ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԼՈՒԾՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն պատրաստակամութիւն յայտնեց աշխատելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն ներս Թիլըրսըն ըսաւ. «Եթէ ստանձնեմ պետական քարտուղարի պաշտօնը, պիտի աշխատիմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն հետ՝ խաղաղ, երկարատեւ լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ, ինչ որ թոյլ պիտի տայ տարածքաշրջանէն ներս հաստատել կայունութիւն եւ բարգաւաճում։ Այս գործընթացէն ներս առաջին քայլը պէտք է ըլլայ վստահութեան հաստատումը։ Այդ մէկը պիտի երաշխաւորէ, որպէսզի կողմերու միջեւ հաստատուած համաձայնութիւնները յարգուին», ըսաւ Թիլըրսըն։
Ծերակուտական Էտ Մարքէյի հարցման պատասխանելով՝ Թիլըրսըն անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակման հարցին։ Այդ շրջափակման դադրեցման առընչութեամբ Թիլըրսըն ըսաւ. «Կողմերու հետ իմ քննարկումներուն ժամանակ ես պիտի աջակցիմ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական, տնտեսական եւ քաղաքացիական հասարակութիւններու յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Տարածքաշրջանէ ներս ԱՄՆ-ի առաջնորդութիւնը եւ յանձնառութիւնը պիտի նպաստեն անհրաժեշտ վստահութեան հաստատման՝ յանուն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման»։
Թիլըրսըն աւելցուց, որ ԱՄՆ-ի շահերէն կը բխի Հայաստանի հետ առեւտրային յարաբերութիւններու զարգացումը։
Ծերակոյտէն ներս ունեցած ելոյթին ընթացքին Ռեքս Թիլըրսըն յայտնեց նաեւ, որ պիտի երաշխաւորէ կրօնական փոքրամասնութիւններու եւ անոնց սեփականութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ ներառեալ Թուրքիոյ հայ համայնքը։
ԹՐԱՄՓԷՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, Ամերիկեան The Washington Times պարբերականը հրապարակած է յօդուած մը, ուր անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին՝ գրած է, որ Տանըլտ Թրամփ «պատմական հնարաւորութիւն ունի արդարացիօրէն վաստկելու հեղինակաւոր Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակը», եթէ ան յաջողի հաշտեցնել Հայաստանն ու Ատրպէյճանը:
«Տանըլտ Թրամփ պատմական հնարաւորութիւն ունի Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակ ստանալու, եթէ գործարքներ կնքելու իր հմտութիւնները կիրառէ աշխարհի ամենաբարդ հակամարտութիւններէն մէկուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման համար», գրած է յօդուածի հեղինակ Ռոպ Սոպհանին:
Հրապարակման համաձայն՝ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը Տանըլտ Թրամփի եւ անոր ազգային անվտանգութեան հարցերով անձնակազմին համար կարեւոր է նաեւ անով, որ անիկա ցոյց կու տայ՝ արդեօք Վլատիմիր Փութին կ՚ուզէ՞ դառնալ Միացեալ Նահանգներու գործընկերը համաշխարհային մակարդակի վրայ հակամարտութիւններ լուծելու հարցով, թէ ան կը նախընտրէ՞ վարպետօրէն իրեն վերապահել թէժ կէտերը՝ յանուն Մոսկուայի ռազմավարական շահերուն:
«Ուաշինկթըն, ցաւօք, չափազանց զբաղած էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, որպէսզի կարենար ստանձնել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու հարցով առաջնորդի դերը: Թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ Ատրպէյճան արժանի են տեւական խաղաղութեան: Թրամփ կրնայ խաղաղութիւն ապահովել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներու միջեւ՝ գտնելով այնպիսի լուծում, որ արդար պիտի ըլլայ երկու կողմերուն համար ալ: Թրամփի յաջողութիւնը ազդակ պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհի համար, որ Միացեալ Նահանգներ կրկին համաշխարհային կայունութեան հաստատման գործին ծառայէ», գրուած է յօդուածին մէջ: