ԱՂՕՏ ՊԱՏԿԵՐ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

Բա­ւա­կան ա­րագ, յա­ճախ անս­պա­սե­լի յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կը հնչեն Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան թա­տե­րա­բե­մին վրայ:

Խնդի­րը այն է, որ եր­կի­րը կը պատ­րաս­տուի յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լին կա­յա­նա­լիք ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն:

Քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ առ­կայ բո­լոր ու­ժե­րը կը պատ­րաս­տուին այս խիստ կա­րե­ւոր «ռաուն­տ»ին, որ ըստ ե­րե­ւոյ­թին բա­ւա­կան ճա­կա­տագ­րա­կան պի­տի դառ­նայ ներ­կայ խորհր­դա­րա­նէն ներս ընդ­դի­մա­դիր փոք­րա­մաս­նու­թեան մը ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ե­ղող կու­սակ­ցութիւ­նե­րուն եւ կարգ մը պա­րագ­ա­նե­րու ան­դամ­նե­րուն:

Բա­ցի «Ժա­ռան­գու­թիւ­ն» կու­սակ­ցու­թե­նէն, կայ ան­հատ ե­րես­փո­խան Նի­կոլ Փա­շի­նեա­նի եւ Էտ­մոն Մա­րու­քեա­նի պա­րա­գան, ո­րոնք ար­դէն վճռած են ինք­նավս­տահ դա­շին­քով մը եր­թալ յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն: Օ­րի­նակ՝ Փա­շի­նեան (ան­ցեա­լին Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հին ա­մե­նավս­տա­հե­լի գոր­ծա­կից­նե­րէն մին) տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով ի­րենց կազ­մած դա­շին­քին մա­սին խօ­սե­լով (ո­րուն Էտ­մոն Մա­րու­քեա­նէն «Լու­սա­ւոր Հա­յաս­տա­ն» կու­սակ­ցու­թիւն բա­ցի, կ­­՚անդ­ա­մակ­ցի Ա­րամ Զ. Սարգ­սեան «Հան­րա­պե­տու­թիւ­ն» կու­սակ­ցու­թիւն) յայ­տա­րա­րած է, որ Հա­յաս­տա­նի այս վի­ճա­կէն դուրս գա­լու հա­մար կայ մէկ ելք եւ այդ մէ­կը, ի­րենց կազ­մած «ԵԼ­Ք» ընտ­րա­կան-քա­ղա­քա­կան դա­շինքն է:

Ընտ­րա­կան-քա­ղա­քա­կան պի­տի ը­սեմ, ո­րով­հե­տեւ շատ մը պա­րա­գա­նե­րու Հա­յաս­տա­նի մէջ այ­սօր ձե­ւա­ւո­րուող ընտ­րա­կան դա­շինք­նե­րը քա­ղա­քա­կան հա­սա­րա­կաց գի­ծե­րու եւ ըն­կա­լում­նե­րու վրայ ե­ղած դա­շինք­ներ չեն , այլ խո­րա­պէս ընտ­րա­կան ու քուէ հա­ւա­քե­լու՝ հե­տե­ւա­բար Ազ­գա­յին ժո­ղով մտնե­լու հա­մար ե­ղած դա­շինք­ներ:

Ու տա­կա­ւին յստակ ալ չէ, թէ յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք կազ­մուած նոր խորհր­դա­րա­նին մէջ, ինչ­պի­սի պատ­կե­րով պի­տի կազ­մուին յե­տընտ­րա­կան պլոք­նե­րը:

Ընդ­դի­մա­դիր դաշ­տին մէջ ըն­թա­ցող խմո­րում­նե­րու ա­ռանց­քին ա­մե­նէն  սպա­սուող նո­րու­թիւ­նը Գա­գիկ Ծա­ռու­կեա­նի պա­րա­գան կրնայ ըլ­լալ: Ոչ միայն իր նիւ­թա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, այլ նաեւ տար­բեր մօ­տե­ցու­նե­րով կող­մե­րը ի­րեն միաց­նե­լով ԲՀԿ­-ի կող­մէ կազ­մուե­լիք դա­շին­քը կը խոս­տա­նայ երկ­րորդ քա­ղա­քա­կան ուժ դառ­նալ խորհր­դա­րա­նին մէջ:

