ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նեալ ու­ժե­րու կազ­մա­ւոր­ման 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը շա­բա­թա­վեր­ջին մեծ շու­քով նշուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հա­յոց բա­նա­կի այս յատ­կան­շա­կան յո­բե­լեա­նի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նի­ներն ու զի­նեալ ու­ժե­րու բարձ­րա­գոյն հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը։

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան, ինչ­պէս նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այ­ցե­լե­ցին Ե­ռաբ­լու­րի նա­հա­տա­կաց պան­թէո­նը, ուր զե­տե­ղե­ցին ծա­ղիկ­ներ եւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ա­ղօթք ար­տաս­նեց նա­հա­տակ­նե­րու հոգ­ւոյն խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։

Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ նոյն առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Սերժ Սարգ­սեան պար­գե­ւատ­րեց բա­նա­կի կազ­մա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ դեր ստանձնած բարձ­րաս­տի­ճան զինուո­րա­կան­ներ, ինչ­պէս նաեւ երկ­րի սահ­ման­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ուղ­ղու­թեամբ հե­րո­սու­թիւն ցու­ցա­բե­րած այլ զի­նուոր­ներ։ Յետ մա­հու պար­գե­ւատ­րուած նա­հա­տակ­ներու մե­տայլ­ներն ալ յանձ­նուե­ցան ի­րենց ծնող­նե­րուն։ Պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ը­սաւ. «Բազ­միցս շեշ­տած եմ, որ ռազ­մա­կան ո­րե­ւէ գոր­ծո­ղու­թիւն, ա­ռա­ւել եւս նոր պա­տե­րազմ մը չի կրնար ա­պա­հո­վել Ար­ցա­խի խնդրի լու­ծու­մը։ Ա­ւե­լի՛ն, նոր պա­տե­րազ­մը պի­տի դառ­նայ ա­ռանց այդ ալ բարդ խնդրի նոր, ծանր բաղ­կա­ցու­ցիչ եւ ոչ խնդրի լու­ծում»։­

Ե­րե­ւեա­նի Օ­փե­րա­յէն ներս ալ այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւն մը։

Միւս կող­մէ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ե­րէկ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ նշուե­ցաւ Հա­յոց բա­նա­կի 25-ա­մեա­կը։ Մայր տա­ճա­րէն ներս գո­հա­բա­նական Ս. Պա­տա­րագ մա­տու­ցուե­ցաւ այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ։ Հան­դի­սա­ւո­րա­պէս ըն­թերցուե­ցաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի սրբա­տառ կոն­դա­կը, որ ձօ­նուած էր Հա­յոց բա­նա­կի 25-ա­մեա­կին։ Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի տե­ղի ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք՝ երկ­րի խա­ղա­ղու­թեան եւ ան­սա­սա­նու­թեան հա­մար։

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2017