ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԻԼ

Ե­թէ հար­ցուի, թէ՝ այ­սօ­րուան մարդ­կու­թեան մե­ծա­գոյն հար­ցը ի՞նչ է, ան­շուշտ զա­նա­զան տե­սան­կիւն­նե­րէ դի­տե­լով հար­ցը, տար­բեր պա­տաս­խան­ներ կը ստա­ցուի։

Բայց այդ բո­լոր պա­տաս­խան­նե­րը, ի վեր­ջոյ կը յան­գին այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ՝ ճշմար­տու­թիւ­նը գտնել, ճշմար­տու­թեան հաս­նիլ, կեն­սա­կան հարց մըն է։

Ար­դա­րեւ «ճշմար­տու­թեան գա­ղա­փար»ով է, որ կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ լու­ծել ա­մէն հարց։ Ու­րեմն «ճշմար­տու­թիւն»ը գտնել կա­րե­ւոր հարց մըն է, որ­քան ալ մար­դիկ ի­րենց ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քին մէջ ան­տե­սեն, ան­կա­րե­ւոր կամ անն­շան նկա­տեն զայն։

Բայց այ­սօ­րուան մարդ­կու­թեան հար­ցը «ճշմար­տու­թիւն»ը գտնել, ճշմար­տու­թիւ­նը սոր­վիլ չէ, այլ՝ «սոր­վա­ծը պա­հել» եւ մա­նա­ւանդ «սոր­վա­ծը կի­րար­կել», այ­սինքն կեան­քի վե­րա­ծել, ճշմար­տու­թիւ­նը ապ­րիլ, կեան­քը ճշմար­տու­թեան լոյ­սին մէջ ապ­րիլ, ճշմար­տու­թեամբ ապ­րի՛լն է։ Ուս­տի ե­րե­ւա­կա­յու­թեան մէջ՝ ճշմար­տու­թե­նէ հե­ռու ապ­րիլ՝ մու­թին մէջ, խա­ւա­րին մէջ ապ­րիլ կը նշա­նա­կէ՝ քա­նի որ հոն ա­մէն ինչ ա­նո­րոշ է եւ վե­րա­ցա­կա՛ն։

Ճշմար­տու­թիւ­նը պա­հել եւ կի­րար­կել կեան­քի մէջ այն­պի­սի պայ­ման­նե­րու տակ, ո­րոնք չա­փա­զանց կը դժուա­րաց­նեն եւ եր­բեմն ան­տա­նե­լի, ան­կա­րե­լի կը դարձ­նեն, զա­նոնք պա­հե­լը եւ կի­րար­կե­լը։ Այս ի­մաս­տով «ճշմար­տու­թիւն»ը պայ­քա՛ր մըն է ճշմար­տու­թիւն կար­ծուա­ծին դէ՛մ։ Ար­դա­րեւ մար­դուս ա­մե­նա­մեծ թշնա­մին է՝ ճշմար­տու­թիւն կար­ծել ո­րե­ւէ ի­րո­ղու­թիւն եւ հե­տե­ւիլ ա­նոր՝ կեան­քը վա­րել ըստ կար­ծե­ցեալ ճշմար­տու­թեան։

Ու­րեմն ճշմար­տու­թիւ­նը սոր­վիլ անհ­րա­ժեշտ է մար­դուս հա­մար, բայց նո՛յն­քան եւ նոյ­նիսկ ա­ւե­լի՛ կա­րե­ւոր է «սոր­վա­ծին հա­մա­ձայն ապ­րիլ», սոր­ված­նե­րը կի­րար­կել կեան­քի ըն­թաց­քին։

Ա­մէ­նուս կեան­քին մէջ «դպրոց» մը ե­ղած է։ Եւ դպրո­ցը ա­ռիթ ըն­ծա­յած է, որ «կեան­քը վա­րել» սոր­վինք, բայց երբ մեր սոր­վա­ծը չենք կա­րո­ղա­ցած կի­րար­կել, ա­պա ի՜նչ օ­գուտ մեր սոր­ված­նե­րը, քա­նի որ զուտ սոր­վի­լը ար­ժէք չի ներ­կա­յաց­ներ, երբ ա­նի­կա չկի­րար­կուի՝ տե­ղին ու ժա­մա­նա­կին։ Ի՜նչ կը նշա­նա­կէ շատ բան գիտ­նալ երբ ա­նի­կա չի գոր­ծա­ծուիր, չի կի­րար­կուիր պա­հանջ­քը զգա­ցուած ա­տեն։

Երբ մէ­կու մը շտե­մա­րա­նը լե­ցուն է ու­տե­լի­քով բայց չ՚օգ­տա­գոր­ծուիր, ի՜նչ կ՚ար­ժէ լե­ցուն շտե­մա­րան ու­նե­նալ։ Մարդ կրնայ շատ ու­տե­լիք ու­նե­նալ, բայց երբ չու­տէ զա­նոնք, այ­լա­պէս կրնայ սո­վա­մահ ըլ­լալ։ Ու­նե­նալ չի՛ բա­ւեր, հա­պա՝ պէտք է ու­նե­ցա­ծը օգ­տա­գոր­ծել, օգ­տուիլ, կեան­քի կո­չել զայն։ Սոր­վիլն ալ նո՛յնն է՝ մարդ կրնայ շատ սոր­վիլ, բայց երբ սոր­վա­ծը գա­ղա­փա­րի եւ գա­ղա­փարն ալ գոր­ծի չվե­րա­ծէ, ա­պար­դիւն գործ մը ը­րած՝ հո­վին դէմ թիա­վա­րած կ՚ըլ­լայ։

