ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Չե­խիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փրա­կի մէջ Փետ­րո­ւա­րին կ ­բա­ցո­ւի Body The Exhibition ցու­ցադ­րու­թիւ­նը, որ նուի­րուած է մարդ­կա­յին մարմ­նին: Ցու­ցա­հան­դէ­սը կը նե­րառ­նէ քսան մար­մին եւ մարդ­կա­յին մարմ­նի մա­սե­րէն ստեղ­ծուած ե­րեք հա­րիւր ցու­ցան­մոյշ: Ցու­ցադ­րու­թիւ­նը կը ներ­կա­յա­ցուի տաս­ներ­կու սրահ­նե­րու մէջ, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րէն ներս կը խօ­սուի մարդ­կա­յին մարմ­նի աշ­խա­տան­քի մա­սին: Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը կը խոս­տա­նան նաեւ փո­խազ­դե­ցու­թեան հա­տուած ներ­կա­յաց­նել:

Այս ցուցադրութեան ընթացքին այ­ցե­լու­նե­րը կրնան մարդ­կա­յին մար­մի­նը դի­տար­կել տար­բեր ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ, ինչ­պէս նաեւ հա­մե­մա­տել ա­ռողջ եւ հի­ւանդ գոր­ծա­րան­նե­րու տես­քը. օ­րի­նակ՝ քաղց­կե­ղէ ախ­տա­ւո­րուած լեար­դի կամ քա­րե­րով լի ե­րի­կամ­նե­րու: Բո­լոր սրահ­նե­րու մէջ ներ­կայ կը գտնուին բժիշկ­ներ, ո­րոնք գի­տա­կան տե­ղե­կու­թիւն կը հա­ղոր­դեն եւ կը պա­տաս­խա­նեն այ­ցե­լու­նե­րու հար­ցում­նե­րուն:

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2017