Փաստ է նաեւ, որ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան վեր­ջերս յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կա­տա­րե­լով ը­սած էր, թէ ինք շատ խան­դա­վառ չէ Գա­գիկ Ծա­ռու­կեա­նի քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէզ վե­րա­դար­ձով, բայց եւ այն­պէս ընտ­րա­կան բա­ւա­կան մեծ ցանց եւ դրա­մա­կան հսկայ կա­րո­ղու­թիւն­ներ ու­նե­ցող Ծա­ռու­կեան, վճռած է ա­մէն գնով քա­ղա­քա­կան բեմ վե­րա­դառ­նալ:

Այս­տեղ պէտք է ճիշդ դի­տար­կում­ներ ը­նե­լով նկա­տի առ­նել, որ Ծա­ռու­կեա­նի պա­րա­գա­յին հա­կա­ռակ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին հետ ա­ռե­րե­ւոյթ «մտեր­մու­թեա­ն», կայ մօ­տիկ ան­ցեա­լէն  փո­խան­ցուած «վէրք մը», որ կրնայ եւ սպիա­ցած չըլ­լալ:

Ծա­ռու­կեան ծանր վի­րա­ւո­րանք­նե­րու են­թար­կուած է Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հէն ու այդ պատ­կե­րին վրայ բա­ցա­ռուած չէ, որ մօ­տիկ ան­ցեա­լին Ռաֆ­ֆի Յով­հան­նի­սեա­նի եւ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեա­նի (ու ա­ւե­լի վաղ ՀՅԴ­-ին) ընդ­դի­մա­դիր «Քա­ռեա­կ» ու ա­պա ընդ­դի­մա­դիր «Ե­ռեա­կ» «ա­ռաջ­նոր­դա­ծ» Ծա­ռու­կեա­նը յայտ­նուի Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հէն «վրէժ լու­ծե­լու» պատ­րաստ դիր­քե­րու մէջ: Եւ այս, որ­պէս բո­լոր ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը իր մէջ պար­փա­կող եւ տար­բա­ղադ­րող ուժ:

Երբ Ծա­ռու­կեա­նի մա­սին խօսք կ՚եր­թայ, ա­պա պէտք չէ ան­տես առ­նել Հա­յաս­տա­նի երկ­րորդ նա­խա­գահ Ռո­պէրթ Քո­չա­րեա­նի պա­րա­գան: Հա­յաս­տա­նի մէջ այ­սօր քիչ չեն ա­նոնք, ո­րոնք հա­մոզուած են, որ Ծա­ռու­կեա­նի «քա­ղա­քա­կան միտ­ք­»ը եւ ներ­քին դաշ­տին մէջ (ե­րե­ւի շրջա­նի մը հա­մար) իր բո­լոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ե­տին կանգ­նած է «կար­տի­նա­լ­»ի դեր ստանձ­նած «կնքա­հայ­ր­»ը՝ Ռո­պէրթ Քո­չա­րեա­նը:

Նոյն այս «կար­տի­նա­լեան դա­ւադ­րու­թեա­ն» հո­տը պէտք է փնտռել նաեւ Հա­յաս­տա­նի նախ­կին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի  քայ­լե­րուն մէջ։ Ան վա­ղը կրնայ շատ ա­րագ «ցատ­ք» մը կա­տա­րե­լով միա­նալ ԲՀԿ­-ի հո­վա­նո­ցին տակ «ամ­փո­փուո­ղ» մեծ դա­շին­քին:

Բա­ւա­կան խճճուած ե­րե­ւոյթ մը ու­նի Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան պատ­կե­րը այ­սօր: Գլխա­ւոր խա­ղա­ցող­նե­րը եւ քա­ղա­քա­կան կամք թե­լադ­րող­նե­րը քիչ են: Այս ա­ռու­մով է նաեւ, որ կազ­մուող, խմո­րուող, ա­ճող եւ ներ­կա­յա­ցող բո­լոր ընտ­րա­կան դա­շինք­նե­րուն մէջ չէ բա­ցա­ռուած ի մտի ու­նե­նալ «դա­ւադ­րա­կա­ն» մօ­տե­ցում մը, կամ ալ  ան­հասկ­նա­-լի, բայց խոր­քին մէջ պարզ ու յստակ ե­րեւ­ցող «թա­տե­րա­կա­ն» մօ­տե­ցում­նե­րը:

