21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԶԳԵՍՏՈՎ
Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ԹՈՒՄՕ-ի եւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան միացեալ ծրագրի առաջին գործնական հանդիպումը:
Այս համագործակցութիւնը հայկական բանակի զինուորներուն կարելիութիւն պիտի տայ ծառայութեան ընթացքին ուսանելու ԹՈՒՄՕ-ի կրթական ծրագրով: Զինուորները ձեռք պիտի ձգեն հմտութիւններ համակարգչային ծրագրաւորման, մարդամեքենայի շինութեան, համակարգչային ձեւաւորման եւ թուային երաժշտութեան ստեղծման ոլորտներուն մէջ՝ այցելելով կեդրոններ շաբաթը երկու օր, տասնութ ամիսներու ընթացքին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ծրագրի իրականացման մանրամասնութիւնները եւ ընտրուած նախագծի սկսման օրը` Փետրուար 20-ը: Ծրագրի օդաչուներու տարբերակը պիտի սկսի ԹՈՒՄՕ կեդրոններուն մօտակայքը գտնուող զօրամասերու զինուորներուն համար եւ սկզբնական տարբերակով պիտի տեւէ ութ ամիս: Ծրագիրը յարմարեցուած պիտի ըլլայ տարբեր կրթական աստիճանի եւ մասնագիտական կողմնորոշման զինուորներուն համար: Նախատեսուած է յառաջիկայ տարիներուն ծրագիրը ընդարձակել եւ հասանելի դարձնել Հայաստանի բոլոր ժամկէտային զինուորներուն համար:
«Բանակի մէջ ծառայելը յաճախ դադար կ՚ենթադրէ երիտասարդ տղամարդու մասնագիտական աճի ճանապարհին՝ դպրոցը աւարտելէ ետք համալսարանական կրթութեան կամ աշխատանքի անցնելու փուլին: Սակայն բանակային պայմանները երիտասարդներուն համար նաեւ իւրայատուկ կրթական միջավայր կը ստեղծեն, ուր նուիրուած ծառայութեան եւ շեղող հանգամանքներու բացակայութեան պայմանները կրնան ուսումը յատկապէս արդիւնաւէտ դարձնել: ԹՈՒՄՕ-ի ճկուն եւ կիրառական կրթական ծրագրի առաքելութիւնն է լրացնել բացայայտ կրթութիւնը: Ստեղծարարութիւն զարգացնող եւ արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ վարպետութիւն ձեռք բերելու խտացեալ դասընթացքներ առաջարկելով՝ մենք յոյսով ենք, որ կը նպաստենք բանակին մէջ ծառայող հայ երիտասարդներուն մրցունակութեան բարձրացման թէ՛ ծառայութեան ընթացքին եւ թէ զօրացուելէ ետք: ԹՈՒՄՕ-ի ծրագիրը կ՚օգնէ բացայայտելու երիտասարդներուն ներուժը, որոնք այլ պարագայի չէին կրնար ունենալ կարելիութիւն գտնելու եւ զարգացնելու իրենց հետաքրքրութիւնները՝ բացայայտ կրթական համակարգէն դուրս», ըսած է ԹՈՒՄՕ-ի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան ու շարունակեց. «Մենք շատ ուրախ ենք, որ կարելիութիւն ունինք ԹՈՒՄՕ-ի ուսումնական ծրագիրը հասցնելու այս երիտասարդներուն: Այն ուսանողները, որոնք ԹՈՒՄՕ յաճախած են նախքան զինուորական ծառայութիւնը, կրնան շարունակել իրենց ԹՈՒՄՕ փորձառութիւնը՝ միաժամանակ ծառայելով առաջնագծի վրայ: Իսկ ինչ որ աւելի կարեւոր է, այն է, թէ զինուորական ծառայողները, որոնք նախապէս կարելիութիւն չեն ունեցած ԹՈՒՄՕ-ի ուսանողներ դառնալու, այժմ կրնան ձեռք բերել 21-րդ դարու հմտութիւններ, բացայայտել նոր հորիզոններ՝ իրենց անձերը զարգացնելով: Համոզուած եմ, որ անոնցմէ շատերը նոր ոգեշնչում կը գտնեն քաղաքացիական կեանքին մէջ իրենց ապագայ կրթութեան եւ ասպարէզի կառուցման համար»: