ՋԵՐՄ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան հարթակի ներկայացուցիչները երէկ Իսթանպուլի մէջ հանդիպում մը ունեցան ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտներու հետ։ Այսպէս, անոնք հիւրընկալուեցան Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ճոն Պեսսի եւ Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Ճենիֆըր Տէյվիսի կողմէ։ Ջերմ տեսակցութիւն տեղի ունեցաւ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոսի նստավայրին մէջ։
Ճոն Պեսսի եւ Ճենիֆըր Տէյվիսի զրուցակիցներու շարքին էր նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան։ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան հարթակի անդամներու շարքին կը գտնուին իրաւաբան Քեզպան Հաթեմի, գործարար Լէյլա Ալաթոն, լրագրող-հրապարակագիր Մուրատ Եթքին, Թուրքիոյ հրեայ համայնքի նախագահ Իսաք Իպրահիմզատէհ, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս եւ այլք։