Այ­սօ­րուան ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նին առ­ջեւ հնա­րա­ւոր չէ ա­ւե­լի «բա­ց» խօ­սիլ, բայց յա­ռա­ջի­կայ քա­նի մը շա­բաթ­նե­րուն երբ վերջ­ա­նայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն որ­պէս դա­շինք ներ­կա­յա­նա­լիք քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու ընդ­հա­նուր վի­ճա­կը, ա­պա ոե­ւէ մէ­կու հա­մար շատ ա­ւե­լի հեշտ պի­տի ըլ­լայ յստակ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու յան­գիլ:

Գա­լով Հա­յաս­տա­նի իշ­խող «Հանր­ա­պե­տա­կան» կու­սակ­ցու­թեան։ Պէտք է ը­սել, որ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցում­նե­րը կը յու­շեն, որ «Հան­րա­պե­տա­կա­ն­»ը իր «ոս­կեայ դա­րաշր­ջա­ն­»ին մէջ չէ: Խօս­քը ան­շուշտ կը վե­րա­բե­րի նախ­կին վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի կու­սակ­ցու­թիւ­նը լքե­լուն վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շու­մին ու ան­կէ ա­ռաջ ալ նախ­կին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նին, որ ոչ միայն լքեց ՀՀԿ-ն, այլ այ­սօր կը պատ­րաս­տուի ընդ­դի­մա­դիր ճա­կա­տի գլխա­ւոր դրօ­շա­կիր­նե­րէն մին դառ­նալ:

Այս ա­ռու­մով կա­րե­ւոր շեշ­տադ­րում­ներ կը կա­տա­րէր կու­սակ­ցու­թեան եւ երկ­րի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան:

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան օգ­տա­գոր­ծե­լով «ա­ռուա­կի օ­րի­նա­կը» կը վստա­հեց­նէր, որ ՀՀԿ­-էն հե­ռա­ցող ո­րե­ւէ տարր, որ­քան ալ ազ­դե­ցիկ դեր ու­նե­ցած ըլ­լայ, դա­տա­պար­տուած է մե­կու­սաց­ման, հե­տա­ւա­բար՝ «չո­րաց­մա­ն»: Ինչ խօսք, երբ այս պա­րա­գան կը վե­րա­բե­րի Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նին, որ ոչ միայն ՀՀԿ­-ի, այլ նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ «փնտռուա­ծ» գոր­ծիչ մը չէ:

Սերժ Սարգ­սեան իր ե­լոյ­թով կը փա­րա­տէր բո­լոր այն խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, ըստ ո­րոնց ՀՀԿ­-ը ու­նի ներ­քին լուրջ եւ «ան­լու­ծե­լի» տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ: Նաեւ յստակ է, որ վե­րոն­շեալ եր­կու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն կու­սակ­ցու­թե­նէն հե­ռա­նա­լէն ետք ալ ՀՀԿ­-էն բաժնուիլ ու­զող­ներ չե­ղան, կամ ինչ­պէս ըն­դու­նուած է ը­սել «առ­նէ­տա­վազ­ք» չե­ղաւ, հա­կա­ռակ Աբ­րա­հա­մեա­նի «խիստ փա­փա­ք­»ին, կու­սակ­ցու­թիւ­նը լքող­նե­րու յա­տուկ «աստ­ղա­խում­բ» մը ստեղ­ծե­լու վե­րա­բե­րեալ: Ան­շուշտ այդ մօ­տե­ցու­մը սոսկ փա­փաք մը ու­նե­նա­լու կը վե­րա­բե­րի, ո­րով­հե­տեւ ըստ Ե­րե­ւա­նի մէջ շրջա­նա­ռող խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, Աբ­րա­հա­մեան մեծ ցան­կու­թիւն ու­նի միա­նա­լու իր խնա­միին՝ Գա­գիկ Ծա­ռու­կեա­նին, որ ցարդ այդ ա­ռու­մով յայտ­նած է լուրջ եւ «հասկ­նա­լի» վե­րա­պա­հու­թիւն­ներ:

