ԱՌՆՕ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ
Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 95-ամեակին նուիրուած համերգը վերջերս կայացաւ Երեւանի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ: Համերգը կը կրէր «Սիրուած երգեր» խորագիրը։
Առնօ Բաբաջանեանի յիշատակին նուիրուած միջազգային հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Սարգսեանց «Արմէնփրէս» գործակալութեան թղթակցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ անձամբ չէ ճանչցած Առնօ Բաբաջանեանը։ Ան արդէն աւելի քան տասն տարիէ ի վեր կ՚աշխատի յօրինողի որդիին՝ Արա Բաբաջանեանի հետ, որ հիմնադրամի նախագահն է։ «Ինծի համար շատ մեծ պատիւ է աշխատիլ այս հիմնադրամին մէջ, իմ կեանքը արդէն տասն տարիէ ի վեր կապուած է այս կառոյցի հետ։ Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծած երգն ու երաժշտութիւնը անմահ է եւ ան ապրելու է դեռ հարիւրամեակներ» ըսած է արմէն Սարգսեանց։
Նուագախումբի երաժիշտներէն մէկը, ջութակահար Եանա Դարեանն ալ իր հերթին ըսաւ. «Շատ կարեւոր համերգ մըն է, քանի որ մեր մեծ յօրինողը, երաժիշտ Առնօ Բաբաջանեանի 95-ամեակին նուիրուած է։ Ան ունի սիմֆոնիկ ստեղծագործութիւններ, բայց իր երգերն են, որ ամբողջ աշխարհով մէկ զայն չանաճելի դարձուցին։ Մեր մեծերը մենք պէտք է միշտ յիշենք, ինչպէս նաեւ պարծենանք, քանի որ մեր սիրելի յօրինողի երգերը կը հնչեն ամէնուր»։
Համերգի ընթացքին Առնօ Բաբաջանեանի երգերը կատարեցին հայ յայտնի երգիչներ, ինչպէս նաեւ յատուկ հրաւիրուած հիւր Ռուսաստանի օփերայի եւ պալէի պետական ակադեմական թատրոնի (Մեծ Թատրոնի) մեներգիչ Արսէն Սողոմոնեան։
Առնօ Բաբաջանեանի յիշատակին նուիրուած համերգին ներկայ էր Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան:
Հայ երգահան եւ դաշնակահար, Խորհրդային Միութեան եւ Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արտիստ Առնօ Բաբաջանեան ծնած է 1921 թուականի Յունուարի 22-ին։
Պետական մրցանակներու դափնեկիր Առնօ Բաբաջանեան հայկական երաժշտարուեստի ամենաինքնատիպ դէմքերէն է, երգի նշանաւոր վարպետ: Առնօ Բաբաջանեան 1929 թուականին ընդունուած է Երևանի երաժշտանոցին կից երաժշտական դպրոցը: 1947 թուականին աւարտած է նոյն երաժշտանոցի ստեղծագործական, 1948 թուականինին՝ Մոսկուայի երաժշտանոցի դաշնամուրի բաժինները: 1946-1948 թուականներուն միաժամանակ կատարելագործուած է Մոսկուայի Հայ մշակոյթի տան երաժշտական սթիւտիոյին մէջ: 1950-1956 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի երաժշտանոցին մէջ: Ան որպէս դաշնակահար՝ հռչակ վայելած է յատկապէս իր ստեղծագործութիւններու կատարմամբ: Անոր ստեղծագործական ոճը ձեւաւորուած է հանրայայտ յօրինողներ Արամ Խաչատրեանի եւ Սէրկէյ Ռախմանինովի ազդեցութեամբ: Ան առաւել արտայայտուած է անոր առաջին երկու գործերուն մէջ՝ դաշնամուրի եւ ջութակի քոչերթոներուն մէջ: Սակայն Բաբաջանեանի ստեղծագործական անհատականութիւնը դրսեւորուած է յատկապէս դաշնամուրի եւ նուագախումբի համար գրած «Հերոսական պալլատ»ին, ապա՝ դաշնամուրային թիոյին մէջ: Բաբաջանեանի ինքնատիպ ոճը դրսեւորուած է նաեւ ջութակի ու դաշնամուրի սոնաթի, թաւջութակի քոնչերթոյի մէջ: Անոր «Վաղարշապատի պար», «Փրելիւտ» եւ «Էքսպրոմտ» գործերը արժանացած են բարձր գնահատականի: Մեծ ժողովրդականութիւն վայելած են «Էլեգիա», «Հայկական ռապսոդիա» (համահեղինակ՝ Ալեքսանդր Յարութիւնեան), «Նոկտիւռն» երկերը: Նորարարական առանձնայատկութիւններով օժտուած են «Պոլիֆոնիկ սոնաթ»ը, յատկապէս՝ «Վեց պատկեր»ը: Բաբաջանեանի դ 3 քուարթէթը նուիրուած է Տիմիթրի Շոստակովիչի յիշատակին: Յօրինողի բացառիկ տաղանդը խոր զգացմունքայնութեամբ դրսեւորուած է նաեւ անոր երգերուն մէջ: Հանրայայտ են Բաբաջանեանի «Երկրագնդի լաւագոյն քաղաքը», «Կամուրջներ», «Գուշակիր ցանկութիւնս», «Մի շտապիր» եւ այլ երգեր, որոնք կատարուած են Խորհրդային Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ: Գրած է նաեւ երաժշտութիւն թատրոնի («Իմ սիրտը լեռներում է») եւ հայկական շարժապատկերներու համար՝ «Հասցէատիրոջ որոնումները» (1955 թ.), «Ամպրոպի արահետով» (1956 թ.), «Առաջին սիրոյ երգը» (1958 թ., համահեղինակ՝ Ղազարոս Սարեան), «Հարսնացուն հիւսիսից» (1975 թ.), «Բաղդասարը բաժանւում է կնոջից» (1976 թ.), «Երջանկութեան մեխանիկան» (1982 թ.) եւ այլն:
Առնօ Բաբաջանեան Երեւանի մէջ մահացած է 1983 թուականին։ 1991 թուականին՝ Մոսկուայի, 1996 թուականին Երեւանի մէջ ստեղծուած են «Առնօ Բաբաջանեան» հիմնադրամները:
Երեւանի մէջ Բաբաջանեանի անունով կոչուած են Հայֆիլհարմոնիայի փոքր դահլիճը, փողոց, երաժշտական ուսումնարան, 2003 թուականին կանգնեցուած է յուշարձանը, որ գործն է քանդակագործ Դաւիթ Բեջանեանի: