ՇԻՇԼԻԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՈՒՐԱԽ Է ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԿԱԶՄԻ ԱՆԽԱՓԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՎ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի պաս­քեթ­պո­լի կազ­մը այս ե­ղա­նա­կին կ՚ար­ձա­նագ­րէ փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ Շիշ­լի­ցի­նե­րը ի­րե­րա­յա­ջորդ ե­րեք յաղ­թա­նակ ա­պա­հո­ված են եւ ա­ռանց պար­տու­թեան կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց ճա­նա­պար­հը։

Վո­լէյ­պո­լի դա­սըն­թացք­նե­րու մաս­նա­կից­ներն ալ ստա­ցան ի­րենց ա­ռա­ջին շրջա­նի վկա­յա­կան­նե­րը։ Մար­զիչ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս գոհ են դա­սըն­թա­ցքի մաս­նա­կից­նե­րու աշ­խա­տան­քէն։

Միւս կող­մէ, ա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը պաս­քեթ­պո­լի սկսնակ­նե­րու կազ­մի մար­զիկ­նե­րուն եւ ըն­կեր­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պեց նա­խա­ճաշ մը։ Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ա­լէն Թեք­պը­չաք եւ իր ըն­կեր­նե­րը այս առ­թիւ ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տե­ցին սկսնակ մար­զիկ­նե­րը եւ խրա­խու­սա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ու­նե­ցան՝ որ­պէս­զի ա­նոնք ա­պա­գա­յին տե­ւա­կա­նաց­նեն Շիշ­լիի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը։

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2017