ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ ՄԷՋ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Փա­սա­տի­նա­յի «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» կեդ­րո­նի «Պո­յա­ճեան» սրա­հին մէջ ՀԲԸՄ-ի «Գրի­գոր Սա­թա­մեան» թա­տե­րա­խում­բը հան­դէս ե­կաւ ա­մե­րի­կա­ցի թա­տե­րա­գիր Քեն Լուտ­վի­կի «Թե­նոր մը կ՚ու­զուի» թա­տե­րա­խա­ղով, թարգ­մա­նու­թեամբ եւ բե­մադ­րու­թեամբ Գրի­գոր Սա­թա­մեա­նի: «Թե­նոր մը կ՚ու­զուի» թա­տե­րա­խա­ղը եր­կու ա­րար­նոց կա­տա­կեր­գու­թիւն մըն է, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ 1930-ա­կան թուա­կան­նե­րուն, Օ­հա­յօ նա­հան­գի Քլիվ­լընտ քա­ղա­քին մէջ, ուր Շէյքս­փի­րի «Օ­թել­լօ» ե­րաժշ­տա­կան թատ­րեր­գու­թեան գլխա­ւոր դե­րին հա­մար հրա­ւի­րուած է ի­տա­լա­ցի նշա­նա­ւոր թե­նոր Թի­թօ Մե­րել­լի, որ ներ­կա­յաց­ման օ­րը պան­դոկ կը հաս­նի հի­ւանդ վի­ճա­կի մէջ եւ ան­կա­րող՝ ներ­կա­յաց­ման մաս­նակ­ցե­լու: Ստեղ­ծուած կա­ցու­թիւ­նը փրկե­լու հա­մար օ­փե­րա­յի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը կը ստի­պուին տե­ղա­կան ու­ժե­րէն օ­փե­րա­յի աստղ դառ­նա­լու ձգտում ու­նե­ցող ե­րի­տա­սարդ մը բեմ բարձ­րաց­նե­լու:

Շաբաթ, Յունուար 28, 2017