«Կամրջող պատմութիւններ»
National Geographic-ի եւ Time ամսագիրներու աշխատակից, World Press Photo եւ Ռոպերթ Կապայի անուան հեղինակաւոր մրցանակներու արժանացած յայտնի լուսանկարիչ՝ Ճոն Շթէյնմայէր, անցեալ տարի Հայաստան այցելած է քանի մը առիթներով: Ան անցեալ տարուան Մարտին Կիւմրի քաղաքին մէջ աշխատանոց մը վարած է զանազան երկիրներէ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Իտալիայէն, Փորթուգալէն, Լեհաստանէն եւ այլ երկիրներէն ընտրուած խումբ մը երիտասարդներու համար, որոնք հետաքրքրուած էին լուսանկարչութեամբ:
Աշխատանոցէն ետք, լուսանկարիչը հանդիպում մը ունեցած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) երեւանեան կեդրոնին մէջ, իսկ Օգոստոսին, Դիլիջանի մէջ ան ձեռնարկած է վարպետութեան դասընթացքի մը Թուքիայէն եւ Հայաստանէն ընտրուած քսանչորս լուսանկարիչներու (տասներկու Թուրքիայէն, տասներկու Հայաստանէն) համար:
Վարպետութեան դասընթացքին նպատակը երկու երկիրներէն լուսանկարներու միջոցաւ պատմութիւններ ընտրելն ու զանոնք ցուցադրելն էր, այդ ձեւով նպաստելով թէ՛ լուսանկարչութեան արուեստի զարգացման եւ թէ երկու երկիրներու հասարակական հար-թակներուն միջեւ երկխօսութեան զարգացման: Դիլիջանի մէջ լուսանկարիչները սորված եւ կիրառած են լուսանկարչութեան միջոցաւ պատմութիւններ ներկայացնելու միջոցները եւ քննարկած են փոխըմբռնման կամուրջներ կառուցելու հնարաւորութիւնները:
Ահաւասիկ, օրեր առաջ Երեւանի Բիւզանդի 1/3 հասցէին վրայ գտնուող Նորարար փորձարարական արուեստի կեդրոնին (ՆՓԱԿ) մէջ բացումը կատարուեցաւ «Կամրջող պատմութիւններ» (Bridging Stories) խորագրեալ լուսանկարչական ցուցահանդէսին, ուր ցուցադրուած են Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն քսանչորս լուսանկարիչներու եօթանասուներկու լուսանկարներ. ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ Փետրուարի 7-ը:
Ցուցահանդէսին ներկայ էին Թուրքիայէն ծրագրի տասներկու մասնակիցներէն տասը, որոնք ձեռնարկէն քանի մը օր ետք մեկնեցան:
Ծրագիրը հովանաւորած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, որ պարբերաբար կը կազմակերպէ եւ կը հովանաւորէ հայ-թրքական մշակութային երկխօսութեան ձեռնարկներ: Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն ներկայ լուսանկարիչները իրենց լուսանկարներուն մէջ փորձած են ներկայացնել երկու երկիրներէն նմանութիւններ թէ՛ շրջակայ միջավայրէն եւ թէ մարդոց կեանքէն եւ կենցաղէն: Այդ լուսանկարները անոնք զետեղած են նաեւ Ինսթակրամի մէջ, որպէսզի այդ ձեւով ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւէ այս ցուցադրութիւնը:
