ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Վիեն­նա­յի մէջ։ Այս­պէս, ան տե­սակ­ցե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Աւստ­րիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սե­պաս­տիան Քուր­ցի հետ։ Աւստ­րիա ներ­կա­յիս ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահն է ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ՝ հիւ­րըն­կալ եր­կի­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Սե­պաս­տիան Քուրց քննար­կե­ցին հայ-աւստ­րիա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան օ­րա­կար­գի շարք մը հար­ցեր ու բարձր գնա­հա­տե­ցին երկ­կող­մա­նի մա­կար­դա­կի վրայ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման ըն­թաց­քը։ Ա­նոնք խորհր­դան­շա­կան հա­մա­րե­ցին, որ ի­րենց հան­դի­պու­մը կը զու­գա­դի­պի Ե­րե­ւա­նի եւ Վիեն­նա­յի մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նի օ­րե­րուն։ Նա­խա­րար­նե­րը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­ցին այդ ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծէն ներս զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րու մէջ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան աշ­խոյժ զար­գաց­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։

Զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձան ԵԱՀԿ-ի գոր­ծու­նէու­թեան զա­նա­զան ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու։ Նալ­պան­տեան եւ Քուրց բարձր գնա­հա­տե­ցին ԵԱՀԿ-ի Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ա­նոնք կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման կա­րե­ւո­րու­թեան շուրջ։

Նալ­պան­տեան Վիեն­նա­յի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Լամ­պեր­թօ Զա­նիէ­րիի հետ։ Զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձան ԵԱՀԿ-ի գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ շարք մը հար­ցե­րուն։ Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին վե­րա­բե­րեալ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ջան­քե­րը։ Եր­կուս­տեք բարձր գնա­հա­տե­լով ԵԱՀԿ-ի Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ զրու­ցա­կից­նե­րը ընդգ­ծե­ցին, որ այդ մէ­կը Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս ԵԱՀԿ-ի միակ գրա­սե­նեակն է ու կա­րե­ւո­րե­ցին ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Միւս կող­մէ, ԵԱՀԿ-ի Վիեն­նա­յի կեդ­րո­նա­կա­յա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ կազ­մա­կեր­պու­թեան Մշտա­կան խոր­հուր­դին ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կի գոր­ծու­նէու­թեան ժամ­կէ­տի եր­կա­րաձգ­ման հար­ցը։ Շրջա­նա­յին նա­խա­գահ Աւստ­րիոյ մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Քլե­մենս Քո­յա, որ ներ­կա­յիս կը գլխա­ւո­րէ մշտա­կան խոր­հուր­դը, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նի՝ բա­ցա­ռիկ շի­նիչ դիր­քո­րոշ­ման հա­մար։ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ շարք մը եր­կիր­նե­րու պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րը. օ­րի­նակ՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Ռու­սաս­տան, Գա­նա­տա, Զուի­ցե­րիա, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րո­միու­թիւ­նը, ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կի գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։

Ատր­պէյ­ճան այս ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին յայտ­նուե­ցաւ մե­կու­սաց­ման մէջ։ Ար­դա­րեւ, Պա­քու կը ջա­նայ ա­պա­հո­վել, որ ԵԱՀԿ-ի Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կի գոր­ծու­նէու­թեան ժամ­կէ­տը չեր­կա­րաձ­գուի։ Կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ 56 եր­կիր­ներ կողմ­նա­կից են ԵԱՀԿ-ի Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կի գոր­ծու­նէու­թեան ժամ­կէ­տի եր­կա­րաձգ­ման։ Այդ 56 եր­կիր­նե­րուն դէմ Ատր­պէյ­ճան ա­ռան­ձինն դէմ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կի պա­րա­գա­յին։

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2017