ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ԲԱՑՈՒՄ

Մատ­րի­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ա­նուան հայ­կա­կան կի­րակ­նօ­րեայ դպրո­ցի բա­ցու­մը:

Դպրո­ցի բա­ցու­մով Սպա­նիոյ մէջ ապ­րող հայ մա­նուկ­նե­րը այ­սու­հե­տեւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան պահ­պա­նե­լու հայ խօս­քը եւ ծա­նօ­թա­նա­լու հայ մշա­կոյ­թին ու պատ­մու­թեան: Դպրո­ցի ու­սու­ցիչ­նե­րը յայտ­նե­ցին, որ դպրո­ցի բաց­ման հիմ­նա­կան նպա­տակն է օ­տա­րու­թեան մէջ ապ­րող հայ մա­նու­կը դարձ­նել տա­ռա­ճա­նաչ, որ­պէս­զի չմոռ­նայ իր ար­մատ­նե­րը, լե­զուն ու գի­րը: Հա­յոց լե­զուի դա­սե­րու կող­քին, դպրո­ցին մէջ պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին ե­րաժշ­տու­թեան, նկար­չու­թեան, ազ­գա­յին ա­ւան­դա­կան պա­րի, հա­յոց պատ­մու­թեան ու Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան դա­սեր:

Բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ու­սու­ցիչ­նե­րը ի­րենց սա­նե­րուն եւ ծնող­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին դպրո­ցի գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան սկզբունք­ներն ու դրոյթ­նե­րը՝ հաս­տա­տե­լով, որ ի­րենց կա­րե­լին պի­տի ը­նեն դա­սե­րը հե­տաքրք­րա­կան եւ ար­դիւ­նա­ւէտ դարձ­նե­լու հա­մար: Ա­նոնք նաեւ նկա­տել տուին, որ կը նա­խա­տե­սուի կազ­մա­կեր­պել տար­բեր ձեռ­նարկ­ներ, հան­դի­պում-զրոյց­ներ, շրջա­գա­յու­թիւն­ներ՝ դպրո­ցի սա­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տրա­մադ­րած է գիր­քեր, դա­սա­գիր­քեր, իսկ դպրո­ցի բաց­ման ի­րա­գործ­ման մէջ մեծ ներդ­րում ու­նին Սպա­նիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւ­նը եւ Մատ­րի­տի Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին:

Շաբաթ, Յունուար 28, 2017