ԳՐԱՒԵԼ ՆՈՐ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի դէպի Ռուսաստան պաշտօնական այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ ձեռք բերուած վերջին պայմանաւորուածութիւնները լաւատես կանխատեսումներու ծնունդ տուած են հայ-ռուական համագործակցութեան ապագային տեսակէտէ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, երկու երկիրներու միջեւ յառաջիկայ շրջանին պիտի ստեղծուի ներդրումային համագործակցութեան հիմնադրամ մը։
Հայաստանի Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան երէկ Երեւանի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն արդէն պիտի ստեղծուի հայ-ռուսական այդ հիմնադրամը։
News.am կայքէջի հաղորդումներով, Հայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստէն վերջ Սուրէն Կարայեան յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։ Ըստ իրեն, Հայաստան-Ռուսաստան ներդրումային համագործակցութեան հիմնադրամին նպատակը պիտի ըլլայ գանձատրումը այն ոլորտներուն, որոնք պիտի նպաստեն երկու երկիրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութեան զարգացման, ներածուած ապրանքները տեղականներով փոխարինելու, արդիւնաբերական համագործակցութեան զարգացման, արտածման աճին։ Նախարարին խօսքերով, այդ հիմնադրամը պիտի ստեղծուի արդէն յառաջիկայ ամիսներուն։
Թէ ինչո՞ւ Հայաստանի համար ներդրումներ գրաւելու աշխատանքը սկսաւ Ռուսաստանէն։ Ի պատասխան այս հարցման նախարարը ըսաւ. «Մենք աշխատանք կը տանինք բոլոր երկիրներու հետ, սակայն վարչապետը այցելած է Ռուսաստան եւ հաշուի առնելով պաշտօնական այցելութեան ձեւաչափը՝ կարեւոր խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան։ Աշխոյժ աշխատանքները կ՚ընթանան բոլոր ուղղութիւններով, ներառեալ Եւրոմիութեան եւ Իրանի հետ»։