Դի­տե­ցէ՛ք բնու­թիւ­նը՝ ա­մէն ինչ մա­քուր, ա­նա­րատ է, բայց հետզ­հե­տէ կ՚ա­ղար­տի եւ կը վատ­թա­րա­նայ։ Մարդ­կա­յին կեանքն ալ նոյնն է, ա­մէն մա­նուկ մա­քուր, ա­նա­րատ եւ ան­բիծ կը ծնի, բայց մին­չեւ պա­տա­նե­կու­թիւն եւ ան­կէ ան­դին՝ ե­րի­տա­սար­դու­թիւն եւ լիա­կա­տար չա­փա­հա­սու­թի՜ւն. ո՜ր­քան կը փո­խուի, ո՜ր­քան ա­ղա­ւաղ­ման կ՚են­թար­կուի ա­նոր թէ՛ մար­մի­նը, թէ՛ հո­գին եւ միտ­քը։

Եւ «ճշմար­տու­թի՛ւն»ն է որ պի­տի ա­զա­տէ այդ ա­ղա­ւա­ղուած մար­դը, ճշմար­տու­թեան շնոր­հիւ ան պի­տի վե­րա­ծուի նախ­կին ե­րա­նե­լի՜ վի­ճա­կին՝ ա­նա­րատ, մա­քուր եւ ան­բի՛ծ։

Երբ մարդ պա­հանջ­քը զգայ իր նախ­նա­կան վի­ճա­կին վե­րա­դառ­նա­լու, պէտք է օ­րի­նակ առ­նէ բնու­թե­նէն՝ այն որ եւս ա­ղա­ւա­ղուած է իր իսկ պատ­ճա­ռով՝ սխալ, մո­լար գոր­ծա­ծու­թեան հե­տե­ւան­քով, ա­յո՛ մարդ՝ ի՛նքն է պատ­ճա­ռը բնու­թեան ա­ղա­ւաղ­ման եւ ու­րեմն պէտք է նախ բնու­թիւ­նը ա­զա­տէ եւ յե­տոյ ինք­զի՛նք։

Դա­րե՜ր, շրջան­ներ մար­գա­րէ­ներ, ա­ռա­քեալ­ներ, բա­նի­մաց եւ փոր­ձա­գէտ մար­դիկ ա­ղա­ղակ բարձ­րա­ցու­ցեր են այս ըն­թաց­քին, բայց մարդ­կու­թիւ­նը չէ հրա­ժա­րած իր յա­մառ ըն­թաց­քէն՝ վնա­սել շա­րու­նա­կած է բնու­թիւ­նը՝0 վնաս պատ­ճա­ռե­լով նաեւ ինքն ի­րեն։

Մարդ­կու­թեան այս յա­մառ կե­ցուած­քը, դժբախ­տա­բար կը գծէ իր մութ եւ խա­ւար «ճա­կա­տա­գիր»ը։ Եւ երբ կը գոր­ծա­ծենք «ճա­կա­տա­գիր» բա­ռը, այս ո՛չ թէ կամ­քէ ան­կախ վի­ճակ, այլ մա­նա­ւանդ կը նշա­նա­կէ նոյն ինքն իր կամ­քով՝ մար­դուն կամ­քով ստեղ­ծուած վի­ճակ։ Պարզ խօս­քով՝ մարդ ինք կը գծէ իր «ճա­կա­տա­գիր»ը։

Պատ­մու­թեան վկա­յու­թիւն­ներ, կեան­քի անձ­նա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ երբ չեն փո­խեր «մարդ էակ»ը, երբ ան կը յա­մա­ռի հետզ­հե­տէ վատ­թա­րաց­նել բնու­թիւ­նը եւ կը նա­խընտ­րէ ա­ղա­ւա­ղուիլ, ա­պա ու­րեմն ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է այս բո­լո­րը վե­րագ­րել իր­մէ ան­կախ «ճա­կա­տա­գիր»ի մը։

Յա­ճախ կը կրկնենք՝ մարդ միշտ կը նա­խընտ­րէ ա­տե­լու­թիւ­նը, փո­խա­նակ սի­րոյ եւ երբ կա՛յ սէ­րը, հա­պա ին­չո՞ւ ա­տե­լու­թիւ­նը…։

Եւ այս նա­խընտ­րու­թիւ­նը կը գծէ մար­դուն ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քը՝ ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն, խռո­վու­թիւն, կռիւ, վէճ, պա­տե­րազմ, ո­րոնց­մէ կը վնա­սուին թէ՛ բնու­թիւ­նը, թէ՛ մարդ­կու­թիւ­նը։ Մար­դուն՝ իր իսկ ստեղ­ծած այս վի­ճա­կին «ճա­կա­տա­գիր» ը­սել կա­րե­լի՞ է, քա­նի որ մարդ իր դժբախ­տու­թիւ­նը, իր թշուա­ռու­թիւ­նը ի՛նք իր ձեռ­քով կը պատ­րաս­տէ՝ յա­մա­ռե­լով բա­րիին դէմ, չգոր­ծադ­րե­լով բա­րին, ինչ որ ի­րեն սոր­վեց­նել աշ­խա­տե­ցան դա­րե­րէ՜ ի վեր, ող­ջա­միտ եւ ձեռն­հաս անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կող­մէ։ Եւ մարդ տա­կա­ւին կը յա­մա­ռի սոր­վիլ «ճշմար­տու­թիւն»ը՝ այն որ պի­տի փրկէ զինք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 24, 2017, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2017