ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ա­րեւմ­տեան ա­փի մշա­կու­թա­յին ա­մե­նէն սպա­սուած ձեռ­նար­կը՝ «Լոս Ան­ճե­լըս արթ շոու»ն, ո­րուն շրջագ­ծին մէջ աշ­խար­հի շուրջ տաս­նութ եր­կիր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ  ա­ւե­լի քան ինն­սուն պատ­կե­րաս­րահ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին նկար­չու­թեան, քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան, լու­սան­կար­չու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից, նաեւ դա­սա­կան նմոյշ­ներ:

Հե­ղի­նա­կա­ւոր պատ­կե­րաս­րահ­նե­րու հսկայ ցու­ցաս­րա­հին մէջ իր ո­ճով ու գոյ­նե­րով ա­ռանձ­նա­յա­տուկ  էր միակ հայ­կա­կան ցու­ցաս­րա­հի «Ա­րա­րատ» տա­ղա­ւա­րը, որ կը ներ­կա­յաց­նէր Հա­յաս­տա­նի մէջ ստեղ­ծա­գոր­ծող ա­րուես­տա­գէտ­ներ, նկա­րիչ­ներ եւ  քան­դա­կա­գործ­ներ: «Ա­րա­րատ» ցու­ցաս­րա­հի հիմ­նա­դիր-տնօ­րէն Ար­մէն Վա­հա­նեան յայտ­նեց, որ սոյն ցու­ցադ­րու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րէն է քա­ջա­լե­րել ժա­մա­նա­կա­կից հայ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը եւ ա­ռիթ ստեղ­ծել ա­նոնց՝ ներ­կա­յա­նա­լու աշ­խար­հին: Ան նկա­տել տուաւ, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կազ­մա­կեր­պուած է Հա­յաս­տա­նի նկա­րիչ­նե­րու խմբա­յին ցու­ցադ­րու­թիւն մը «Լոս Ան­ճե­լըս արթ շոու»ին մէջ:  Ան յայ­տա­րա­րեց, որ «Ա­րա­րատ»ը շու­տով կ՚ու­նե­նայ հիմ­նա­կան ցու­ցաս­րա­հը «Փե­սի­ֆիք տի­զայն սեն­թըր»ին մէջ:

Բաց աս­տի, հայ­կա­կան տա­ղա­ւա­րին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած էին ութ հայ ա­րուես­տա­գէտ­ներ՝ Տիգ­րան Ձի­թող­ցեան, Վա­հագն Ի­գի­թեան, Տա­րօն Մու­րա­տեան, Վահ­րամ Դաւ­թեան, Գաբ­րիէլ Մա­նու­կեան, Վա­չա­գան Իս­պի­րեան, Այ­վազ Ա­ւո­յեան, Վա­րու­ժան Վար­դա­նեան:

Շաբաթ, Յունուար 28, 2017