը` վերոյիշեալ չորս քաշային կարգերու նախնական եւ եզրափակիչ փուլերու գօտեմարտերը: Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ նաեւ միւս չորս՝ 59, 66, 80 եւ 130 քկ. քաշային կարգերու ըմբիշներու կշռման արարողութիւնը եւ վիճակահանութիւնը: Իսկ մրցաշարքի եզրափակիչ օրը՝ Յունուարի 29-ին, մետայլներ պիտի յանձնոուին 59, 66, 80 եւ 130 քկ. քաշային կարգերու մէջ: