ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ 78 ՏԱՐԵԿԱՆ

Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան ար­տիստ, Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի ար­ուես­տի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ, հայ ա­նուա­նի ե­րաժշ­տա­հան Տիգ­րան Ման­սուր­եա­ն Յու­նուա­րի 27-ին դար­ձաւ 78 տա­րե­կան:

Ա­նոր տա­րե­դար­ձի կա­պակ­ցու­թեամբ Մեծն Բրի­տա­նիոյ մէջ հա­մերգ­ներ կազ­մա­կերպ­ուած են: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ՝ հա­մեր­գա­յին ծրագ­րե­րը կ՚ի­րա­կա­նաց­ուին Լոն­տո­նի Guildhall School of Music and Dra­ma-ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Տիգ­րան Ման­սուր­եա­նի լաւ բա­րե­կամ, հան­րա­յայտ ջու­թա­կա­հար Լե­ւոն Չի­լին­կիր­եա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ Լոն­տո­նի «Հայ հիմ­նար­կի» ա­ջակ­ցու­թեամբ:

Այս­պէս, Յուն­ուա­րի 26-ի ե­րե­կո­յեան, տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին հա­մեր­գը, ո­րու ըն­թաց­քին հըն-չեց Ման­սուր­եա­նի՝ Լե­ւոն Չի­լին­կիր­եա­նին նուիր­ուած «Ջու­թա­կի քոն­չեր­թօ N2- Չորս խո­հա­կան երգ» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը․ մե­նա­կա­տա­րը Լե­ւոն Չի­լին­կիր­եանն էր։ Մեծն Բրի­տա­նիոյ մէջ ան կը կա­տար­ուէր ա­ռա­ջին ան­գամ։ Հա­մեր­գը տե­ղի ու­նե­ցաւ տե­ղւոյն Milton Court հա­մալ­սա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ։ Ներ­կա­յաց­ուե­ցան նաեւ Եա­նա­չե­քի Լա­րա­յին նուա­գա­խում­բի սի­ւիթն ու Պեթ­հո­վէ­նի հա­մար 14, երկ 131 լա­րա­յին քուար­թէ­թը (նուա­գախմ­բա­յին կա­տա­րում): Յուն­ուա­րի 27-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ երկ­րորդ հա­մեր­գը, ո­րու ըն­թաց­քին հնչեց Պեթ­հո­վէ­նի եւ Տիգրան Ման­սուր­եա­նի այլ գոր­ծեր։

Ա­կա­նա­ւոր յօ­րի­նող Տիգ­րան Ման­սու­րեա­ն ծ­նած է 1939 թուա­կա­նի Յուն­ուա­րի 27-ին, Պէյ­րու­թի մէջ: 1940-ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն ըն­տա­նի­քով ներ­գաղ­թած է Հա­յաս­տան: Ման­սուր­եա­ն ե­րաժշ­տու­թիւն ու­սա­նած է 1956-1960 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ Եր­ե­ւա­նի Ռո­մա­նոս Մե­լիք­եա­նի ան­ուան ե­րաժշ­տա­կան ու­սում­նա­րա­նին մէջ (Ե­դուարդ Պաղ­տա­սար­եա­նի դա­սա­րան), ա­պա 1960-1965 թուա­կան­նե­րուն՝ Եր­ե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի անուան պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցէն ներս՝ Ղա­զա­րոս Սար­եա­նի դա­սա­րա­նին մէջ, ո­րու ղե­կա­վա­րու­թեամբ ա­ւար­տած է աս­պի­րան­տու­րան։ Ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րուն գրած է տար­բեր ժան­րի եր­կեր, ար­ժա­նա­ցած՝ մրցա­նակ­նե­րու։ Ե­րաժշ­տա­նո­ցի մէջ դա­սա­ւան­դած է ժա­մա­նա­կա­կից ե­րաժշ­տու­թիւն: 1986 թուա­կա­նին Ման­սուր­եա­նին շնորհ­ուած է ե­րաժշ­տու­թեան փրո­ֆե­սէօ­րի կո­չում։ 1992-1995 թուա­կան­նե­րուն ե­ղած է ե­րաժշ­տա­նո­ցի վե­րա­տե­սու­չը։

Ման­սուր­եա­ն ժա­մա­նա­կա­կից ե­րաժշ­տու­թեան ռահ­վի­րա­նե­րէն մէկն է եւ ա­ռա­ջի­նը, որ հա­մա­ձու­լած է ժա­մա­նա­կա­կից հնար­ներ. ինչ­պէս՝ նէօք­լա­սիզմ, տո­տէ­քա­ֆո­նիզմ, վե­պեռ­նիզմ, ու ներ­մու­ծած է Հա­յաս­տան։ Ման­սու­րեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ կ՚ըն­դու­նուին Լոն­տո­նի, Փա­րի­զի, Հռո­մի, Մի­լա­նո­յի, Վիեն­նա­յի, Մոսկ­ուա­յի, Վար­շա­ւիոյ, Նիւ Եոր­քի, Լոս Ան­ճե­լը­սի եւ հա­մաշ­խար­հա­յին ե­րաժշ­տա­կան այլ կեդ­րոն­նե­րու մէջ։

