ՀԻՆԳԴԱՐԵԱՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ Թեհրանի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւնները կը հանդիսանան տարածքաշրջանային անվտանգութեան կարեւոր գործօն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Թեհրանի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մասնակիցներուն յղած պատգամին մէջ Ճեւատ Զարիֆ մատնանշեց կողմերու համագործակցութեան աւելի քան հինգդարեայ պատմութիւնը։ Ըստ իրեն, Ռուսաստան-Իրան յարաբերութիւններու զարգացումը կը համապատասխանէ ոչ միայն երկու ժողովուրդներու շահերուն, այլեւ կը ծառայէ որպէս տարածքաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան կարեւոր գործօն՝ Կեդրոնական Ասիոյ, Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի զարգացման ուղղութեամբ։ «Անցեալ երեք տասնամեակներուն ընթացքին մեր յարաբերութիւնները յառաջընթաց արձանագրած են, անոնք մասնաւորապէս աշխոյժ զարգացած են վերջին քանի մը տարիներուն», յայտնեց Զարիֆ։ Իր պատգամին մէջ նախարարը դիտել տուաւ նաեւ, որ Իրան եւ Ռուսաստան հանգուցային դեր կը կատարեն համաշխարհային քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ։ Կողմերը կրնան հպարտանալ այն տասնեակ ականաւոր դէմքերով, որոնք ծանրակշիռ աւանդ մը ներդրած են համաշխարհային մշակոյթի բնագաւառին մէջ։
«Աշխարհի վրայ շատ քիչ են այն երկիրները, որոնց յարաբերութիւններու պատմութիւնը անցած է հինգդարեայ սահմանագիծը եւ այդպիսի երկիրներու շարքին կը դասուին Իրան եւ Ռուսաստան», նշած է Ճեւատ Զարիֆ։