Ինչպէս ցուցահանդէսի բացումին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլս նշած է, նման ցուցահանդէս մը կարեւոր է, որովհետեւ ցոյց կու տայ, թէ որքան ընդհանրութիւններ կան հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ: Դեսպանը ըսած է նաեւ, որ այս ընդհանրական ընկալումը եւ ըմբռնումը կրնայյ հաշտեցման: Ամերիկացի լուսանկարիչ Ճոն Շթէյնմայէրն ալ իր կարգին ըսած է, թէ կամուրջներ ձեւաւորելը այլեւս հնարաւոր է: Թուրքիայէն լուսանկարչուհի Սերրա Աքճան կարծիք յայտնած է, թէ ծրագրին մէջ ընդգրկուած մասնակիցները կը փորձեն լրացնել այն բացը, որ կայ երկու երկիրներուն միջեւ:
ԺԱՄԱՆԱԿ այցելեց ՆՓԱԿ, ուր ցուցահանդէսի մասին մեզի տեղեկութիւններ հաղորդեց «Կամրջող պատմութիւններ» ցուցահանդէսի հայաստանեան կողմի կազմակերպիչներէն՝ Սոֆիա Մանուկեան:
-Արդէն քանի մը օր անցած է ցուցահանդէսէն, ի՞նչ կրնա՞ք ըսել ընդունելութեան մասին, ինչպէ՞ս ընդունեցաւ:
-Լաւ էր ընդունելութիւնը, բայց կային մարդիկ, որոնք ըսին, թէ լաւ կ՚ըլլար, եթէ նոյն ցուցահանդէսը Թուրքիոյ մէջ եւս տեղի ունենար, քանի որ խորագիրը կամուրջ կառուցելու մասին է, իսկ միակողմանի կամուրջ չի կառուցուիր:
Ըսեմ, որ ի սկզբանէ կար Թուրքիոյ մէջ նոյն ցուցահանդէսը Յունուար 28-ին բանալու մտադրութիւնը, բայց երկրի վերջին դէպքերը մտահոգութիւն յառաջացուցին կազմակերպիչին՝ Հայաստանի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան մօտ եւ մեկնելով անվտանգութենէն, անոնք չեղեալ համարեցին Իսթանպուլի մէջ ցուցահանդէսի բացումը: Սկիզբէն գաղափարը այն եղած էր, որ ցուցահանդէսին ժամանակ երեք յաղթող հեղինակ Հայաստանէն Թուրքիոյ ցուցահանդէսին ներկայ ըլլային, նոյնպէս երեք ալ՝ Թուրքիայէն Հայաստանի ցուցահանդէսին ներկայ ըլլային, բայց քանի որ այդ մէկը չեղաւ, մենք կրցանք Թուրքիայէն աւելի շատ մասնակից բերել Հայաստան։ Տասներկու հեղինակներէն տասը կրցաւ ներկայ գտնուիլ ցուցահանդէսին, երկուքն ալ զուտ անձնական՝ դասերու պատճառով չկրցան գալ: Ներկաներէն քանի մը հոգին ալ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի տրամադրած ճանապարհածախսին միջոցաւ ժամանեցին:
-Բացի Ճոն Շթէյնմայէրէն, որո՞ւն միտքն էր նման ցուցահանդէսի մը կազմակերպումը:
-Միտքը Հայաստանի «4Plus» կին լուսանկարիչներու սթիւտիոյի ղեկավար՝ Անուշ Պապաճեանինն ու ամերիկացի ծանօթ լուսանկարիչ՝ Ճոն Շթէյնմայէրինն էին։ Անոնք երբ իրենց գաղափարը յայտնեցին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան, վերջինս թէ՛ ողջունեց եւ թէ հովանաւորեց ամբողջ ծրագիրը, որ նաեւ նախապէս նման ծրագրեր իրանակացուցած էր երկու երկիրներու, ինչպէս նաեւ այլ՝ բախում ունեցող կողմերու միջեւ: Քանի որ Ճոնը շատ կու գայ եւ կ՚երթայ Հայաստան, ան Օգոստոսին ճամբար-աշխատանոց մը կազմակերպեց Դիլիջանի մէջ, Թուրքիայէն ու Հայաստանէն մասնակիցները ընտրուեցան, եկան, մէկ շաբաթով մասնակցեցան աշխատանոցին: Անոնք լուսանկարիչներ կամ լուսանկարչութեամբ հետաքրքրքուած 18-24 տարեկան երիտասարդներ էին:
