ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Թեհ­րան, ուր կը տե­սակ­ցի Ի­րա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Հիւ­սէ­յին Տեհ­քա­նի հետ։ Այ­ցե­լու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տակն է՝ շա­րու­նա­կել եր­կու հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ պաշտ­պա­նու­թեան ո­լոր­տի խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գան նաեւ երկ­կող­մա­նի եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։

Դէ­պի Թեհ­րան ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­դա­ռաջ, Վի­գէն Սարգ­սեան շա­բա­թա­վեր­ջին հիւ­րըն­կա­լեց Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­րար Ռուս­լան Ցա­լի­քո­վը, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Հա­յոց բա­նա­կի կազ­մա­ւոր­ման 25-ա­մեա­կին ձօ­նուած յո­բե­լե­նա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն։ Հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­րար Դա­ւիթ Տօ­նո­յեան։ Ըստ պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն, Վի­գէն Սարգ­սեան եւ Ռուս­լան Ցա­լի­քով քննար­կե­ցին երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան օ­րա­կար­գի ըն­թա­ցիկ հար­ցե­րուն ամ­բողջ ծա­ւա­լը՝ ռազ­մա­կան ու ռազ­մա­թեք­նիկ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով, նաեւ նա­խան­շե­ցին հե­ռան­կա­րա­յին քայ­լե­րը։

Հա­յաս­տան գտնուե­լուն շար­ժա­ռի­թով Ռուս­լան Ցա­լի­քով այ­ցե­լած էր նաեւ Կիւմ­րիի մէջ տե­ղա­կա­յուած ռու­սա­կան ռազ­մա­խա­րիս­խը։ Հե­տե­ւա­բար, Վի­գէն Սարգ­սեա­նի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ան բազ­մա­կող­մա­նի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց՝ իր թարմ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ­ուն լոյ­սին տակ։ Իր կար­գին, Սարգ­սեանն ալ մատ­նան­շեց, որ թէ՛ հայ-ռու­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ թէ ռու­սա­կան այդ ռազ­մա­խա­րիս­խը կա­րե­ւոր գոր­ծօն­ներ են՝ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան ա­պա­հով­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­ցին նաեւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի առ­կայ կա­ցու­թեան։ Վի­գէն Սարգ­սեան մատ­նան­շեց, որ հայ­կա­կան կող­մը պատ­րաստ է՝ շա­րու­նա­կել մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը դէ­պի Սու­րիա։ Շու­տով պատ­րաստ պի­տի ըլ­լայ Սու­րիա ու­ղար­կուե­լիք մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան հեր­թա­կան խմբա­քա­նա­կը։

Միւս կող­մէ, «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու յո­բե­լեա­նին առ­թիւ Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ալ Վի­գէն Սարգ­սեան անդ­րա­դար­ձաւ Ռու­սաս­տա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ Իր խօս­քե­րով, ռու­սա­կան սպա­ռա­զի­նու­թիւ­նը չի կրնար դի­մագ­րա­ւել հայ­կա­կան բա­նա­կի ար­դի զի­նա­տե­սակ­նե­րու ամ­բողջ կա­րի­քը։ Ե­րե­ւան այս ուղ­ղու­թեամբ շփման մէջ է զա­նա­զան մի­ջազ­գա­յին գոր­ծըն­կեր­նե­րու հետ, նա­խա­րա­րը նպա­տա­կա­յար­մար չնկա­տաց ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լը։

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2017