Տիգ­րան Ման­սուր­եա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը հայ­կա­կան ե­րաժշ­տար­ուես­տի եւ ժո­ղովր­դա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րու հե­տաքր­քիր միահ­իւ­սու­թիւն են՝ ի­րենց լու­սա­պայ­ծառ, ար­տա­յայ­տիչ մե­ղե­դի­նե­րով եւ տ­­պա­ւո­րա­պաշտ, բարձ­րա­ճա­շակ ու ըն­տիր հնչե­րանգ­նե­րով։ Գրած է «Ձիւ­նէ թա­գու­հին» (ըստ Հանս Քրիս­տիան Ան­տեր­սը­նի, 1988, բե­մադ­րու­թիւն՝ 1990) պա­լէն, սիմ­ֆո­նիք եր­կեր՝ «Պար­տիտ» (1965), «Փրել­իւտ­ներ» (1975), «Գի­շե­րա­յին ե­րաժշ­տու­թիւն» (1980), քոն­չեր­թո­ներ՝ թաւ­ջու­թա­կի եւ ն­­ուա­գա­խում­բի (1976, 1981, 1983), եր­գե­հո­նի եւ լա­րա­յին նուա­գա­խում­բի (1964), ջու­թա­կի եւ լա­րա­յին նուա­գա­խում­բի (1981), ալ­թի եւ կա­մե­րա­յին նուա­գա­խում­բի (1995), «Ար­ուեստ քեր­թու­թեան» երգ­չա­խում­բի (խօսք՝ Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցի, 1997-1999) հա­մար, կա­մե­րա­յին եր­կեր՝ «Թո­վեմ» (15 մե­նա­կա­տա­րի հա­մար, 1979), լա­րա­յին քուար­թէթ­ներ, 5 պա­կա­տել դաշ­նա­մու­րա­յին թրիո­յի հա­մար (1985), սո­նաթ­ներ, վո­քալ-կա­մե­րա­յին մատ­րի­կալ­նե­րու շարք (ձայ­նի եւ թրիո­յի հա­մար), «Հա­ւա­տով խոս­տո­վա­նիմ» (ձայ­նի, ալ­թի եւ տ­­ղա­մարդ­կանց երգ­չա­խում­բի հա­մար, ըստ Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի, 1999), վո­քալ շար­քեր՝ «4 հայ­րէն Նա­հա­պետ Քու­չա­կէն» (1967), «Մայ­րա­մու­տի եր­գեր» (Հ. Սահ­եա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ) եւ այլ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ:

Անհ­նար է պատ­կե­րաց­նել հայ­կա­կան շար­ժա­պատ­կեր­նե­րը ա­ռանց Ման­սուր­եա­նի ե­րաժշ­տու­թեան: Եր­գա­հա­նի շար­ժան­կա­րի ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կ՚ա­ռանձ­նա­նայ մե­ղե­դայ­նու­թեամբ, քնա­րա­կա­նու­թեամբ եւ մե­ծա­պէս կը նպաս­տէ ժա­պա­ւէ­նի գե­ղար­ուես­տա­կան նկա­րագ­րի ամ­բող­ջաց­մա­ն։

­Ման­սուր­եա­ն յա­ճախ կը նշէ, որ ե­րաժշ­տու­թեան մէջ եր­կու եր­եւոյթ­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն կայ՝ ձայ­նի եւ լ­­ռու­թեան: «Ո՞րն է ա­ւե­լի հա­րուստ, ո՞րն է ա­ւե­լի յա­գե­ցած, ո­րո՞ւ մէջ ա­ւե­լի խոր­հուրդ կայ: Իմ կար­ծի­քով, հա­րուս­տը լռու­թիւնն է: Երբ ես կ՚անց­նիմ սահ­մա­նը՝ չգրե­լէ գրե­լու, իմ զգա­ցու­մը այն է, թէ յան­ցանք գոր­ծած եմ, որ կոսն­ցու­ցած եմ այդ­քան ժա­մա­նա­կը: Երբ չեմ գրեր, զիս կը խեղ­դէ ու­նայ­նու­թեան զգա­ցու­մը: Ե­րաժշ­տու­թիւն գրե­լը ին­ծի հա­մար գործ չէ, ինք­նար­տա­յայտ­ման մի­ջոց ալ չէ: Ես եմ: Ես կ՚ապ­րիմ… Իմ ի­մա­ցած ճշմար­տու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու հա­մար պատ­րաստ եմ ըլ­լալ յա­մառ: Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է բաց ճա­կա­տով լեռ­նե­րու կա­տար­նե­րը նա­յիլ, որ մէջդ երգ յղա­նայ, երբ քու շուր­թե­րուն թռիչ­քի ան­կա­րող, ներ­քին կրա­կէն զուրկ յան­գա­բա­նու­թիւն կայ եւ ոչ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն: Ա­ռանց մո­լեգ­նու­թեան ոչ մէկ բան կը ծնի…», կ՚ը­սէ Տիգ­րան Ման­սու­րեան:

Շաբաթ, Յունուար 28, 2017