ՆՈՐ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մէջ, ե­րէկ տեղի ունեցաւ ներկայացման պաշտօնական արարողութիւնը եւ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուե­ցաւ «Հայ­կա­կան բա­նա­կի կազ­մա­ւոր­ման 25-ա­մեա­կը» նիւթին նուի­րուած եր­կու նա­մա­կա­նիշ:

Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու, կա­պի եւ տե­ղե­կա­տուա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րու նա­խա­րա­րու­թե­նէն կը յայտ­նեն, որ պաշտօնական արարողութեան մաս­նակ­ցած են Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու, կա­պի եւ տե­ղե­կա­տուա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րու նա­խա­րար Վա­հան Մար­տի­րո­սեան, Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան, «Հայ­փոստ Թրասթ Մե­նեճ­մընթ» ըն­կե­րու­թեան գլխա­ւոր տնօ­րէն Խուան Փապ­լօ Կե­չիճեան եւ Երկ­րորդ աս­տի­ճա­նի Մար­տա­կան խա­չի աս­պետ, շար­քա­յին զի­նուո­րա­կան Նա­րեկ Մալ­խա­սեան:

Նա­մա­կա­նիշ­նե­րէն մէ­կուն վրայ պատ­կե­րուած են Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու զօր­քե­րու ո­րոշ տե­սակ­նե­րը եւ Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու զի­նան­շա­նը: Երկ­րորդ նա­մա­կա­նի­շին վրայ պատ­կե­րուած է հայ զինուոր­նե­րու շար­քը՝ ծա­ծա­նուող Հա­յաս­տա­նի ե­ռա­գոյն դրօ­շի եւ Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու զի­նան­շա­նի հա­մադ­րու­թեամբ: Նա­մա­կա­նիշ­նե­րուն չա­փերն են 40.0x30.0 մմ.: Ձե­ւա­ւոր­ման հե­ղի­նա­կը Վա­հագն Մկրտչեանն է: Տպագ­րուած  են Ֆրան­սա­յի «Կար­տոր» տպագ­րա­տան մէջ՝ եր­կու նա­մա­կա­նի­շէն ալ 40 հա­զա­րա­կան տպա­քա­նա­կով:

Շաբաթ, Յունուար 28, 2017