Ճոնը անոնց տուաւ վարպետութեան դասընթացքներ, որոնցմէ ետք անոնք պատմութիւններ պիտի կերտէին, մտածէին այդ պատմութիւններուն շուրջ եւ երբ դառնային իրենց քաղաքներն ու գիւղերը՝ յաջորդ չորս ամիսներու ընթացքին պէտք է լուսանկարէին այդ պատմութիւնները: Եւ արդէն վերջին հանգրուանը Յունուարի ցուցահանդէսն էր:
-Պատմութիւններու նիւթերը ինչպէ՞ս ընտրած են, որ երբեմն նաեւ անոնք համընկած են:
-Մասնակիցները իրարու հետ պիտի ընտրէին, որոշէին, համագործակցէին եւ նոյն նիւթին շուրջ նկարէին կամ ալ սեփական պատմութիւններ պէտք է ստեղծէին: Բայց համատեղ աշխատելէ աւելի անոնք նախընտրեցին ամէն մէկը իր թեման ստեղծել։ Հակառակ անոր, որ միասին չէին աշխատած, բայց երկու երկիրներէ ներս կատարուած լուսանկարներուն մէջ կային նմանատիպ նիւթեր։ Օրինակ՝ ընկերային իրավիճակին շուրջ, դուրսը՝ վաճառականներու կեանքէն, որոնք ընտանիքին օգնելու համար ինչերու կը դիմեն եւ այլն:
-Հնարաւո՞ր կայ, որ յետոյ ցուցահանդէսը Թուրքիոյ մէջ ալ տեղի ունենայ:
-Հնարաւոր է յառաջիկային ըլլայ, բայց տարբերակներէն մին այն է, որ լուսանկարներու գիրք պատրաստուի եւ աւելի շատ մարդ տեսնէ լուսանկարները: Մասնակիցները նաեւ կը մտածեն, թէ ինչպէ՞ս շարունակեն ծրագիրը, թերեւս մասնակիցներէն քանի մը հոգի գան եւ փորձի փոխանակում ընեն, միասին պատմութիւններ կերտեն, թերեւս միասին աշխատիլը պայման դառնայ եւ երկու երկիրներու մէջ կերտեն նոյն նիւթով լուսանկարներ:
Օրինակ, սուրիահայերուն առընչուող նիւթ մը կար, մէկը նկարած էր սուրիահայերը, կարելի էր շարունակել նիւթը եւ Թուրքիոյ մէջ ալ սուրիահայեր նկարել: Համատեղ աշխատելու, մտածելու բազմաթիւ նիւթեր կան:
-Մասնակիցները արհեստավա՞րժ լուսանկարիչներ էին:
-Ոչ բոլորը: Երկու կողմէն ալ կային, որ լուսանկարչութիւնը իրենց համար ապագայի գործ էր, որով արդէն կը զբաղին կամ պիտի զբաղին, բայց կային նաեւ զանազան մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ. ինչպէս՝ քաղաքագէտներ, տնտեսագէտներ, արտադրական ձեւաւորման մասնագէտներ, որոնք պարզապէս կը սիրեն լուսանկարել: Մեծ մասը ուսանողներ էին: Բոլորն ալ կապած էր մէկ բան՝ լրագրական լուսանկարչութիւնը: Կային մարդիկ կային, որոնք թէեւ լուսանկարիչներ չէին, բայց իրենց աշխատանքը կապ ունէր լուսանկարչութեան կամ տեսողական արուեստին հետ:
-Իրենք՝ մասնակիցները կը խօսէի՞ն երկու երկիրներու միջեւ հասարակական երկխօսութեան անհրաժեշտութեան մասին:
-Աւելի շատ անոնք անձնական զրոյցներու ժամանակ կ՚արտայայտուէին եւ աւելի շատ ոչ թէ հայկական հարցերը կամ հայ-թրքական հարցերը զիրենք կը մտահոգէին, այլ նոյն Թուրքիոյ մէջ առկայ հարցերը, կային քիւրտեր, ալեւիներ, որոնք փոքրամասնութիւններու հարցերով մտահոգ էին: Բայց նման քննարկումները օրակարգի նիւթ չէին, քանի որ Ճոնն ալ նման քննարկումներու նպատակներ չունէր, անոր նպատակը եղած է նկարին որակը եւ այդ որակեալ նկարը հանրութեան ներկայացնելը: Բայց ըսեմ նաեւ, որ Թուրքիայէն եկածները, վերջին օրը ցանկութիւն յայտնեցին Ծիծեռնակաբերդ երթալու. մենք չէինք ծրագրած, իրենք այդ մէկը որոշեցին:
