ՏՈՒՊԱՅԻԻ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ ԱՄԵՆԱԳԵՂԵՑԻԿ ՓԱՐՈՍԸ

Շուայտ ապ­րե­լա­կեր­պի խորհր­դա­նիշ հա­մա­րուող Տու­պա­յիի մէջ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի հեր­թա­կան յա­ւակ­նոտ նա­խա­գիծ մը, ո­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս կը կա­ռու­ցուի տա­րած­քաշր­ջա­նի խո­շո­րա­գոյն զբօ­սա­նա­ւե­րու նա­ւա­հան­գիս­տը, ինչ­պէս նաեւ ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ փա­րոս­նե­րէն մէ­կը:

Նա­ւա­հան­գիս­տը նա­խա­տե­սուած է հա­զար չորս հա­րիւր զբօ­սա­նա­ւու հա­մար: Մինչ ա­նոր կից փա­րո­սին մէջ կը գտնուի շքեղ պան­դոկ մը, ինչ­պէս նաեւ ըն­դար­ձակ դի­տա­հար­թակ:

Յայտ­նի է, որ զբօ­սա­նա­ւե­րու նա­ւա­հան­գիստն ու փա­րո­սը կը կա­ռու­ցուին Ճու­մե­րիահ Պիչ Ռե­զի­տանս եւ Փալմ Ճու­մե­րիա թա­ղա­մա­սե­րու մէջ­տե­ղը:

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2017