ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ԵՐԷԿ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կի 51-րդ տա­րե­դար­ձը շա­բա­թա­վեր­ջին պատ­շաճ մթնո­լոր­տի մը մէջ նշուե­ցաւ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։ Ե­րէկ, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կի­րակ­նօ­րեայ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, որ տուաւ նաեւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Հմա­յեակ Սրկ. Քո­չու­մեան, Սեդ­րակ Սրկ. Տա­վութ­հան, Սա­յաթ Սրկ. Չը­նա­րեան, Ար­մե­նակ Սրկ. Գա­զան­ճեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն կա­տա­րուե­ցան Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի։

Օ­րուան քա­րո­զին մէջ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան կանգ ա­ռաւ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի խոր­հուր­դին վրայ եւ ի շա­րու­նա­կու­թիւն մեկ­նա­բա­նեց Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Հայր Սուր­բը մատ­նան­շեց, որ կեան­քի մէջ ա­մէն ինչ ընդ­հան­րա­պէս ու­սու­ցող է, սա­կայն կրթա­կան մշակ ըլ­լա­լը ու­նի բո­լո­րո­վին տար­բեր ի­մաստ մը ու կ՚են­թադ­րէ բո­լո­րո­վին տար­բեր ա­ռա­քե­լու­թիւն մը։ Մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կրթա­կան մշա­կի կո­չու­մը կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ նաեւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Ուս­տի, Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան բարձր գնա­հա­տան­քով անդ­րա­դար­ձաւ Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին՝ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման գոր­ծին հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ հե­տա­մուտ ըլ­լա­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի Հայր Սուր­բին գլխա­ւո­րու­թեամբ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կա­տա­րուե­ցաւ եւ այս առ­թիւ բիւր յար­գան­քով ու ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ո­գե­կո­չուե­ցան Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կի հիմ­նա­դիր­նե­րը, բո­լոր սա­տա­րող­ներն ու բա­րե­րար­նե­րը, ան­ցեա­լի վար­չա­յին­նե­րը, պաշ­տօ­նեա­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մեր բո­լոր ան­դարձ բաժ­նուած կրթա­կան մշակ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց կեան­քը ներդ­րած էին սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան հա­մար։

Ե­րէ­կուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Սար­գիս Քիւ­լէ­կէչ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Ու­սուց­չաց միու­թեան վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, մեր վար­ժա­րան­նե­րէն տնօ­րէն­ներ, կրթա­կան մշակ­ներ, ինչ­պէս նաեւ Կա­թո­ղի­կէ հո­գե­ւո­րա­կան Հայր Նի­քո­լաուս Վիր­վուլ, Շիշ­լիի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւլ եւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի խոր­հուր­դէն Վազ­գէն Պա­րըն։

 

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2017