-Հայկական կողմէն «4Plus» սթիւտիոն ցուցահանդէսի համադրողներէն մէկն էր: Ինչպէ՞ս կայացաւ համագործակցութիւնը միւս համադրողին՝ թրքական «Nar Photos»ին հետ:
-«4Plus»ի եւ «Nar Photos»ի ղեկավարները՝ Անուշ Պապաճանեանն ու Սերրա Աքճանը զիրար կը ճանչնային, անոնք մօտ տասը տարի առաջ համագործակցած են «ՄեհրաԲարեւ» անունով ծրագիրի մը շուրջ եւ այդ փորձէն մեկնելով ալ կայացաւ այս համագործակցութիւնը:
ՃՈՆ ՇԹԷՅՆՄԱՅԷՐ ԿԸ ԳԼԽԱՒՈՐԷ «ԱՒՐՈՐԱ» ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը միջազգային լուսանկարչական մրցոյթ յայտարարած է:
Լուսանկարները պէտք է արտայայտեն նկարողին պատկերացումները՝ մարդկային կեանքի արժեւորման, յոյսի, անձնուիրութեան եւ աւելի լաւ ապագայ ունենալու գաղափարներուն մասին: Լուսանկարները կ՚ընդունուին առանց ժանրային սահմանափակման:
Մրցոյթին մասնակցելու հիմնական պայմաններն են.
Տարիք՝ մինչեւ 40,
Վերջնաժամկէտ՝ 20 Մարտ, 2017,
Լուսանկարները պէտք է նկարուած ըլլան 1 Յունուար 2016-էն ետք:
Մասնագիտական դատակազմի ընտրութեամբ յաղթող լուսանկա-րի հեղինակին «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը պիտի շնորհէ 2500 ամերիկեան տոլարի պարգեւ, երկրորդ եւ երրորդ տեղերը զբաղեցուցած լուսանկարներու հեղինակներուն՝ 1500 եւ 1000 ամերիկեան տոլարի պարգեւ: Լաւագոյն հինգ լուսանկարներու հեղինակները կը ստանան բացառիկ հնարաւորութիւն՝ ներկայ գտնուելու 2017 թուականի «Աւրորա» մրցանակի յանձնման արարողութեան, Երեւանի մէջ:
Մրցումի յայտարարութեան մէջ գրուած է. «Միացէք համաշխարհային մարդասիրական շարժման, ներդնելով ձեր տաղանդն ու երեւակայութիւնը լուսանկարներուն մէջ, որոնք կ՚արտացոլացնեն «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակի ընտրութեան չափանիշները՝ խիզախութիւն, նուիրուածութիւն եւ ազդեցութիւն»:
Յանձնախումբը կը գլխաւորէ National Geographic-ի եւ Time ամսագիրներու աշխատակից, World Press Photo եւ Ռոպերթ Կապայի անուան հեղինակաւոր մրցանակներու արժանացած յայտնի լուսանկարիչ՝ Ճոն Շթէյնմայէր, յանձնախումբի անդամներն են. «4Plus» վաւերագրական լուսանկարչական կեդրոնի հիմնադիր, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան ծրագիրներու նախաձեռնող՝ Անուշ Պապաճանեան, ծանօթ լուսանկարիչ՝ Զաւէն Խաչիկեան, արուեստի տեսաբան եւ համադրող՝ Վիգէն Գալստեան, երաժշտահան եւ «Աւրորա» մրցանակի գեղարուեստական խորհուրդի անդամ՝ Մարինէ Ալես եւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ղեկավար՝ Արման Ջիլաւեան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