ՀՀԿ­-ի մա­սին խօ­սե­լով պէտք է ը­սել նաեւ, որ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին հա­մար կա­րե­ւոր հի­մունք մը դար­ձած է «մաք­րե­լ» կու­սակ­ցու­թիւ­նը «ա­ւե­լոր­դ» եւ «ոչ-մա­քուր» կարգ մը տար­րե­րէ, ո­րոնք սկսած են բեռ դառ­նալ այդ քա­ղա­քա­կան ու­ժի ու­սե­րուն: Այս մօ­տե­ցու­մը ա­ւե­լի յստակ կը դառ­նար Ար­ցա­խի ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեա­յէն ետք ու իր զէ­նի­թին կը հաս­նէր Նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի «Ներ­քին բա­րե­փոխ­մա­ն» մա­սին դի­տար­կում­նե­րով, ինչ որ կը պսա­կուէր Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի վար­չա­պետ նշա­նա­կու­մով: Յստակ է նաեւ, որ Կա­րա­պե­տեան վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նէն բա­ցի ու­նի կու­սակ­ցու­թեան մէջ «բա­րե­նո­րոգ­չա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն» մը, որ ա­ւե­լիով պի­տի յստա­կա­նայ Ապ­րի­լին կա­յա­նա­լիք ընտ­րու­թիւն­նե­րէն յե­տոյ միայն:

Ներ­կայ պա­հու դրու­թեամբ հին­գի հաս­նող քա­ղա­քա­կան ընդ­հա­նուր «խում­բե­ր», ո­րոնք կը պատ­րաս­տուին մաս­նակ­ցիլ յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն:

Հիմ­նա­կան ու­ժը կը շա­րու­նա­կէ մնալ «Հան­րա­պե­տա­կա­ն­»ը, որ­մէ ետք եւ ըստ ներ­կայ պա­հու տուեալ­նե­րուն՝ պի­տի «հա­սուն­նա­յ» ԲՀԿ­-ի ղե­կա­վա­րին ա­ռաջ­նոր­դե­լիք դա­շին­քը, ա­պա Նի­կոլ Փա­շի­նեա­նի եւ ա­նոր խմբա­կից­նե­րուն՝ «ԵԼ­Ք­»ը, Ար­թուր Պաղ­տա­սա­րեա­նի ղե­կա­վա­րած «Հայ­կա­կան Վե­րած­նուն­դ» կու­սակ­ցու­թիւ­նը (ան­ցեա­լին՝ «Օ­րի­նաց Եր­կիր»), Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեա­նի ա­ռաջ­նոր­դած «ՀԱ­Կ­»ը եւ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը (ՀՅԴ):

Բա­ցի «Հան­րա­պե­տա­կա­ն­»էն եւ «ԵԼ­Ք­»էն, այս ու­ժե­րը պատ­րաստ են յա­ւե­լեալ հնա­րա­ւոր գոր­ծակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ մէ­կը-միւ­սին հետ նոր դա­շինք­ներ ստեղ­ծե­լու:

Այս բո­լո­րին մէջ մին­չեւ այս պա­հը ա­ղօտ է կե­ցուած­քը ՀՅԴ­-ին, ո­րուն ղե­կա­վար մար­մի­նը տա­կա­ւին չէ վճռած ո՛ր կող­մին հետ դաշ­նակ­ցիլ ու եր­թալ ընտ­րու­թիւն­նե­րու: Չի բա­ցա­ռուիր, որ ՀՅԴ­-ը «Հան­րա­պե­տա­կա­ն­»ի հո­վա­նո­ցին տակ մտնէ։ Ան­շուշտ ե­թէ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կուին Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին հետ ա­նոր թեկ­նա­ծու­նե­րու թի­ւին մա­սին ըն­թա­ցող «թէ­ժ» քննար­կում­նե­րը:

Ըն­թա­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի ա­ւար­տին Փետ­րուա­րի կէ­սե­րուն ու ան­կէ ետք եր­կի­րը պի­տի մտնէ ընտ­րա­պայ­քա­րի աշ­խոյժ փուլ մը:

Ապ­րի­լին պի­տի կա­յա­նան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք պի­տի ստեղ­ծեն նոր ու­ժե­րու յա­րա­բե­րակ­ցու­թեամբ գոր­ծող խորհր­դա­րան մը եւ այս մէ­կը հիմ­նուե­լով երկ­րի նոր սահ­մա­նադ­րու­թեամբ, որ Հա­յաս­տա­նը պի­տի բարձ­րաց­նէ նոր մա­կար­դա­կի մը, որն է խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գը:

Տա­կա­ւին կ՚անդ­րա­դառ­նանք:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ե­րե­ւան

 

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2017